- Նահանգապետը կ'ըսէ որ չ'ենթարկուիլը կ'աւելցնէ դէպքերու թիւերը Նիու Սաութ Ուելսի մէջ
- Վիքթորիացիներ աւելի մեծ թիւով կը պատուաստուին
- Քուինզլանտի նոր դէպքերը մեկուսացումի մէջ էին երբ վարակիչ էին
- Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը, ՔՈՎԻՏ-19-ի դէմ, Մոտերնա պատուաստի գործածութեան պայմանական հաւանութիւն տուաւ
Նիու Սաութ Ուելս
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 356 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր, որոնց մէկ երրորդը համայնքին մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ: Երեք տարեց անձեր, որոնք պատուաստուած չէին, մահացան ներկայ ՔՈՎԻՏ-19 բռնկումի հետ կապուած մահերու թիւը հասցնելով 32-ի:
Byron Shire, Richmond Valley, Lismore և Ballina Shire Տեղական Կառավարական Շրջաններ այժմ արգելափակումի մէջ են մինչեւ Երեքշաբթի 17 Օգոստոս առտուայ ժամը 12.01:
Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիքլեան կ'ըսէ որ հանրային առողջապահութեան հրահանգներուն չհնազանդիլը գլխաւոր պատճառը կը մնայ որ ժահրը կը տարածուի և քաջալերեց բոլորը որ պատուաստուին:
Վիքթորիա
Վիքթորիա արձանագրեց 20 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր որոնք կապուած են յայտնի բռնկումներու հետ, ասոնցմէ միայն հինգը մեկուսացումի մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:
Առողջապահութեան նախարար Մարթին Ֆոլի կ'ըսէ որ 333,000 պատուաստի ժամադրութիւններ առնուած են գալ ամսուայ համար:
Մելպըրնի բնակիչներ որոնք քաղաքէն դուրս շրջաններ կը ճամբորդեն, կրնան մինչեւ 5000 տոլարի տուգանք ստանալ մինչ 200 ոստիկաններ կը հսկեն ճամբաները նահանգի տարածքին:
Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին
- Քուինզլանտ արձանագրեց երեք նոր տեղական փոխանցումի դէպքեր: Այստեղ գտէք Հարաւ Արեւելեան Քուինզլանտի սահմանափակումները:
- Կառավարութիւնը ապահովեց Մոտերնա ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի 25 միլիոն դեղաչափեր, որոնց 10 միլիոնը կը նախատեսուի որ Աւստրալիա փոխադրուի մինչեւ տարեվերջ:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. NSW, Victoria, Queensland, Western Australia, South Australia, Northern Territory, ACT, Tasmania.
- Տեղեկութիւն ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի մասին ձեր լեզուով:
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար: