SKIP TO MAIN CONTENT

ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Վիքթորիա յայտարարեց Սրճագոյն Իրավիճակ հիւանդանոցներուն համար մինչ երկիրը արձանագրեց համաճարակի ամենամահացու օրը

Այս, Աւստրալիոյ քորոնա ժահրի լուրերու 18 Յունուար 2022-ի թարմացումն է:

Paramedics are seen tending to their ambulance outside St Vincent hospital in Melbourne.
Paramedics are seen tending to their ambulance outside St Vincent hospital in Melbourne. Source: AAP

3 min read

Published

Updated

Presented by Vahe Kateb



Skip to article content

  • ՔՈՎԻՏ-19-ի մրցանշային 74 մահեր արձանագրուեցան, Նիու Սաութ Ուելսի, Վիքթորիայի և Քուինզլանտի մէջ: Համաճարակի ամենաբարձր օրական  մահերը Աւստրալիոյ մէջ:
  • Վիքթորիա յայտարարեց Սրճագոյն Իրավիճակ բոլոր հիւանդանոցներուն համար մինչ Օմիքրոն կ'ազդէ առողջապահական ծառայութիւններուն վրայ:
  • Վիքթորիայի վարչապետի տեղակալ Ճէյմս Մերլինո յայտնեց որ առողջապահական դրութեան մէջ աշխատուժի լուրջ պակաս կայ:
  • Հրահանգը, որ պիտի գործէ նաեւ վեց շրջանային հիւանդանոցներուն համար, կը նշանակէ որ հիւանդանոցի անձնակազմը կրնայ ետ գործի կանչուիլ արձակուրդէն և ոչ անհրաժեշտ խնամքը կրնայ հետաձգուիլ:  
  • Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 29,830 նոր դէպքեր – մեծամասնութիւնը արձանագրուեցաւ PCR ստուգումներու հետեւանքով – մինչ 2,850 մարդիկ հիւանդանոցի մէջ են որոնցմէ 209 վերակենդանացման բաժնին մէջ:
  • Sydney Morning Herald տեղեկացուց որ նահանգի 1.2 միլիոն աշակերտները պէտք է RAT ստուգումներ կատարեն շաբաթը երկու անգամ դպրոց վերադառնալու համար:
  • Թազմանիայի մէջ կէս գիշերէն, լրիւ պատուաստուած ճամբորդներ պէտք չ'ունին արձանագրելու իրենց ճամբորդութիւնը կամ ՔՈՎԻՏ-19 ստուգում կատարեն ճամբորդելէ առաջ, սակայն, օրէնքները անփոփոխ կը մնան չպատուաստուածներուն համար:
  • Դպրոցական նոր տարին երկու շաբաթ ուշ պիտի սկսի Քուինզլանտի մէջ մինչ առողջապահական իշխանութիւններ ուշացնելու որոշում կայացուցին տիրող կացութեան հետեւանքով:
  • Մինչ Քուինզլանտ արձանագրեց 16 մահեր, Առողջապահութեան նախարար Իվէթ Տ'աթ, հիւանդանոցներ այցելողներուն համար  օրէնքներու փոփոխութիւններ կատարեց նուազեցնելու համար ժահրի տարածումի հնարաւորութիւնը առողջապահական հաստատութիւններուն մէջ:  
  • Աճող դէպքերու հետեւանքով, Եւրոպական Միութիւնը պիտի խստացնէ ՔՈՎԻՏ-19 ճամբորդութեան օրէնքները Աւստրալիայէն, Արժենթինէն և Քանատայէն չպատուաստուած ժամանողներուն համար: 

Որոշ նահանգներ հաստատեցին RAT արձանագրութեան հարցարաններ:  

ՔՈՎԻՏ-19 Տուեալներ.

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 29,830 նոր դէպքեր և 36 մահեր, մինչ Վիքթորիա արձանագրեց 20,180 նոր դէպքեր և 22 մահեր:

Քուինզլանտ արձանագրեց 15,962 դէպքեր և 16 մահեր, մինչ Թազմանիա արձանագրեց 1,310 դէպքեր:

ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի դէմ առնուած քայլերու վերաբերեալ ձեր լեզուով, այցելեցէք այստեղ: 

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

NSW Ճամբորդութիւն և փոխադրութիւն և Քառանթին

VIC Ճամբորդութեան անցագիր,  Արտասահմանէն ճամբորդներ, և Քառանթին

ACT Ճամբորդութիւն և Քառանթին

NT   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

QLD Ճամբորդութիւն և Քառանթին

SA   Ճամբորդութիւն և Քառանթին

TAS Ճամբորդութիւն և Քառանթին

WA  Ճամբորդութիւն և Քառանթին

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Այստեղ սեղմեցէք Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին Smart Traveller կայքին վրայ:                         

Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով. sbs.com.au/coronavirus


Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  

ՔՈՎԻՏ-19 Պատուաստումի Բառացանկ
ժամադրութիւն Յիշեցնող Սարք


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania

Northern Territory 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

NSW 

Victoria 

Queensland 

South Australia 

ACT 

Western Australia 

Tasmania
Northern Territory


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Stream now