ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Աւստրալիոյ մէջ 27 մահեր, բոլոր աւստրալիացիները կը քաջալերուին որ ստանան տենդախառն հարբուխի պատուաստը

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 7 Յունիս 2022-ի թարմացումն է:

All Australians are being encouraged to vaccinate for influenza

All Australians are being encouraged to vaccinate for influenza Source: Getty Images/Darrian Traynor

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց որ նուազագոյնը 29 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր կային, ներառեալ 12 Վիքթորիայի, 8 Նիու Սաութ Ուելսի և 5 Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ: Արեւմտեան Աւստրալիա տեղեկացուց 2 պատմական մահերու մասին:

Բաղդատած նախորդ օրուայ, Աւստրալիոյ տարածքին նահանգներու մեծամասնութեան մէջ, օրական նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքերու և հիւանդանոց մնացողներու թիւին յաւելում կար:

Երեքշաբթի օր Վիքթորիա տեղեկացուց իր օրական ամենաբարձր դէպքերու մասին, Երկուշաբթի 7,557 դէպքերէն այսօր 9,181 դէպքեր: Քուինզլանտ տեղեկացուց որ վարակուածներու թիւը 2,548-էն աւելցած է 4,288-ի: 

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք այստեղ:

Գլխաւոր Բժշկական Պաշտօնեայի տեղակալ Տոքթ. Սոնիա Պենեթ քաջալերեց բոլոր աւստրալիացիները որ պատուաստուին տենդախառն հարբուխի դէմ: Աւստրալիական կառավարութիւնը, Ազգային Պատուաստումի Ծրագրի միջոցով National Immunisation Program (NIP), ձրի եղանակային հարբուխի դէմ պատուաստ կը տրամադրէ մարդոց որոնք աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին: Ինչպէս՝ Բնիկներու խումբեր, երեխաներ, յղի կանայք և 65 տարեկանէ վեր որեւէ անձ:

Երկուշաբթի 7 Յունիսէն սկսեալ, Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասին մէջ (Australian Capital Territory) հարբուխի պատուաստը ձրի է զեղջի քարտ ունեցողներուն համար Access and Sensory Vaccination Clinic բուժարանին մէջ: Զեղջի քարտ ունեցողներ և իրենց զաւակները պատուաստումի համար կրնան ժամադրութիւն առնել Weston-ի մէջ Access and Sensory Vaccination Clinic բուժարարնէն հեռաձայնելով 02 5124 3999 առտու ժամը 8էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5, Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ:

8 Յունիս 2022-էն, 5 տարեկանէ վեր Քանպերայի բնակիչներ պիտի կարենան իրենց տենդախառն հարբուխի պատուաստը ստանալ դեղարաններէն: Ներկայիս դեղագործներ կրնան միայն պատուաստել 10 տարեկանէ վեր երեխաներ: 

Այս ամիս Յունիսին, 6 ամսականէ վեր Նիու Սաութ Ուելսի, Վիքթորիայի, Քուինզլանտի, Արեւմտեան Աւստրալիոյ Հարաւային Աւստրալիոյ և Թազմանիայի բոլոր բնակիչները կրնան ձրի տենդախառն հարբուխի պատուաստ ստանալ:  

Կարդացէք ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներու վերաբերեալ

Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

ACT   New South Wales   Northern Territory   Queensland   

South Australia   Tasmania   Victoria   Western Australia  

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

ACT   New South Wales   Northern Territory   Queensland   

South Australia   Tasmania   Victoria    Western Australia

Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ  SBS Coronavirus portal.


Share

2 min read

Published

Presented by Vahe Kateb




Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now