ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Նահանգներ կը յայտարարեն տնտեսական ծրարներու մասին մինչ Նիու Սաութ Ուելս և Վիքթորիա կ'արձանագրեն աւելի ցած վարակումներու դէպքեր

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 12 Հոկտեմբեր 2021-ի թարմացումն է:

COVID-19 update

Victorian Premier Daniel Andrews addresses the media during a press conference in Melbourne Source: AAP

  •  Նիու Սաութ Ուելս կը յայտարարէ ՔՈՎԻՏ-19 նպաստի ծրարի մը մասին ձեռներէցութիւններուն համար
  • Վիքթորիա մեծ ներդրումներ պիտի կատարէ առողջապահութեան ոլորտին մէջ
  • Դաշնային կառավարութիւնը երեխաներու մտային հիւանդութեան ծրարի մը մասին յայտարարութիւն կատարեց

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 1,466 նոր ՔՈՎԻՏ-19 տեղական փոխանցումներ և ութը մահեր: Հիւանդանոցներու մէջ գտնուող 675 անձերէն միայն 7 առ հարիւրը լրիւ պատուաստուած են:

Նահանգապետ Տանիել Անտրիուզ քաջալերեց վիքթորիացիները որ առաջ բերեն իրենց երկրորդ ժամադրութեան թուականը, եթէ հնարաւոր է:

Նահանգի վերաբացումէն առաջ, նահանգային կառավարութիւնը յայտարարեց առողջապահութեան խնամքի բազմամիլիոն տոլար ներդրումներու մասին:

$255 միլիոն պիտի տրամադրուի օգնելու համար առաջնագիծի ՔՈՎԻՏ հիւանդանոցի աշխատակազմին և $2.5 միլիոն պիտի տրամադրուի հաւաքագրելու համար 1000 առողջապահական խնամքի աշխատողներ, որոնք արտասահման կը բնակին:

Պատուաստումի կեդրոն մը գտէք ձեր մօտը:

Նիու Սաութ Ուելս   

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 360 նոր տեղական դէպքեր և հինգ մահեր:

Նահանգապետ Տոմինիք Փերրոթէ յայտարարեց ձեռներէցութեան օգնութեան ծրարի մը մասին:

Իրաւունք ունեցող առեւտրականներ պիտի կարենան $2,000 տոլար ետ պահանջել որոշ ծառայութիւններու և ծախքերու համար: Զգալի զեղչեր պիտի յատկացուին որոշ ձեռներէցութիւններու, որոնք կը գործեն շուտով փճացող ապրանքներու հետ Քրիսթմըսէն առաջ:

“Կ'ուզենք որ գործարարներ գիտնան որ իրենց դիկունքը կանգնած ենք” ըսաւ Պարոն Փերրոթէ:

Կը նախատեսուի որ նահանգը հատէ 80 առ հարիւր լրիւ պատուաստումի թիրախը մինչեւ Երկուշաբթի, յաջորդ նախաշեմը, յաւելեալ սահմանափակումներ մեղմացնելու համար:

Սեղմել այսօր ձեր պատուաստումի ժամադրութիւնը առնելու համար:

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասը արձանագրեց 28 նոր դէպքեր որոնցմէ 22ը կապուած յայտնի դէպքերու հետ:

Այստեղ սեղմեցէք ժամադրութիւն առնելու համար ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստին համար:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Քուինզլանտ ՔՈՎԻՏ-19-ի ոչ մէկ դէպք արձանագրեց:
  • Իրաւունք ունեցող աւստրալիացի բնակիչներու 82.8 առ հարիւրը ստացած են իրենց պատուաստի առաջին դեղաչափը և 63.4-ը լրիւ պատուաստուած են:
  • Դաշնակցային Առողջապահութեան նախարար Կրեկ Հանթ տեղեկացուց որ Հոկտեմբերի վերջաւորութենէն առաջ խորհուրդ պիտի ստանան չափահասներու խթանիչ սրսկումի մասին:

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

NSW Ճամբորդութիւն և փոխադրութիւն և Քառանթին

VIC Ճամբորդութեան անցագիր,  Արտասահմանէն ճամբորդներ, և Քառանթին

ACT Ճամբորդութիւն և Քառանթին

NT   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

QLD Ճամբորդութիւն և Քառանթին

SA   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

TAS Ճամբորդութիւն և Քառանթին

WA  Ճամբորդութիւն և Քառանթին

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:                                         



Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  

ՔՈՎԻՏ-19 Պատուաստումի Բառացանկ
ժամադրութիւն Յիշեցնող Սարք


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania

Northern Territory 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania
Northern Territory


Share

3 min read

Published

By SBS/ALC Content

Presented by Vahe Kateb

Source: SBS




Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now