- անձեր որոնք կապ ունեցած են Քանպերայի դպրոցի մը հետ, ստիպուած մեկուսացան Օմիքրոնի հետ շփում ունեցած ըլլալու կասկածանքով:
- Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց վեց նոր Օմիքրոն դէպքեր այս տարբերակի վարակումներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 31-ի:
- Դեկտեմբեր 17-էն, չպատուաստուած մարդիկ պիտի արգիլուին Քուինզլանտի մէջ ոչ-անհրաժեշտ ձեռնարկատիրական տեղերէն:
- Քուինզլանտի առողջապահութեան նախարարը տեղեկացուց որ Gold Coast-ի մէջ դրական դէպք մը կապուած է տարեցներու խնամքի հաստատութեան մը հետ, սակայն մինչեւ օրս հաստատութեան մէջ ոչ մէկը դրական արդիւնք տուած է:
- Աւստրալիական Կարմիր Խաչի հետազօտութիւնը ցոյց կ'ուտայ որ երեք անձերէն մէկը նուազ հետաքրքրուած է տօնական օրերէն բաղդատած նախորդ տարիներուն հետ և 61 առ հարիւրը մտահոգուած են խոցելի ընտանիքներէ և բարեկամներէ որոնք առանձին կրնան մնալ եթէ ճամբորդութեան արգելքները մնան:
ՔՈՎԻՏ-19 ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ.
Վիքթորիա արձանագրեց 1185 տեղական փոխանցումի դէպքեր և եօթը մահեր:
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 260 նոր համայքնային դէպքեր և երկու մահեր:
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը արձանագրեց երեք դէպքեր, Քուինզլանտ մէկ:
ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի դէմ առնուած քայլերու վերաբերեալ ձեր լեզուով, այցելեցէք այստեղ:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:
- Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով. sbs.com.au/coronavirus
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. NSW, Victoria, Queensland, Western Australia, South Australia, Northern Territory, ACT, Tasmania.
- Տեղեկութիւն ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի մասին ձեր լեզուով:
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար: