Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 100 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 40 Victoria-ի, 30 New South Wales-ի (NSW) և 21 Queensland-ի մէջ:
Երկուշաբթի օր, Աւստրալիա նոր մրցանիշ մը արձանագրեց, համաճարակի սկզբնաւորութենէն ՔՈՎԻՏ-19-ով հիւանդանոց մնացողներու թիւով: 5,429 մարդիկ կային հիւանդանոցներու մէջ բաղդատած նախորդ բարձր թիւին Յունուարին որ 5390 էր:
Երեքշաբթի օր, թիւը յաւելում մը եւս կրեց 5,429-էն հասնելով 5,571-ի:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք այստեղ:
Nuvaxovid կը պարունակէ քորոնա ժահրի սուր ծայրի protein-ի մէկ մասը: Մարդու մարմնի վարակամերժ դրութեան բջիջները սուր ծայրի protein-ը կը նկատեն որպէս վտանգ և կը սկսին վարակամերժ պատասխան մը անոր դէմ: Պատուաստը կենդանի ժահր չի պարունակէր և չի կրնար ՔՈՎԻՏ-19 փոխանցել:
TGA վերատեսութեան կ'ենթարկէ բոլոր ՔՈՎԻՏ-19-ի իւրայատուկ տարրալուծարանի RAT քննութիւնները գիտնալու համար թէ որքան ճշգրտութեամբ կրնան բացայայտել Delta և Omicron տարբերակները:
TGA չի հերքէր որ այս քննութիւնները կրնան սխալ բացասական պատասխան տալ որովհետեւ ժահրը արդէն փոխուած է մի քանի անգամ 2019 թուականին առաջին անգամ յայտնաբերուելէ ետք:
"Այս պատճառով քննութեան սարքեր հնարաւոր է որ այլեւս չկարենան յայտնաբերել ժահրը, բացասական սխալ արդիւնք տալով" կ'ըսէ TGA:
The Age տեղեկացուց որ Royal Children's և Royal Melbourne հիւանդանոցները աւելի երեխա հիւանդներ ունին շնչարական «respiratory syncytial virus» (RSV) ժահրով քան ՔՈՎԻՏ-19-ով կամ հարբուխով:
Առողջապահութեան իշխանութիւններ կ'ըսեն որ RSV-ով կրնան վարակուիլ երեխաներ և չափահասներ: Կրնայ հարբուխ պատճառել վազող քիթով, փռնգտալով, կոկորդի ցաւով, ջերմութեամբ, գլխացաւով, և շնչառութեան դժուարութեամբ: Ներկայիս որեւէ պատուաստ չկայ RSV-ի դէմ:
Վերջին տուեալները ցոյց կ'ուտան որ ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի տոկոսը ցած է 5-11 տարեկան երեխաներու մօտ: Յուլիս 24-ին, 53 առ հարիւրը պատուաստուած էին մէկ դեղաչափով և 40 առ հարիւրը երկու դեղաչափով:
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ
Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները
Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով
Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ SBS Coronavirus portal.
