ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. 52 մահեր Աւստրալիոյ մէջ. հիւանդանոց մնացողներու թիւը կը բազմանայ ACT-ի մէջ

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 31 Մայիս 2022-ի թարմացումն է:

Leading epidemiology modellers predict another COVID wave in early June.

Leading epidemiology modellers predict another COVID wave in early June. (file) Source: AAP Image/Brendon Thorne

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիոյ մէջ կային նուազագոյնը 52 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր, ներառեալ 20 Վիքթորիայի մէջ, 19 Նիու Սաութ Ուելսի մէջ (NSW) և 11 Քուինզլանտի մէջ (QLD): Արեւմտեան Աւստրալիա տեղեկացուց 4 պատմական մահերու մասին:

Բաղդատած նախորդ օրուան, Աւստրալիոյ տարածքին օրական COVID-19 նոր վարակումներու թիւը և հիւանդանոց մնացողներու թիւերը աւելցած են:   

Australian Capital Territory տեղեկացուց որ 93 անձեր հիւանդանոց կը գտնուին ՔՈՎԻՏ-19ով, հողամասի ամենաբարձր թիւը Ապրիլ 4-էն:  

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք այստեղ:

Հեղինակաւոր համաճարակաբաններ կը գուշակեն որ ՔՈՎԻՏ-19-ի նոր ալիք մը պիտի սկսի Յունիսի սկզբնաւորութեան: AFR-ին մէջ վարակաբաններ կը տեղեկացնեն որ  Omicron-ի BA.2 տարբերակի  պատճառած վարակումները կայուն են երկրին մէջ սակայն երկու նոր տարբերակները BA.4 և BA.5 պատճառ պիտի դառնան վարակումներու նոր ալիքի մը:

Վիքթորիա տեղեկացուց որ ձրի տենդախառն հարբուխի պատուաստումներ պիտի տրամադրէ բնակիչներուն որովհետեւ անցեալ շաբաթ վարկուածներու թիւը 30 առ հարիւր աճ արձանագրած էր: Ձրի պատուաստները կարելի է ստանալ 3000 բժիշկներէ և համայնքային դեղարաններէ Յունիս 1-էն մինչեւ 30:

NSW, SA և QLD արդէն յայտարարեցին որ ձրի տենդախառն հարբուխի դեղ պիտի տրամադրեն իրենց բնակիչներուն:

Հարաւային Աւստրալիա (SA) յայտարարեց որ meningococcal հիւանդութեան մէկ դէպք կայ և 13 տարեկան տղայ մը տեղափոխուած է հիւանդանոց: Ութը անձերը որոնց հետ ան մօտիկ շփում ունեցած էր պիտի ստանան հակամարմիններ:  

Մանրէական այս հիւանդութիւնը կրնայ մահացու ըլլալ: Կրնայ ուղեղի, ողնայարի լարի և արեան վարակումներու պատճառ դառնալ:

Ճաբոն թոյլ պիտի տայ որ 98 երկիրներէ զբոսաշրջիկներ Յունիս 10-էն կարենան մուտք գործել երկիր համաճարակի պատճառով երկու տարի փակ մնալէ ետք: Սակայն, այցելուներ կրնան միայն այցելել Ճաբոն եթէ ճամբորդական խումբի մը մաս կը կազմեն:

Կարդացէք ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներու վերաբերեալ

Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

ACT   New South Wales   Northern Territory   Queensland   

South Australia   Tasmania   Victoria   Western Australia  

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

ACT   New South Wales   Northern Territory   Queensland   

South Australia   Tasmania   Victoria    Western Australia

Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ  SBS Coronavirus portal.

 


Share

2 min read

Published

Presented by Vahe Kateb




Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now