Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 70 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 40 New South Wales-ի մէջ, 19 Queensland-ի և 11 Victoria-ի մէջ: Նաեւ, Western Australia տեղեկացուց չորս պատմական մահերու մասին:
Australian Capital Territory (ACT) կը շարունակէ հիւանդանոց մնացողներու բարձր թիւեր արձանագրել: 121 մարդիկ հիւանդանոց կը մնան ՔՈՎԻՏ-19-ով բաղդատած 119-ի Երկուշաբթի օր:
ACT առողջապահութեան իշխանութիւններ կը շարունակեն հետազօտել ՔՈՎԻՏ-19 բռնկում մը Քանպերա հիւանդանոցի քաղցկեղի բաժնին մէջ:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք այստեղ:
Գլխաւոր բժշկական պաշտօնեայ John Gerrard ABC-ին յայտնեց որ նոր ալիք մը կը հարուածէ նահանգը BA.5 և BA.4 դէպքերու աճով: Ան յայտնեց որ BA.5 և BA.4 կը կազմէին նոր դէպքերու 38 առ հարիւրը բաղդատած 2 առ հարիւրի չորս շաբաթ առաջ:
Ան խորհուրդ տուաւ բնակիչներուն որ ստանան իրենց երրորդ և չորրորդ դեղաչափերը եթէ իրաւունք ունին, որովհետեւ կը նախատեսուի որ հիւանդանոց մնացողներու թիւերը աւելնան:
Հետազօտութիւն մը կատարուած National Centre for Immunisation Research and Surveillance (NCRIS) հաստատութեան կողմէ ցոյց տուաւ որ խթանիչ մը կամ երրորդ ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստ մը կը տրամադրէ 65 առ հարիւր աւելի պաշտպանութիւն հիւանդանոց մնալու կամ մահուան դէմ Օմիքրոն տարբերակէն, քան միայն երկու պատուաստներու սրսկումներ:
Հետազօտութիւնը կատարուած էր Աւստրալիոյ մէջ Օմիքրոն ալիքի գագաթնակէտին Յունուար և Փետրուար 2022-ին:
2021 թուականի Մարդահամարի արդիւնքները ցոյց տուին որ անկում կրած են նոր ներգաղթողները 2020-2021 համաճարակի տարիներուն:
Տուեալներուն համաձայն՝ 165,000 մարդիկ ժամանած են 2020 և 2021-ին, բաղդատած 850,000-է աւելի նոր գաղթականնհերու 2017 և 2019 տարիներուն:
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ
Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները
Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով
Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ SBS Coronavirus portal.
