SKIP TO MAIN CONTENT

Ամէն ինչ որ պէտք է գիտնաք ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի և խթանիչ սրսկումներու վերաբերեալ

Մինչ ՔՈՎԻՏ-19-ի տարածման դէմ Աւստրալիոյ պատասխանը կը շարունակուի Օմիքրոն տարբերակի յայտնուելու հետ միատեղ, ուժգնութեամբ կը շարունակուի նաեւ խթանիչ սրսկումներու ծանուցումի արշաւը: Ահաւասիկ թէ ինչ պէտք է գիտնաք:

The Coordinator General of Operation COVID Shield Lieutenant General John Frewen receives his COVID-19 vaccination booster dose at Erindale Pharmacy in Canberra, Tuesday, December 14, 2021. (AAP Image/Lukas Coch) NO ARCHIVING
The Coordinator General of Operation COVID Shield Lieutenant General John Frewen receives his COVID-19 vaccination booster dose in Canberra. Source: AAPAAP Image/Lukas Coch

4 min read

Published

By Vrishali Jain

Presented by Vahe Kateb



Skip to article content

Աւստրալիոյ նահանգներու և հողամասերու մէջ պատուաստումներու բարձր տոկոսը պատճառ դարձաւ որ վերսկսի միջազգային ճամբորդութիւնը և վերացուին արգելափակումի սահմանափակումները:  

Այս պատճառով, վարակուածներու թիւերը կը նախատեսուի որ բարձրանան և շատ վարակիչ Օմիքրոն և Տելթա տարբերակներու պատճառով, առողջապահութեան իշխանութիւններ կոչ կ'ուղղեն մարդոց որ ստանան խթանումի սրսկումներ աւելի մեծ պաշտպանութիւն ստանալու համար:

Խթանումի սրսկումներու պատուաստի պատրաստութեան գիտութիւնը նոյնն է ինչ որ առաջին և երկրորդ դեղաչափերունը:  

Առողջապահութեան քարտուղար Պրէնտըն Մըրֆի Դեկտեմբերին յայտնեց որ “Խթանիչները շատ կարեւոր են տալու համար յաւելեալ վարակամերժութիւն, յատկապէս որ Օմիքրոն տարբերակը հաւանական է որ տարածուի աշխարհի տարածքին:"

Խթանումի արշաւներ

Դաշնային Առողջապահութեան նախարար Կրէկ Հանդ Դեկտեմբերի սկզբնաւորութեան ազգային խթանումի սրսկումի արշաւ մը սկսաւ տօնական եղանակէն առաջ և աւստրալիացիները կը քաջալերուին որ սրսկումը ստանան որչափ կարելի է շուտ այն մտահոգութեամբ որ զոյգ պատուաստուած շատ մը մարդիկ սահմանափակ պաշտպանութիւն կրնան ունենալ Օմիքրոն տարբերակին դէմ:

Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբը (ATAGI), առաջ բերաւ խթանումի սրսկումի առաջարկուած ժամանակը վեց ամիսէն հինգ ամիսի:

Մինչեւ 1,5 միլիոն աւստրալիացիներ այժմ կրնան իրենց խթանումի դեղաչափը ստանալ անմիջապէս:

Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբը (ATAGI) վաւերացուց նաեւ Մոտերնա պատուաստը որ օգտագործուի Ֆայզըրի հետ միատեղ որպէս խթանիչ:

Քաջալերելու համար մասնակցութիւնը, դաշնային և նահանգային կառավարութիւններ երկրին մէջ խթանումի տարբեր արշաւներ կը վարեն:

Խթանումի դեղաչափեր տարեցներուն համար

Կառավարութեան խորհուրդը կ'ըսէ որ 70 տարիքէ վեր մարդիկ, անոնք որոնք 65 տարեկանէ վեր են և որոնք մշտական հիւանդութիւններ ունին, տկարացած ախտամերժ դրութեամբ մարդիկ, Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի մարդիկ որոնք 50 տարեկանէ վեր են մշտական լուրջ հիւանդութիւններով, աւելի մեծ վտանգի տակ կը գտնուին եթէ քորոնա ժահրով վարակուին:

Դաշնային Առողջապահութեան գերատեսչութեան վիճակագրական տուեալները ցոյց կ'ուտան որ Յունուար 2020-էն սկսեալ, 1,910 տարեց աւստրալիացիներ իրենց կեանքերը կորսնցուցած են ՔՈՎԻՏ-19-ի պատճառով:

PM Morrison received his COVID-19 booster vaccination with elderly Jane Malysiak in NSW.
PM Scott Morrison received his COVID-19 booster vaccination alongside Jane Malysiak in NSW. Source: SMH POOL

Վարակումի վտանգը յատկապէս աւելի բարձր է Տելթա և Օմիքրոն տարբերակներով և պատուաստներ զգալիօրէն կը նուազեցնեն, ժահրին պատճառով, լուրջ հիւանդութիւններու վտանգը կամ մահը:  

Տարեց աւստրալիացիներ առաջիններէն էին որոնք ստացան խթանումի պատուաստը ազգային թողարկումի ծիրէն ներս:

18 տարեկանէն վեր աւստրալիացիներ իրաւունք ունին կառավարութեան կողմէ վաւերացուած երկու խթանիչ պատուաստումներուն:

Տարեցներու խնամքի հաստատութիւններու բնակիչներ կրնան ստանալ իրենց նախնական և խթանիչ պատուաստումները Դաշնային բուժարաններու մէջ: Պատուաստումներու վերաբերեալ յաւելեալ խորհուրդ տարեցներու խնամքի բանկիչներու համար գտէք այստեղ, կամ խթանիչի մը համար ժամադրութիւն առնել այստեղ:

Պատուաստում երեխաներու համար

Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբը (ATAGI) ժամանակաւորապէս հաւանութիւն տուաւ Ֆայզըր պատուաստին 5-էն 11 տարեկան երեխաներուն համար:

ATAGI յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց որ այս հաւանութիւնը հիմնուած է վերջերս կատարուած քլինիկական փորձերու արդիւնքներուն վրայ, որոնք ցոյց կ'ուտան որ պատուաստը շատ ազդեցիկ է և որ կողմնակի ազդեցութիւններու մեծ մասը թեթեւ են և անցողիկ:

Սոյն պատուաստի համար ժամադրութիւնները հնարաւոր են և սրսկումները պիտի սկսին Յունուար 10, 2022-ին:

Սրսկումները պիտի կատարուին բժիշկներու, Ապօրիճին Առողջապահական Ծառայութիւններու, համայնքային դեղարաններու և նահանգային և հողամասերու բուժարաններուն մէջ:

child vaccinated
Vaccinating children can help reduce community transmission and prevent them passing the virus onto the wider community. Source: Getty Images

ATAGI յանձնարարեց ութը շաբաթուայ ժամանակամիջոց մը երկու դեղաչափերուն միջեւ, սակայն յատուկ պարագաներուն, այս կրնայ կրճատուիլ երեք շաբաթուայ եթէ օրինակ բռնկում մը տեղի ունենայ:

Վտանգաւոր հիւանդութիւններով Հինգէն մինչեւ 11 տարեկան երեխաներ, Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներու երեխաներ, և երեխաներ որոնք կ'ապրին խճողուած պայմաններու կամ բռնկումի վայրերու մէջ, աւելի հաւանական է որ օգտուին ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստումէն որովհետեւ ծանր հետեւանքներու յաւելեալ վտանգի տակ կը գտնուին, տեղեկացուց ATAGI:

Այս տարիքի երեխաներ, որոնք նախապէս ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած են, կրնան ստանալ պատուաստը հիւանդութենէն բուժուելէ ետք:

Երեխաներու յանձնարարուած դեղաչափը պիտի տարբերի չափահասներուն տրուած դեղաչափէն, դեղաչափը 10 միլիոներորդ կրամ պիտի ըլլայ բաղդատած 30 միլիոներորդ կրամի 12 տարեկանէն վեր անձերու համար:

Երեխաներ որոնք 12 տարեկան կը դառնան իրենց առաջին դեղաչափէն ետք, կրնան ստանալ չափահասներու Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը:

Ուրտեղէն՞ կրնամ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ

Օմիքրոնը յայտարարուելէ ետք 'մտահոգիչ տարբերակ' Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան կողմէ, դաշնային կառավարութիւնը յաւելեալ ջանքեր գործադրեց մարդոց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով խթանիչ սրսկումներու կարեւորութեան վրայ:

International students return to Australia
Booster doses provide an added layer of protection. Source: AAPAAP Image/Bianca De Marchi

ՔՈՎԻՏ-19 Նախնական Խնամքի Պատասխանի Առաջին Քարտուղարի Տեղակալ, Բժիշկ Լուքաս Տէ Թոքա, բացատրեց թէ ինչու՞ խթանիչ սրսկումները կարեւոր են նոյնիսկ երբ յաւելեալ խնամքի այլընտրանքներ մատչելի կը դառնան: Ան յայտնեց որ միայն մէկ փորձուած միջոց մը չկայ ՔՈՎԻՏ-19 բուժումի համար:

Խթանիչ սրսկումներ կարելի է ստանալ երկրորդ դեղաչափը ստանալէն հինգ ամիսներ անց, և այս թուականը կարելի է գտնել անձի մը թուային պատուաստումի վկայականին վրայ:

Պատուաստումի բոլոր ժամադրութիւնները, ներառեալ Դեկտեմբեր 15-էն ետք երեխաներուն համար, կարելի է կատարել պատուաստումի բուժարան գտնողի միջոցով:

Կրնաք թարմացուցած մնալ ներկայ սահմանափակումներու վերաբերեալ ձեր նահանգին մէջ սահմանափակումներ նշողին միջոցով:

Կապ հաստատելու համար թարգմանիչի մը հետ ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19-ի վերաբերեալ տեղեկութեան համար Աւստրալիական Թարգմանական և Բանաւոր Թարգմանութեան Ծառայութեան միջոցով (ATIS), հեռաձայնել 1800 131 450:

Յաւելեալ տեղեկութեան համար ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի և ժամադրութեան համար, հեռաձայնել Ազգային Քորոնաժահրի Թէժ գիծ 1800 020 080:

Յաւելեալ տեղեկութեան համար ՔՈՎԻՏ-19-ի վերաբերեալ, կ'առաջարկուի որ հեռաձայնէք ձեր բժիշկին կամ առողջապահական մասնագէտին:

Մինչ պատուաստումի յանձնառութիւնները կը շարունակեն փոխուիլ, տեղեկացուած մնացէք վերջին տեղեկութիւններու վերաբերեալ այցելելով,SBS Coronavirus Portal կարդալու համար տեղեկութիւնները ձեր լեզուով:


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Stream now