Երեքշաբթի օր, Աւստրալիոյ մէջ նուագագոյնը 42 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր արձանագրուեցան, ներառեալ 18 Նիու Սաութ Ուելսի և 15 Վիքթորիայի մէջ: Արեւմտեան Աւստրալիոյ տուեալները կը ներառեն 7 պատմական մահեր:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի վերաբերեալ նոր դէպքերու, վերջին տեղեկութիւններու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերաբերեալ վերջին լուրերը գտէք այստեղ:
Արեւմտեան Աւստրալիա թոյլ տուած էր փոքր զբօսանաւերու, որոնք 350-է աւելի ճամբորդներ և անձնակազմ չեն փոխադրէր, որ նահանգ մտնեն 17 Ապրիլէն:
Արեւմտեան Աւստրալիա կրնայ չնչել Փակ տարածքներու մէջ դիմակ կրելը որովհետեւ ՔՈՎԻՏ-19ով վարակուածներու թիւերը հաստատ կը մնան:
Մելպըրն Համալսարանի վարակաբան Nancy Baxter-ի կարծիքով շատ շուտ է սահմանափակումները վերցնել մինչ New South Wales, Victoria, Australian Capital Territory և Queensland անցեալ շաբաթ յայտարարեցին որ պիտի չնչեն մօտիկ շփումի և մեկուսացումի օրէնքները:
"Այժմ, համաճարակի ժխտումի շրջանին մէջ կը գտնուինք երբ կ'ուզենք ապրիլ ինչպէս կ'ապրէինք առաջ," Փրոֆէսօր Baxter ըսաւ ABC TV-ի Երեքշաբթի օր:
Պէյժինկ զանգուածային կերպով կը ստուգէ բնակչութիւնը ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերէ ետք: Երկուշաբթի օր, առողջապահութեան պաշտօնեայ մը տեղեկացուց 70 վարակումներու մասին Չինաստանի մայրաքաղաքի 16 շրջաններու 8-ին մէջ: Դէպքերու մեծ մասը (46) Չաօյանկ շրջանին մէջ կը գտնուէին:
Չինաստան որդեգրած է խիստ միջոցներ 'զէրօ-ՔՈՎԻՏ' մօտեցումի ծիրէն ներս: Երկրի ֆինանսական կեդրոնը համարոող Շանկայ քաղաքը մէկ ամիս է արդէն արգելափակումի մէջ կը գտնուի:
Դիտեցէք Չինաստանէն վերջին տեսաերիզները այստեղ:
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ
Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները
Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով
Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ SBS Coronavirus portal.
