Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 53 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 28 Վիքթորիայի մէջ, եօթը Նիու Սաութ Ուելսի մէջ: Արեւմտեան Աւստրալիա տեղեկացուց վեց պատմական մահերու մասին:
NSW և Քուինզլանտ տեղեկացուցին 1,499 և 491 ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած հիւանդներու մասին հիւանդանոցի մէջ, անցած չորս շաբաթներու հիւանդանոց մնացողներու իրենց ամենաբարձր թիւը:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք այստեղ:
Պատուաստը հնարաւոր է արտադրել Վիքթորիայի մէջ և աւստրալիացիներ կրնան ստանալ այդ պատուաստը մինչեւ 2024:
Ատըլայտ համալսարանի հետազօտողներ նոր առանց ասեղի ՔՈՎԻՏ-19 խթանիչ պատուաստի մը մարդկային փորձարկումները սկսան այս շաբաթ: DNA-ի վրայ հիմուած պատուաստը ստեղծուած է թիրախաւորելու համար Օմիքրոն տարբերակը: Աւստրալիոյ մէջ ներկայ օգտագործուող պատուաստները կը թիրախաւորեն միայն սկզբնական ժահրի տեսակը:
Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը (TGA) վերատեսութեան կ'ենթարկէ առաջարկ մը Moderna-էն որպէսզի թոյլ տրուի օգտագործելու ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներ հինգ տարեկանէն վար երեխաներու համար: Սակայն, շաբաթներ պիտի տեւէ մինչեւ որ Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը որոշում առնէ:
Հիւանդութեան Կանխարգիլման և հսկողութեան Միացեալ Նահանգներու կեդրոնը վերջերս վաւերացուց ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներ հինգ տարեկանէն վար երեխաներու համար:
Աշխատաւորական Labor կառավարութիւնը կը նախատեսուի որ Արքայական Յանձնաժողով մը հաստատէ կամ այլ հետազօտութիւն մը թէ ինչպէս Աւստրալիա ղեկավարած է ՔՈՎԻՏ-19 ճգնաժամը:
Հարաւային Աւստրալիա կրնայ մօտերս վերցնել եռապատիկ պատուաստի պահանջը առողջապահական ծառայութիւններու համար:
Կարդացէք ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներու վերաբերեալ
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ
Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները
Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով
Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ SBS Coronavirus portal.
