ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Նիու Սաութ Ուելսի և Քուինզլանտի իշխանութիւններ կը խնդրեն ժողովուրդէն որ տունը մնան

Այս Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 3 Օգոստոսի թարմացումն է:

Zahanati ya chanjo ya AstraZeneca katika kitongoji cha Wattle Grove

Zahanati ya chanjo ya AstraZeneca bila miadi katika kitongoji cha Wattle Grove, NSW Source: AAP Image/Joel Carrett

  • Նիու Սաութ Ուելս նպատակ ունի 6 միլիոն պատուաստումներ կատարել մինչեւ Օգոստոսի վերջաւորութիւնը
  • Քուինզլանտի վարակումներու թիւը կը բարձրանայ 47-ի:
  • Վիքթորիա կ'արձանագրէ չորս նոր դէպքեր:
  • Դաշնակցային կառավարութիւնը կը տրամադրէ յաւելեալ ՔՈՎԻՏ աջակցութեան վճարումներ:

Նիու Սաութ Ուելս

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 199 նոր տեղական փոխանցումի դէպքեր, որոնցմէ նուազագոյնը 50-ը համայնքին մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:

Գլխաւոր Առողջապահութեան Պաշտօնեայ Տոքթ. Քերրի Չանթ յիշեցուց որ մարդիկ չ'այցելեն ութը տեղական կառավարական շրջաններ բացի եթէ բացարձակապէս անհրաժեշտ է:  

Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիքլեան կ'ուզէ որ նահանգը 6 միլիոն պատուաստումներ արձանագրէ մինչեւ Օգոստոսի վերջը: Մինչեւ օրս, 3,9 միլիոն պատուաստումներ կատարուած են:  

Այստեղ գտէք պատուաստումի բուժարաններու ցանկը:

Քուինզլանտ

Քուինզլանտ արձանագրեց 16 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր, բոլորն ալ կապուած առկայ բռնկումին հետ:

Գլխաւոր Առողջապահութեան Պաշտօնեայ Տոքթ. Ժանէթ Եանկ կոչ ուղղեց 11 տեղական կառավարման շրջաններու բնակիչներուն, որ տուն մնան և քննուին անմիջապէս որ ախտանշաններ նշմարեն:

Ոստիկանութեան Յանձնակատարի Տեղակալ Սթիւ Կոլշեւսքի յայտնեց որ ոստիկանութիւնը 70 անձեր տուգանեց և 21 ուրիշներ ձերբակալեց որոնք չէին հնազանդէր հանրային առողջապահութեան հրահանգներուն:

Այստեղ գտէք ամենամօտիկ ՔՈՎԻՏ-19 ստուգումի կեդրոնները: Այստեղ գտէք քորոնաժահրի տեղեկութիւններ ձեր լեզուով:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Վիքթորիա արձանագրեց չորս նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր, բոլորն ալ կապուած առկայ բռնկումներու հետ և մեկուսացումի մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:
  • Անոնք որոնք կորսնցուցին գործի նուազագոյնը 8 ժամեր նահանգի հանրային առողջապահութեան հրահանգներուն պատճառով, իրենց սովորական վճարումէն դուրս, իրաւունք ունին օգտուելու ՔՈՎԻՏ-19 Աղէտի Վճարումէն, Այս նոր յաւելեալ օգնութեան դիմումները բացուեցան այսօր:

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

NSW Ճամբորդութիւն և փոխադրութիւն և Քառանթին

VIC Ճամբորդութեան անցագիր,  Արտասահմանէն ճամբորդներ, և Քառանթին

ACT Ճամբորդութիւն և Քառանթին

NT   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

QLD Ճամբորդութիւն և Քառանթին

SA   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

TAS Ճամբորդութիւն և Քառանթին

WA  Ճամբորդութիւն և Քառանթին

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:                                         


Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով. sbs.com.au/coronavirus


Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  

ՔՈՎԻՏ-19 Պատուաստումի Բառացանկ
ժամադրութիւն Յիշեցնող Սարք


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania

Northern Territory 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania
Northern Territory

 

 


Share

3 min read

Published

By SBS/ALC Content

Presented by Vahe Kateb

Source: SBS




Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now