ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում: Վիքթորիա երկարաձգեց արգելափակումը եւս մէկ շաբաթով, Հարաւային Աւստրալիա յայտարարեց հինգերորդ աստիճանի սահմանափակումներ

Այս Աւստրալիոյ քորոնաժահրի լուրերու 20 Յուլիս 2021-ի թարմացումն է:

Wynyard railway station

Commuters wait for buses at Wynyard railway station in the central business district in Sydney, Tuesday, July 20, 2021. Source: AAP Image/Mick Tsikas

  • Վիքթորիայի սահմանափակումները երկարաձգուեցան մինչեւ Երեքշաբթի, 27 Յուլիս:
  • Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց իր հինգերորդ մահը ՔՈՎԻՏ-19 Տելթա բռնկումէն:
  • 5րդ աստիճանի սահմանափակումներ յայտարարուեցան Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ այս գիշեր ժամը 6-էն սկսեալ:
  • 10.1 միլիոնէ աւելի աւստրալիացիներ ստացան պատուաստի առաջին դեղաչափը, մինչ 2.8 միլիոն լրիւ պատուաստուած են:

 

Վիքթորիա

Նահանգապետ Տանիէլ Անտրիուզ յայտարարեց որ ներկայ արգելաբակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Երեքշաբթի 27 Յուլիս, երեկոյան ժամը 11:59:  

Վիքթորիա արձանագրեց 13 նոր տեղական ՔՈՎԻՏ-19-ի դէպքեր, ներառեալ մէկ խորհրդաւոր դէպք մը: Այս դէպքերէն ինը մեկուսացումի մէջ էին իրենց վարակիչ եղած շրջանին: Վիքթորիայի մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը 96 է:

Դէպի Վիքթորիա ճամբորդութիւնը, օգտագործելով կարմիր շրջանի թոյլտուութիւնը, ժամանակաւորապէս պիտի դադրի: Ձեռներէցութիւններու յաւելեալ օգնութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կը նախատեսուի որ տեղի ունենայ վաղը:  

Այժմ կան 15,800 մոտիկ շփումներ և 300-է աւելի շփումի վայրեր, ներառեալ վայրեր Ֆիլիբ Այլընտի մէջ, նահանգի հարաւային մասին մէջ, մինչեւ Միլտուրա հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ: Այստեղ գտէք, դէպքերու վայրերը ցանկի մը վրայ կամ քարտէսի մը մէջ:   

Նիու Սաութ Ուելս 

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 78 նոր տեղական ձեռք բերուած դէպքեր, այս դէպքերէն 21ը համայնքին մէջ: 50-ական տարեկան կին մը մահացաւ հարաւ-արեւմտեան Սիտնիի մէջ: Անոր մահը 61-րդն է Նիու Սաութ Ուելսի մէջ կապուած ՔՈՎԻՏ-19-ի հետ և հինգերորդը ներկայ բռնկումի ժամանակ:

Service NSW, ՔՈՎԻՏ արգելափակումի դրամաշնորհներու դիմումները սկսաւ փոքր և միջին ձեռներէցութիւններուն համար: Դիմումները պիտի փակուին 13 Սեպտեմբեր 2021 երեկոյան ժամը 11:59-ին: Յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելել՝ 2021 COVID-19 business grant – Guidelines:

Այստեղ գտնէք, դէպքերու վայրերը ցանկի մը կամ քարտէսի մը վրայ: Ներկայ արգելափակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ Ուրբաթ Յուլիս 30 երեկոյան ժամը 11:59:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին

  • Հարաւային Աւստրալիա արձանագրեց հինգ նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր համայնքին մէջ: Նահանգապետ  Սթիվըն Մարշալ յայտարարեց 5րդ աստիճանի սահմանափակումներու մասին այս գիշեր ժամը 6-էն մինչեւ նուազագոյնը Երեքշաբթի 27 Յուլիս: Ներկայիս կան 16 շփումի վայրեր: Այստեղ գտէք, դէպքերու վայրերը ցանկի մը վրայ:
  • Քուինզլանտ արձանագրեց քորոնաժահրի մէկ նոր տեղական փոխանցումի դէպք:
  • Արեւմտեան Աւստրալիոյ Ֆրիմանթըլ նաւահանգիստին մէջ խարիսխ նետած բեռնատար նաւուն ախտանշաններ ունեցող 8 անձնակազմը ՔՈՎԻՏ-19-ի դրական արդիւնք տուին:
ՔՈՎԻՏ-19 Աղէտի Վճարումը կրկնուող շաբաթական վճարում մըն է որ կը տրուի անհատներու, որոնք կ'ապրին Հասարակապետութեան կողմէ յայտարարուած թէժ կէտերու մէջ, ուր եօթը օրէ աւելի սահմանափակումները պատճառ կը դառնան աշխատանքի նուազած ժամերու և եկամուտի կորուստի: Տեղեկութիւն առկայ է 60-է աւելի լեզուներով մինչ բազմալեզու հեռաձայնի ծառայութիւն առկայ է 131202 համարով:



ՔՈՎԻՏ-19 ԱՌԱՍՊԵԼ.

ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը ապահով չէ որովհետեւ արագ կերպով ստեղծուեցաւ:

ՔՈՎԻՏ-19 ՓԱՍՏ.

Իրաքանչիւր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստ, թոյլատրուելէ առաջ որ սրսկուի, պէտք է համապատասխանէ Աւստրալիոյ Բուժական Ապրանքներու Վարչութեան ապահովութեան, որակի և արդիւնաւէտութեան խիստ պահանջներուն: Աւստրալիոյ Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը պիտի շարունակէ մոտիկէն հսկել պատուաստները, արագօրէն յայտնաբերելու և պատասխանելու առաջ եկող ապահովութեան հարցերու թէ Աւստրալիոյ և թէ արտասահմանի մէջ: Թողարկելէ առաջ, Աւստրալիոյ Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը կը հսկէ նաեւ իւրաքանչիւր պատուաստի խմբաքանակի վրայ, որ Աւստրալիա կը փոխադրուի:

Միացեալ Նահանգներու մէջ, հանրային առողջապահութեան տուեալներու ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ որ երկրին մէջ գրեթէ բոլոր ՔՈՎԻՏ-19 մահերը մարդիկ էին որոնք պատուաստուած չէին:

Յունիսին, տեղեկագիր մը թողարկուած Public Health England-ի կողմէ ցոյց տուաւ որ Փետրուար ամիսէն հիւանդանոց ընդունուած Տելթա տարբերակի 223 դէպքերէն 103-ը պատուաստուած չէին կամ միայն պատուաստի մէկ դեղաչափ ստացած էին:


 

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

NSW 
ACT 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

NSW 
ACT 

Share

Published

By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand