ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Հիւանդանոց և վերակենդանացման բաժին մնացողներու թիւերը կրկին կը բարձրանան Նիու Սաութ Ուելսի մէջ

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 14 Յունիս 2022-ի թարմացումն է:

A general view of Canterbury Hospital in Belmore, Sydney, Tuesday, August 17, 2021. NSW has reached a "disturbingly high" record of new local COVID-19 cases as the government extends support for tenants and landlords affected by lockdowns stretching past

A general view of Canterbury Hospital in Belmore, Sydney. (file) Source: AAP Image/Dan Himbrechts

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 25 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, 15 Վիքթորիայի, վեց Քուինզլանտի և երեք Նիու Սաութ Ուելսի մէջ: Նաեւ, Արեւմտեան Աւստրալիա տեղեկացուց վեց պատմական մահերու մասին:

ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած մարդոց թիւը Նիու Սաութ Ուելսի հիւանդանոցներուն մէջ կրկին բարձրացաւ. 1,341 մարդիկ կային հիւանդանոցներու մէջ:

Նմանապէս, նահանգին մէջ վերակենդանացման բաժնին մէջ մնացողներու թիւը բարձրացաւ:

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասին մէջ (ACT) հիւանդանոց մնացողներու թիւը կրկին բարձրացաւ 93-ի, Երեքշաբթի օր: Համաճարակը սկսելէն իվեր այս ամենաբրձր թիւն է:

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք այստեղ:

Աւստրալիական Դաշնային Ոստիկանութիւնը մեղադրանք ներկայացուց երկու մալէզիացիներու դէմ, կեղծիքով ՔՈՎԻՏ-19 Աղէտի Վճարումներ պահանջելու համար, իրենց ենթադրեալ դերին համար:

Աւստրալիական Դաշնային Ոստիկանութեան համաձայն՝ Արեւմտեան Սիտնիէն զոյգը մաս կը կազմէին խաբեբայական խմբակի մը, որոնք իրենց ծառայութիւնները կ'առաջարկէին ընկերային մամուլի վրայ մարդոց որոնք օգնութեան կարիք ունէին իրենց վճարումները ստանալու համար:  

Որոշ մարդիկ, մինչեւ $1,000 վճարեցին և անձնական փաստաթուղթեր տրամադրեցին «գործակալներուն» դիւրացնելու համար իրենց դիմումները: Աւստրալիական Դաշնային Ոստիկանութեան հետազօտութիւնը կը հետեւէր տեղեկութիւններու որոնց համաձայն որոշ դիմողներու համար վաւերացուած վճարումները տեղափոխուած էին այլ դրամատուներու հաշիւներու մէջ առանց իրենց գիտութեան:

Հարաւային Աւստրալիա կը կատարէ փորձնական ծրագիր մը հասկնալու համար եթէ շուներ հոտոտալով կրնան ճանչնալ ՔՈՎԻՏ-19 դէպքերը:

Մարդոց առողջապահութեան Շաբաթը (Յունիս 13-19) սկսաւ Երկուշաբթի օր: Վիքթորիայի կառավարութիւնը յայտնեց որ մահացութեան տոկոսը աւելի բարձր է մարդոց մօտ քան կանանց, և մարդիկ բաղդատելով կանանց հետ, շատ աւելի քիչ կ'այցելեն իրենց բժիշկին, աւելի կարճ ժամանակ կը մնան բժիշկին մօտ և միայն կ'այցելեն երբ իրենց հիւանդութիւնը արդէն վերջնական հանգրուանին մէջ է:

Օգնութիւն մատչելի է

Ձեր բժիշկը

Մարդոց առողջապահական բուժարան

Beyond Blue Հեռ. 1300 224 636

Australian Men's Shed Association Հեռ. 1300 550 009

Կարդացէք ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներու վերաբերեալ

Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

ACT   New South Wales   Northern Territory  Queensland   

South Australia   Tasmania   Victoria   Western Australia  

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

ACT   New South Wales   Northern Territory   Queensland   

South Australia   Tasmania   Victoria    Western Australia

Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ  SBS Coronavirus portal.

Share

3 min read

Published

Presented by Vahe Kateb

Share this with family and friends

Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now