Քովիտ-19 թարմացում. Նիու Սաութ Ուելս աւելի մեծ ազատութիւններ կը խոստանայ պատուաստուած բնակիչներուն համար, Վիքթորիա կ'ընդարձակէ պատուաստումի իրաւունք ունեցողներու ցանկը

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 24 Օգոստոս 2021-ի թարմացումն է:

drive-through testing site at Shepparton Sports Precinct in Shepparton, Victoria, Tuesday, August 24, 2021.

صف رانندگان در پشت یک کلینیک سواره آزمایش کرونا در شهر شیپرتون Source: AAP Image/Daniel Pockett

  • Նիու Սաութ Ուելսի մէջ մինչեւ օրս վեց միլիոն բնակիչներ պատուաստուած են
  • Վիքթորիա կ'ընդարձակէ պատուաստի իրաւունք ունեցողներու ցանկը
  • Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը կ'արձանագրէ վարակումներու ամենաբարձր թիւը
  • Քուինզլանտ կ'արձանագրէ երկու տեղական փոխանցումի դէպքեր

Նիու Սաութ Ուելս

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 753 տեղական փոխանցումի նոր դէպքեր, որոնցմէ նուազագոյնը 49 համայնքին մէջ կը գտնուէին վարակիչ վիճակի մէջ:  

Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիքլեան յայտնեց որ նահանգին մէջ 6 միլիոն մարդիկ պատուասատուեցան, այս կը նշանակէ որ բնակչութեան 60 առ հարիւրը ստացած է պատուաստի նուազագոյնը առաջին դեղաչափը:

Մտահոգութեան առարկայ 12 տեղական կառավարական շրջաններուն մէջ, 16-էն 39 տարեկաններուն և երեխաներու խնամքի աշխատողներուն նախապատուութիւն կը տրուի պատուաստումի արձանագրութիւններուն համար:   

Առողջապահութեան իշխանութիւններ այս շաբաթուայ վերջաւորութեան, բոլորովին պատուաստուած բնակիչներուն համար, աւելի շատ ազատութիւններու մասին տեղեկութիւններ պիտի հաղորդեն: Այսօր արձանագրուեցէք ձեր պատուաստումին համար:

Վիքթորիա  

Վիքթորիա արձանագրեց 50 տեղական նոր փոխանցումներու դէպքեր, որոնցմէ տասը կապ չ'ունին ծանօթ բռնկումներու հետ: 39 համայնքին մէջ էին վարակիչ վիճակի մէջ:

Նահանգապետ Տանիէլ Անտրիուզ տեղեկացուց որ որեւէ անձ որ16 տարեկան է և աւելի վեր իրաւունք ունի ստանալու Ֆայզըր կամ ԱսդրաԶենեքա պատուաստը պետական պատուաստումներու կեդրոններուն մէջ Չորեքշաբթի 25 Օգոստոսէն:   

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը արձանագրեց 30 տեղական փոխանցումներու դէպքեր, որոնցմէ 17 համայնքն մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:

Kambah-ի և Brindabella Business Park-ի մէջ քննութեան վայրերը վաղը պիտի վերաբացուին փակուելէ ետք վատ եղանակին պատճառով:  

Այստեղ սեղմեցէք բռնկումներու վայրերու ցանկին համար: Կրնաք ստուգել եթէ ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստումի իրաւունք ունիք այստեղ:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Քուինզլանտ արձանագրեց երկու տեղական փոխանցումի դէպքեր որոնք ներկայիս հետազոտութեան կ'ենթարկուին:  
  • Doherty Institute հիմնարկը կը պնդէ որ 70-80 առ հարիւր պատուաստումի պարագային, Աւստրալիոյ համար ապահով պիտի ըլլայ վերաբացումը, չնայած վարակումներու թիւերուն, պայմանով որ հանրային առողջապահութեան միջոցները ուժի մէջ մնան:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:                                         




Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

NSW 
ACT 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

NSW 
ACT 
 

 


Share

Published

Updated

By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand