Ծանօթացէ՛ք SBS World Movies–ին՝ թիւ 32 կայանին Ի՞նչպէս շարունակել դիտել SBS VICELAND–ը 17 Յունիս 2019–էն սկսեալ

SBS Viceland HD logo

SBS VICELAND is available in HD on free-to-air channel 31. Source: SBS

Երկուշաբթի 17 Յունիս 2019-էն սկսեալ դիտողներ որոնք ներկայիս SBS VICELAND–ը կը դիտեն թիւ 32 կայանէն, պէտք է անցնին 31րդ կայան որպէսզի շարունակեն դիտել կայանը:

 

Այս փոփոխութիւնը կը կատարուի՝ 32րդ կայանին վրայ of SBS World Movies-ի մեկնարկին պատրաստուելու համար: 1 Յուլիս 2019-էն, SBS World Movies-ը հասանելի պիտի ըլլայ բոլոր Աւստրալիացիներուն՝ անվճար, եւ  HD-ով:

 

Ի՞նչ է SBS World Movies

SBS World Movies-ը, 1 Յուլիս 2019-էն սկսեալ իրականացուելիք՝ 24 ժամեայ հեռատեսիլի կայան մըն է: SBS World Movies-ը պիտի ներկայացնէ աշխարհի շարժապատկերներուն լաւագոյնը, զօրացնելով՝ այլազան միջազգային շարժանկարները Աւստրալիական հանդիսատեսներուն բերելու SBS-ի 25-ամեայ ժառանգութիւնը:  Կայանը պիտի ներկայացնէ ամէն ինչ, Եւրոպական արուեստի տուներու շարժապատկերներէն մինչեւ Պօլիվուտեան շարժապատկեր, սիրային կատակերգութիւններէն մինչեւ կենդանապատկեր, եւ շատ աւելին: SBS World Movies-ը պիտի դառնայ տուն՝ նախասիրուած մրցանակակիրներու եւ սիրուած նոր թողարկումներու՝ որոնց խորագիրներուն շուրջ կէսը Անգլերէնէ բացի այլ լեզուներով կը ցուցադրուին:

 

Ի՞նչ կը պատահի SBS VICELAND թիւ 32 կայանին

SBS VICELAND-ը նախապէս հասանելի էր երկու կայաններէն՝ թիւ  32, Նախնական Սահմանման (Standard Definition) (SD) եւ  թիւ 31, Բարձր Սահմանման (High Definition) (HD): Երկուշաբթի 17 Յունիս 2019-էն սկսեալ, SBS VICELAND-ը այլեւս պիտի չի հեռարձակէ թիւ 32 կայանէն, բայց պիտի շարունակէ  մատչելի ըլլալ թիւ 31  կայանէն: Անոնք որ կը դիտեն SBS VICELAND-ը թիւ 32 կայանէն, պէտք է անցնին թիւ 31 կայան որպէսզի կարենան շարունակել դիտել, կամ շարունակեն դիտել  SBS VICELAND-ի ծրագիրը SBS On Demand-ի վրայ:.  

 

1 Յուլիս 2019-էն սկսեալ թիւ 32 կայանը (նախապէս SBS VICELAND SD) պիտի դառնայ՝ SBS World Movies.

 

SBS-ը պիտի դադրեցնէ՞ որեւէ կայաններ կամ սպասարկութիւններ

SBS-ը չի դադրեցներ որեւէ սպասարկութիւններ կամ կայաններ –SBS World Movies-ի թիւ 32 կայանէն անվճար հեռարձակումի մեկնարկման միջոցով, մենք Աւստրալիացիներուն աւելի շատ ընտրութիւն կը բերենք, շարունակելով հանդերձ մեր ներկայիս մատուցած սպասարկութիւնները:

 

Ի՞նչպէս կարող եմ դիտել SBS VICELAND

SBS VICELAND-ը պիտի շարունակէ հեռարձակել թիւ 31 կայանէն  սովորականին պէս, եւ ծրագրաւորումը եւս նոյնպէս պիտի շարունակէ հասանելի ըլլալ SBS On Demand-ի վրայ:.

 

Թիւ 31-ը HD կայան մըն է, եւ կրնայ ըլլալ որ կարգ մը հեռուստադիտողներ պէտք ունենան  իրենց հեռատեսիլները ներդաշնակելու, որպէսզի կարենան դիտել: Եթէ ձեր հեռատեսիլը HD MPEG-4 համատեղելի չէ, դուք դեռ կարող էք դիտել SBS VICELAND-ի ծրագիրը  SBS On Demand-ի վրայ:.

 

Ի՞նչպէս կարող եմ դիտել SBS World Movies

Եթէ պէտք ունենաք հեռատեսիլը ներդաշնակելու, հետեւեալները հիմնական հրահանգներ են, եւ կապուած չեն որեւէ յատուկ մոտելի կամ ապրանքանիշի:. Ցուցակի նկարագրութիւնները կամ պիտակները կրնան տարբերիլ ձեր սարքին համեմատ:

 

1. Սեղմէ “menu” կամ “home” կոճակը տեսնելու համար սարքի կառավարման վահանակը:

2. Գտիր “digital auto tuning” կամ “digital channel search” տարբերակները:

3. Ընտրէ “start” կամ “search”:  Ներդաշնակումը ընդհամէնը մի քանի վայրկեան պիտի տեւէ:

 

Եթէ կը կասկածիք, դիմեցէք ձեր հեռատեսիլի բացատրողական գրքոյկին՝ ինչպէս ներդաշնակելու համար, կամ ձեր հեռատեսիլը արտադրողին:

 

Եթէ յաւելեալ օգնութեան կարիքը ունիք, կարող էք նաեւ հեռաձայնել SBS, 1800 500 727 թիւին, գործի ժամերուն:


Share
3 min read

Published

Updated


Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand
Ծանօթացէ՛ք SBS World Movies–ին՝ թիւ 32 կայանին Ի՞նչպէս շարունակել դիտել SBS VICELAND–ը 17 Յունիս 2019–էն սկսեալ | SBS Armenian