- NSW-ի մէջ, բնակիչներու 67 առ հարիւրը ստացան պատուաստի առաջին դեղաչափը
- Վիքթորիա 1,000-է աւելի ՔՈՎԻՏ-19 փոխանցումի վայրեր ունի
- ACT կ'երկարաձգէ արգելափակումը մինչեւ 17 Սեպտեմբեր
- Հարաւային Աւստրալիա կը վերցնէ Քուինզլանտէն և Հիւսիսային Հողամասէն ճամբորդներու սահմանափակումները
Նիու Սաութ Ուելս
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 1,164 նոր տեղական փոխանցումներ, 796 արեւմտեան և հարաւ-արեւմտեան Սիտնիի մէջ: Երեք մարդիկ մահացան:
Առողջապահութեան Գլխաւոր Պաշտօնեայ Բժիշկ Քէրրի Չանթ, խնդրեց Guildford, Merrylands, Auburn, Greenacre, Bankstown և Blacktown շրջաններու բնակիչներէն որ քննուին:
Առողջապահութեան նախարար Պրատ Հազարտ խորհուրդ տուաւ 18 տարեկանէն վեր որեւէ անձի որ ստանան ԱսթրաԶենեքա պատուաստը որովհետեւ բաւարար Ֆայզըր պատուաստ չկայ:
Երկուշաբթի օր յայտարարուեցաւ որ Ապօրիճին մարդ մը Տապոյի մէջ առաջին անձն էր որ կը մահանար արեւմտեան Նիու Սաութ Ուելսի մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի ներկայ բռնկումէն:
Այսօր արձանագրուեցէք ձեր պատուաստումին համար:
Վիքթորիա
Վիքթորիա արձանագրեց 76 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր, ներառեալ 31 որոնք տակաւին կապուած չեն գոյութիւն ունեցող բռնկումներու հետ:
Նահանգապետ Andrews, որ վաղը պիտի յայտարարէ սահմանափակումները մեղմացնելու ծրագրի մը մասին, յայտնեց որ ‘շիտակ պատուաստը այն է որ կրնաք ստանալ’, տեղեկացնելով որ շատ ԱսթրաԶենեքա պատուաստներ կան:
Այժմ 1,000-է աւելի վայրեր կան փոխանցումներու ցանկին վրայ ներառեալ շարք մը հարկաբաժիններ Մելպըրնի մէջ:
Այստեղ սեղմեցէք պատուաստումի կեդրոն մը գտնելու համար:
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս
ACT արձանագրեց 13 նոր տեղական փոխանցումի դէպքեր, որոնցմէ ութը համայնքին մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:
Canberra-ի նոր ՔՈՎԻՏ-19 զանգուածային պատուաստումի բուժարանը պիտի բացուի Australian Institute of Sport Arena-ի մէջ Ուրբաթ օր, 3 Սեպտեմբերին: Արգելափակումը երկարաձգուած է մինչեւ 17 Սեպտեմբեր նոր սահմանափակումներով Հինգշաբթի կ.ե. ժամը 5-էն:
Գիտնալու համար եթէ կրնաք ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը ստանալ սեղմեցէք այստեղ:
Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին
- Հարաւային Աւստրալիա վերցուց բոլոր սահմանափակումները մարդոց վրայէն որոնք կը ճամբորդեն Հարաւ Արեւելեան Քուինզլանտէն և Katherine-էն Հիւսիսային Հողամասին մէջ:

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
NSW Ճամբորդութիւն և փոխադրութիւն և Քառանթին
VIC Ճամբորդութեան անցագիր, Արտասահմանէն ճամբորդներ, և Քառանթին
ACT Ճամբորդութիւն և Քառանթին
NT Ճամբորդութիւն և Քառանթին
QLD Ճամբորդութիւն և Քառանթին
SA Ճամբորդութիւն և Քառանթին
TAS Ճամբորդութիւն և Քառանթին
WA Ճամբորդութիւն և Քառանթին
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:
- Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով. sbs.com.au/coronavirus
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. NSW, Victoria, Queensland, Western Australia, South Australia, Northern Territory, ACT, Tasmania.
- Տեղեկութիւն ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի մասին ձեր լեզուով:
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
ՔՈՎԻՏ-19 Պատուաստումի Բառացանկ
ժամադրութիւն Յիշեցնող Սարք
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:
