Քովիտ-19. Առողջական լուրջ խնդիրներ որոնք կրնան քորոնա ժահրը աւելի ծանր դարձնել

Ասոնք են ՔՈՎԻՏ-19-ի ամենանուրբ առողջական որոշ խնդիրները, որոնց պատճառը տկարացած վարակամերժ դրութիւնն է կամ մարմնի տկար փափուկ հիւսուածքը:

Asthma medication

Asthma medication Source: Getty ImagesRgStudio

Լուրջ հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց լայն շրջանակ մը, ներառեալ անոնք որոնք ունին սրտի հիւանդութիւն, շաքարախտ, բարձր արեան ճնշում և հեղձանք, աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին եթէ վարակուին ՔՈՎԻՏ-19-ով: Ժահրին դէմ ախտամերժ դրութեան հակազդեցութեան պատճառով, ժահրը կը քայքայէ թոքի հիւսուածքը և կ'աւելցնէ ներքին բորբոքումը:

Աշխարհի տարածքին, ՔՈՎԻՏ-19 հիւանդներու 70 տոկոսը, որոնց վիճակը ծայրայեղ ծանր էր, ուղեկցող հիւանդութիւններ ունէին:

ՔՈՎԻՏ-19-ի համար, ուղեկցող առողջական ամենաճգնաժամային խնդիրները հետեւեալներն են՝ մնայուն թոքի հիւանդութիւններ, հեղձանք, սրտի հիւանդութիւն, շաքարախտ, լեարդի և երիկամունքի հիւանդութիւններ, և բոլոր բուժումները և դեղերը որոնք կը տկարացնեն ախտամերժ դրութիւնը, ինչպէս քաղցկեղի կամ փոխպատուաստումէ ետք բուժումները:

Հեղձանք (Ասթմա)

Հեղձանքը շնչառական վիճակ մըն է որու պատճառն է շնչուղիներու չափէն աւելի զգայնութիւնը և բորբոքումը, հետեւեալ ախտանշաններով՝ հազ, հզզիւն, կուրծքի պրկութիւն և դժուարաշնչութիւն: Կ'ենթադրուի որ ներկայիս Աւստրալիոյ բնակչութեան 11 տոկոսը ունին այս հիւանդութիւնը: Բնիկ աւստրալիացիներ աւելի հաւանական է որ տեղեկացնեն որ հեղձանք ունին քան ոչ բնիկ աւստրալիացիները: Հեղձանքի նոպայի մը պատճառ կրնայ դառնալ որեւէ բան որ կը գրգռէ շնչուղիները: Մարդիկ որոնք հեղձանքէ կը տարապին, աւելի ուշադիր պէտք է ըլլան որովհետեւ ՔՈՎԻՏ-19 կը հարուածէ նաեւ շնչուղիները:

Յաւելեալ տեղեկութիւն հեղձանքի մասին անգլերէնով կարելի է գտնել այստեղ

Թոքի այլ հիւանդութիւններ

Աւստրալիոյ մէջ հեղձանքէ բացի թոքի այլ գերիշխող հիւանդութիւններն են՝ asbestosis, bronchiectasis, cystic fibrosis, փքուռոյց, թոքի քաղցկեղ, pleural effusion, թոքափառատապ, շնչառական սիլիքոզ և թոքախտ:  

Թոքի հիւանդութեան վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւն անգլերէնով գտնել այստեղ

Սրտի Հիւանդութիւն

Համաշխարհային հետազոտութիւնը ցոյց կ'ուտայ որ մարդիկ որոնք սրտանոթային հիւանդութիւն ունին, աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին ՔՈՎԻՏ-19-ով մահանալէ քան սովորական բնակչութիւնը, ոչ անոր համար որ վարակուելու աւելի հաւանականութիւն ունին, այլ որովհետեւ աւելի շատ հաւանականութիւն ունին լուրջ հիւանդութեամբ մը հիւանդանալու: ՔՈՎԻՏ-19 պատճառ կը դառնայ սրտի մկանի սուր բորբոքումի որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ սրտի վնասի և կ'առաջացնէ սրտի կաթուած:  

Առողջ կենցաղ մը էական է՝ մարզանք ընել, հաւասարակշռուած սնունդ ստանալ, ջուր խմել և լաւ քնանալ: Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը կ'առաջարկէ շաբաթական 150 վայրկեան չափաւոր-ուժգնութեան կամ 75 վայրկեան կորովի-ուժգնութեան ֆիզիքական գործունէութիւն:

Շաքարախտ

Շաքարախտ ունեցող մարդիկ յաւելեալ առողջական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն: Շաքարախտ Աւստրալիա կը յանձնարարէ ստանալ հարբուխի պատուաստը, ունենալ հիւանդութեան օրուայ կառաւարումի ծրագիր մը  և կարգաւորել արեան կլուքոզի մակարդակը: Շաքարախտ ունեցող մարդիկ հարբուխի հետեւանքով աւելի սուր բարդութիւններու աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին և աւելի հաւանական է որ լուրջ շնչառական հիւանդութիւններ ունենան քան մարդիկ որոնք շաքարախտ չ'ունին: Շաքարախտը պատճառ կը դառնայ որ վարակամերժ դրութիւնը չկարենայ դիմակայել ժահրային վարակումներուն և թոքերուն մէջ հնարաւոր երկրորդական պակդէրիական վարակումին: 2-րդ տիպի շաքարախտով հիւանդներ շատ գէր են և չափէն աւելի գէրութիւնը լուրջ վարակումներու վտանգաւոր գործօն է:  

Շաքարախտի և ՔՈՎԻՏ-19-ի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար անգլերէնով այստեղ

Լեարդի հիւանդութիւններ

Մարդիկ որոնք կ'ապրին լերդաբորբ B կամ C- ով, կամ որեւէ այլ լեարդի հիւանդութեամբ պէտք է օգտագործեն նոյն պաշտպանիչ միջոցները որ խորհուրդ կը տրուի ընդհանուր բնակչութեան: Աչալուրջ եղէք և հետեւեցէք յանձնարարուած միջոցներուն պաշտպանելու համար ինքզինքնիդ ՔՈՎԻՏ-19-ի դէմ: Լեարդի զգալի հիւանդութեամբ մարդոց խորհուրդ կը տրուի որ ընդունին պատուաստներ հարբուխի և pneumococcal հիւանդութեան դէմ:

  • Յաւելեալ տեղեկութիւն լերդաբորբի և ՔՈՎԻՏ-19-ի մասին անգլերէնով այստեղ
  • Յաւելեալ տեղեկութիւն ՔՈՎԻՏ-19 և մնայուն լերդաբորբ B-ի մասին այստեղ
  • Յաւելեալ տեղեկութիւն ՔՈՎԻՏ-19 և մնայուն լերդաբորբ C-ի մասին այստեղ
Երիկամունքի հիւանդութիւն

Երիկամունքի հիւանդութիւն ունեցող մարդիկ պէտք է ուշադիր ըլլան, որ ինչպէս հարբուխին հետ, անոնք քորոնա ժահրին հետեւանքով աւելի ծանր ախտանիշներու և բարդութիւններու աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին: ՔՈՎԻՏ-19 կրնայ ազդել երիկամունքի աշխատանքին վրայ եթէ հիւանդը ինքզինքը լաւ չի զգար, ջրազրկուած է կամ երկրորդական վարակում ունի:  

Յաւելեալ տեղեկութիւն անգլերէնով ՔՈՎԻՏ-19-ի և երիկամունքի հիւանդութեան մասին այստեղ

Քաղցկեղի բուժում

Քաղցկեղ ունեցող մարդոց վարակամերժ դրութիւնը աւելի տկար կ'ըլլայ և պէտք է շարունակեն հետեւիլ առողջապահութեան խնամքի իրենց մասնագէտներու յատուկ խորհուրդին և զգուշութեան, բուժումի ժամանակ և վերջը, նուազեցնելու համար վարակումի վտանգը: Կենսական է տուն մնալ որչափ կարելի է շատ և խուսափիլ ոչ անհրաժեշտ ճամբորդութիւններէ և հանրային փոխադրամիջոցներէ: Հիւանդի վարակամերժ դրութիւնը, նման կացութեան մէջ կը գտնուի ինչ որ փոխպատուաստումի գործողութենէ ետք խնամքի ժամանակ:

Յաւելեալ տեղեկութիւն քաղցկեղի աջակցութեան մասին անգլերէնով այստեղ



 

Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ: Քննեցէք ձեր նահանգի սահմանափակումները հաւաքոյթներու վերաբերեալ:  

Քորոնա ժահրի ստուգումը այժմ մատչելի է Աւստրալիոյ տարածքին: Եթէ պաղառութեան կամ հարբուխի ախտանշաններ ունիք,  ստուգում կազմակերպեցէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին 1800 020 080.  

Դաշնակցային կառավարութեան քորոնա ժահրը յայտնաբերող հաւելուածը  COVIDSafe կարելի է ներբերել ձեր հեռաձայնի app store-էն: 

SBS յանձնառու է տեղեկացնելու Աւստրալիոյ տարբեր համայնքները ՔՈՎԻՏ-19-ի վերջին զարգացումներու մասին: Լուրեր և տեղեկութիւն կը տրամադրուի 63 լեզուներով՝ sbs.com.au/coronavirus.

 


Share

Published

By SBS RADIO
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand
Քովիտ-19. Առողջական լուրջ խնդիրներ որոնք կրնան քորոնա ժահրը աւելի ծանր դարձնել | SBS Armenian