ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Մրցանշային թիւով հիւանդներ Նիու Սաութ Ուելսի հիւանդանոցներուն մէջ մինչ դէպքերը աճ կ'արձանագրեն Վիքթորիայի և Քուինզլանտի մէջ

Այս, Աւստրալիոյ քորոնա ժահրի լուրերու 4 Յունուար 2022-ի թարմացումն է:

sydney testing aap

Health care workers collect information from members of the public as they queue in their cars for a COVID-19 PCR test at the St Vincent’s Drive-through Clinic. Source: Credit: AAP Image/Bianca De Marchi

  • Նիու Սաութ Ուելս-ի մէջ մեծ թիւով մարդիկ վարակուած են և ուրիշներ հիւանդանոց կը մնան մինչ Օմիքրոն տարբերակը կը տարածուի նահանգին մէջ: Քովիտ-19ով վարակուած 1,344 մարդիկ կան հիւանդանոցին մէջ:
  • Նիու Սաութ Ուելսի ուսուցիչներու միութիւնը կոչ ուղղեց անմիջական հանդիպումի մը առողջապահութեան և կրթութեան պաշտօնեաներու հետ քննարկելու համար ապահովութեան հարցեր դպրոցական նոր տարեշարջանէն առաջ մինչ համաճարակը երթալով կ'աճի:
  • Այսօրուընէ սկսեալ, երկրորդ և երրորդ դեղաչափերու ժամանակաշրջանը նուազած է 4 ամսուայ և այս կը նշանակէ որ մօտ 7,5 միլիոն աւստրալիացիներ այժմ կրնան իրենց երրորդ սրսկումը ստանալ:  
  • Chemist Warehouse-ի տնօրէն Մարիօ Թասքոնէ կոչ ուղղեց դաշնային կառավարութեան որ չնչէ Ապրանքներու և Ծառայութիւններու Տուրքը (GST) առագ հակամարմին քննութիւններու վրայէն (rapid antigen test), գիները նուազեցնելու համար մինչ բանավէճերը կը շարունակուին թէ ով՞ պիտի վճարէ քննութիւններուն համար:
  • Առողջապահութեան Գլխաւոր Պաշտօնեայ Բժիշկ Ճոն Ճերար յայտնեց որ Երկուշաբթի օր Queensland Pathology-ի կատարած քննութիւններու 23 առ հարիւրը դրական էին:  
  • ԱՄՆ Առողջապահութեան և Մարդկային Ծառայութիւններու Գերատեսչութեան (HHS) հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն, չորս ամիսէ ի վեր առաջին անգամը ըլլալով, Միացեալ Նահանգներուն մէջ մօտ 100,000 մարդիկ ներկայիս հիւանդանոց կը մնան ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած:

ՔՈՎԻՏ-19 Վիճակագրական տուեալներ.

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 23,131 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր և երկու մահեր, մինչ Վիքթորիա արձանագրեց 14,020 նոր վարակումներու դէպքեր և երկու մահեր:

Քուինզլանտ արձանագրեց 5,699 նոր դէպքեր:  

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը (ACT) արձանագրեց 926 դէպքեր, մինչ 702 վարակումներ արձանագրուեցան Թազմանիայի մէջ:

ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի դէմ առնուած քայլերու վերաբերեալ ձեր լեզուով, այցելեցէք այստեղ: 


Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

NSW Ճամբորդութիւն և փոխադրութիւն և Քառանթին

VIC Ճամբորդութեան անցագիր,  Արտասահմանէն ճամբորդներ, և Քառանթին

ACT Ճամբորդութիւն և Քառանթին

NT   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

QLD Ճամբորդութիւն և Քառանթին

SA   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

TAS Ճամբորդութիւն և Քառանթին

WA  Ճամբորդութիւն և Քառանթին

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:                                         



Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  

ՔՈՎԻՏ-19 Պատուաստումի Բառացանկ
ժամադրութիւն Յիշեցնող Սարք


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania

Northern Territory 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania
Northern Territory


Share

3 min read

Published

Presented by Vahe Kateb




Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now