Քովիտ-19 թարմացում. Նիու Սաութ Ուելս "ազգային արտակարգ իրավիճակ" կը յայտարարէ

Այս Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 23 Յուլիս 2021-ի թարմացումն է:

NSW Premier Gladys Berejiklian and Chief Health Officer Dr Kerry Chant

NSW Premier Gladys Berejiklian and Chief Health Officer Dr Kerry Chant at a press conference to provide a COVID-19 update Source: AAP Image/POOL/Mick Tsikas

  • Նիու Սաութ Ուելսի Առողջապահութեան Պաշտօնեայ Բժ. Քերրի Չանթ "ազգային արտակարգ իրավիճակ" յայտարարեց:
  • Նահանգապետ Պերեճիքլեան խնդրեց աւելի Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստանիւթեր հարաւ-արեւմտեան և արեւմտեան Սիտնիի համար:  
  • Հակառակ Վիքթորիայի ցած թիւերուն, նահանգապետ Անտրիուզ չկրցաւ կանխատեսել արգելափակումի վերջը:  
  • Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը պիտի թոյլատրուի 12-էն 15 տարեկաններու համար:

Նիու Սաութ Ուելս 

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 136 նոր տեղական դէպքեր, որոնցմէ 53-ը վարակիչ էին համայնքին մէջ և մէկ հաստատուած մահ երեկ գիշեր: 

Cumberland և Blacktown տեղական կառավարման շրջաններու բնակիչներ, պիտի չկարենան իրենց տուներէն հեռանալ աշխատելու համար, բացի եթէ առողջապահութեան և արտակարգ դրութիւններու հատուածին մէջ կ'աշխատին կամ արտօնեալ աշխատողներու ցանկին վրայ են:

Այստեղ գտէք, դէպքերու վայրերը ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ:  

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 14 նոր դէպքեր, որոնցմէ չորսը վարակիչ էին մինչ կը գտնուէին համայնքին մէջ: Նահանգին մէջ ներկայ վարակուածներու թիւը 158-ն է:

19.000-է աւելի նախնական մոտիկ շփումներ կան նահանգի տարածքին որոնք ինքնա-մեկուսացումի մէջ են:

Այստեղ գտէք, դէպքերու վայրերը ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ:  Ներկայ արգելաբակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Երեքշաբթի 27 Յուլիս, երեկոյան ժամը 11:59:  

Վերջին 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Հարաւային Աւստրալիա արձանագրեց միայն ՔՈՎԻՏ-19 մէկ դէպք, 23,500 քննութիւններէ ետք:  
  • Qantas-ի թռիչք սպասարկող մը դրական արդիւնք տուաւ Քուինզլանտի մէջ վեց շրջանային թռիչքներ կատարելէ ետք:  
  • 40 տարեկանէ վար անձեր տակաւին մինչեւ Սեպտեմբեր կամ Հոկտեմբեր պիտի սպասեն ստանալու համար Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը, մինչ Աւստրալիոյ բժշկական կարգաւորիչը, Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը, հաւանութիւն տուաւ որ պատուաստանիւթը օգտագործուի 12-էն 15 տարեկաններու համար: 

 

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

NSW Ճամբորդութիւն և փոխադրութիւն և Քառանթին

VIC Ճամբորդութեան անցագիր,  Արտասահմանէն ճամբորդներ, և Քառանթին

ACT Ճամբորդութիւն և Քառանթին

NT   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

QLD Ճամբորդութիւն և Քառանթին

SA   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

TAS Ճամբորդութիւն և Քառանթին

WA  Ճամբորդութիւն և Քառանթին

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:                                         



Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  

ՔՈՎԻՏ-19 Պատուաստումի Բառացանկ
ժամադրութիւն Յիշեցնող Սարք


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania

Northern Territory 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania
Northern Territory


Share

3 min read

Published

Updated

By SBS/ALC Content

Presented by Vahe Kateb

Source: SBS




Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now