ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. 52 մահեր Աւստրալիոյ մէջ; Հարաւային Աւստրալիա պիտի բանայ 40 պատուաստումի կեդրոններ դպրոցներու մէջ

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 17 Մայիս 2022-ի թարմացումն է:

A health worker administers a Covid-19 vaccine to Atiqunissa (right)  with their father Idris Khalid (far right) and twin brother Imran (left) at a pop-up vaccination clinic at Movelle Primary School in Kings Park, Melbourne, Saturday, January 29, 2022.

A health worker administers a COVID-19 vaccine to children. (file) Source: AAP Image/Con Chronis

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց որ նուազագոյնը 52 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր կային, ներառեալ 20 Վիքթորիայի մէջ և 16 Նիու Սաութ Ուելսի և 12 Քուինզլանտի մէջ:

Հիւանդանոց մնացողներու թիւերը կը շատնան Australian Capital Territory-ի մէջ 4 Ապրիլէն: ACT տեղեկացուց որ երեքշաբթի օր 80 անձեր կը գտնուէին հիւանդանոցի մէջ:

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք այստեղ

Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ մօտիկ շփումները, 18 Մայիսէն սկսեալ, կրնան իրենց ձրի RAT սարքերը ստանալ մեքենայով մտնելի (drive-through) վայրերէ Joondalup-ի, Jandakot-ի և Bassendean-ի մէջ:  

Հարաւային Աւստրալիա պիտի բանայ 40 պատուաստումի կեդրոններ դպրոցներու մէջ սկսելով 27 Մայիսէն խթանելու համար 5-11 տարեկան երեխաներու պատուաստումի ցած տոկոսը: Պատուատումի ծրագիրը պիտի գործէ շաբաթական 10 դպրոցներու մէջ միայն Ուրբաթ և Շաբաթ օրերը:

Հարաւային Աւստրալիոյ Գլխաւոր Հանրային Առողջապահութեան Պաշտօնեան Nicola Spurrier յայտնեց որ համաճարակի սկզբնաւորութենէն ի վեր, նահանգին մէջ ինը երեխաներ հիւանդացան paediatric multi-system inflammatory syndrome (PIMS-TS) հիւանդութեամբ:

Professor Spurrier յայտնեց որ PIMS-TS, հազուագիւտ բայց հնարաւոր մահացու ՔՈՎԻՏ-19-ի կողմնակի ազդեցութիւն մըն է, որ կարելի է կանխել պատուաստումի միջոցով:

Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբը (ATAGI) վերատեսութեան կ'ենթարկէ ապացոյցները որոշելու համար եթէ կը պահանջուի խթանումի սրսկումներ 12-15 տարեկան երեխաներու համար, ներառեալ անոնք որոնք հիւանդութիւններ ունին:

Կարդացէք ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներու վերաբերեալ


Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

ACT   New South Wales   Northern Territory   Queensland   

South Australia   Tasmania   Victoria   Western Australia  

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

ACT   New South Wales   Northern Territory   Queensland   

South Australia   Tasmania   Victoria    Western Australia

Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ  SBS Coronavirus portal.


Share

2 min read

Published

Presented by Vahe Kateb



Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now