ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. ACT կ'երկարաձգէ արգելափակումը երրորդ անգամը ըլլալով

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 14 Սեպտեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

City centre of Canberra

A reflection of a resident pushing a shopping trolley through the deserted city centre of Canberra, Wednesday, August 25, 2021. Source: AAP Image/Lukas Coch

  • Նիու Սաութ Ուելս կ'երկարաձգէ ՔՈՎԻՏ-19 աջակցութեան վճարումները
  • Վիքթորիա կը յայտարարէ յաւելեալ դրամագլուխ մտային առողջութեան օգնութեան համար
  • Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասի (ACT) արգելափակումը կ'երկարաձգուի մինչեւ 15 Հոկտեմբեր
  • Քուինզլանտ կ'արձանագրէ համայնքային մէկ նոր դէպք


Նիու Սաութ Ուելս  

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 1,127 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր և երկու մահեր:  

Երեկ, Yass Valley Council-ի մէջ ՔՈՎԻՏ-19 դէպքի մը յայտնաբերումէն ետք, տունը մնալու հրահանգ տրուեցաւ որ կը վերաբերի անոնց որոնք կը բնակին շրջանին մէջ կամ եղած են շրջանին մէջ 9 Սեպտեմբերին կամ աւելի ուշ:

NSW Health խորհուրդ տուաւ Young-ի բնակիչներուն որ ստուգուին որովետեւ ժահրը յայտնաբերուած է կոյուղիի մշակման գործարանին մէջ: Համայնքին մէջ յայտնի դէպքեր չկան:

Քովիտ-19 աջակցութեան վճարումները պիտի տրամադրուին նաեւ գործաւորներուն և խոցելի համայնքներուն, ներառեալ նպաստներ մշակութային և լեզուական տարբեր խումբերուն: 

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 445 նոր տեղական փոխանցումներ և երկու մահեր: Նահանգը այժմ ունի 3,799 գործող դէպքեր, որոնց 85 առ հարիւրը 50 տարեկանէն վար են:

Նահանգապետի տեղակալ Ճէյմս Մերլինո տեղեկացուց $22.1 միլիոն տոլար ծրագրի մը մասին, ստեղծելու համար համայնքային մտային առողջութեան ծառայութիւններ շրջանային Վիքթորիայի և Մելպըրնի մէջ:

Այստեղ սեղմեցէք պատուաստումի կեդրոն մը գտնելու համար:

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս

Հողամասը արձանագրեց 22 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր:  

Արգելափակումը պիտի երկարաձգուի եւս չորս շաբաթ, 17 Սեպտեմբերէն սահմանափակումներու յաւելեալ փոփոխութիւններով, ներառեալ թոյլ տալ փոքր ձեռներէցութիւններուն որ հինգ հոգի ունենան ձեռներէցութեան մէջ որեւէ ժամանակ կամ մէկ մարդ չորս քառակուսի մեդրի վրայ: 

Այստեղ սեղմեցէք գիտնալու համար եթէ իրաւունք ունիք ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստումի կամ տեղեակ մնալու համար Հողամասի ծրագիրներու մասին:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Գալ շաբթուընէ սկսեալ, 60 տարեկան և աւելի վեր Արեւմտեան աւստրալիացիներ իրաւունք պիտի ունենան Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի:  
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

NSW 
ACT 

Share

Published

By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand