Watch FIFA World Cup 2026™

LIVE, FREE and EXCLUSIVE

ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում: Նիու Սաութ Ուելսի թիւերը կրկին բարձր են, Քուինզլանտ բարձր ահազանգի մէջ

Այս, Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 26 Յուլիս 2021-ի թարմացումն է:

Signs of AstraZeneca and Pfizer Covid-19 vaccines outside a doctors surgery in the lower north shore suburb of Lane Cove in Sydney

Signs of AstraZeneca and Pfizer Covid-19 vaccines outside a doctors surgery in the lower north shore suburb of Lane Cove in Sydney, Monday, July 26, 2021. Source: AAP Image/Mick Tsikas

  • Նիու Սաութ Ուելսի մէջ ընտանեկան հաւաքոյթները գլխաւոր պատճառներէն մէկն են որ կը նպաստեն բարձր թիւերուն:
  • Վիքթորիայի մէջ սահմանափակումներու նուազեցումը տակաւին պէտք է վերջնականացուի:  
  • Հարաւային Աւստրալիա կը հաստատէ արգելափակումի վերջը:
  • Քուինզլանտ բարձր ահազանգի մէջ է. վարակուած անձ մը Սիտնիէն մտած է նահանգ:

Նիու Սաութ Ուելս

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 145 նոր տեղական վարակումի դէպքեր: Ֆէրֆիլտի մէջ դէպքերը նուազում արձանագրեցին: Ոստիկանութեան Յանձնակատար Միք Ֆուլլըր զգուշացուց որ անոնք որոնք կը ծրագրեն Սիտնիի մէջ բողոքել արգելափակումի ժամանակ, պիտի ձերբակալուին:  

Յառաջիկայ օրերուն, տեղական դեղարաններ հնարաւորութիւն պիտի ունենան տրամադրելու ԱսդրաԶենեքա պատուաստը 60 տարեկանէ վեր անձերուն, յայտնեց Նիու Սաութ Ուելսի Գլխաւոր Առողջապահութեան Պաշտօնեայ Տոքթ. Քերրի Չանթ, շեշտելով որ Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի պակաս կայ:

Տոթք. Չանթ քաջալերեց ամէն մարդ որ պատուաստուի: Այստեղ գտէք, դեղարաններու ցանկը:  

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 11 նոր տեղական դէպքեր: Բոլոր դէպքերն ալ կապուած են ներկայ Տելթա տարբերակի բռնկումին հետ և քառանթինի մէջ էին մինչ վարակիչ էին: Նահանգի վարակուածներու ընդհանուր դէպքերը 190 էին:

Հինգերորդ արգելափակումը պէտք է վերջ գտնէ Երեքշաբթի 27 Յուլիս, երեկոյան ժամը 11:59-ին, սակայն իշխանութիւններ կ'ըսեն որ "տակաւին վերջնական որոշում առնուած չէ”:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

    • Պարտադիր երեսի դիմակ կրելը ուժի մէջ կը մնայ Հարաւ Արեւելեան Քուինզլանտի մէջ: Այստեղ գտէք շփումներու վայրերու ցանկը:
    • Հարաւային Աւստրալիա շիտակ ուղիի վրայ կը գտնուի սահմանափակումները վերացնելու Չորեքշաբթի առտուայ ժամը 12:01-ին, սակայն որոշ օրէնքներ պիտի մնան:
    • Դաշնակցային առողջապահութեան Գերատեսչութեան համաձայն, Աւստրալիոյ մէջ 2117 ՔՈՎԻՏ-19-ի դէպքեր կան:

ՔՈՎԻՏ-19 Առասպել

Առողջ երիտասարդներ չեն ազդուիր ՔՈՎԻՏ-19-էն: Միայն կը վնասէ տարեց կամ հիւանդ մարդոց:

ՔՈՎԻՏ-19 Փաստ.

Ժահրը աւելի շատ ազդեցութիւն կը գործէ տարեց մարդոց և անոնց վրայ որոնք նախապէս հիւանդութիւն ունին սակայն վնաս կը հասցնէ և կը սպաննէ նաեւ առողջ երիտասարդ անձեր եւս:  


Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

NSW Ճամբորդութիւն և փոխադրութիւն և Քառանթին

VIC Ճամբորդութեան անցագիր,  Արտասահմանէն ճամբորդներ, և Քառանթին

ACT Ճամբորդութիւն և Քառանթին

NT   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

QLD Ճամբորդութիւն և Քառանթին

SA   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

TAS Ճամբորդութիւն և Քառանթին

WA  Ճամբորդութիւն և Քառանթին

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:


Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով. sbs.com.au/coronavirus


Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  

ՔՈՎԻՏ-19 Պատուաստումի Բառացանկ
ժամադրութիւն Յիշեցնող Սարք


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

 


3 min read

Published

Presented by Vahe Kateb




Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now

ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում: Նիու Սաութ Ուելսի թիւերը կրկին բարձր են, Քուինզլանտ բարձր ահազանգի մէջ | SBS Armenian