- Այսօրուընէ սկսեալ, Արեւմտեան Աւստրալիոյ, տուներու բնակիչներուն պիտի տրամադրուի մինչեւ 15 ձրի անհատական Rapid Antigen Test-եր
- 10 յաւելեալ քննութեան սարքեր ինքնաբերաբար պիտի ուղարկուին անոնց, որոնք արձանագրուած էին երբ նահանգային կառավարութիւնը սկզբնական շրջանին նուիրած էր 5 RAT-եր իւրաքանչիւր տան համար:
- Արեւմտեան Աւստրալիոյ Առողջապահութեան նախարար Ամպըր-Ճէյտ Սանտըրսըն երէկ բացումը կատարեց նոր 24 անկողին ունեցող վերակենդանացման բաժինի մը Royal Perth հիւանդանոցին մէջ, որ հիւանդներ պիտի ընդունի վաղուընէ:
- Նախարար Սանտըրսըն յայտնեց որ "այս հաստատութեան բացումը ժամանակին տեղի կ'ունենայ վերջին շրջանին Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-ի դէպքերու բազմացումի լոյսին տակ և նահանգի վերակենդանացման բաժնի անկողիններու թիւը կը հասցնէ 145-ի:"
- Քուինզլանտի Առողջապահութեան նախարար Իվէթ Տաթ երէկ ընկերային մամուլով տեղեկացուց որ ՔՈՎԻՏ-19-ի դրական արդիւնք տուած է:
- Քուինզլանտի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Սքոթ ՄքՏուկալ խորհրդարանին մէջ մարտահրաւէր ուղղեց նախարար Տաթի պահանջին դէմ երկարաձգելու գլխաւոր առողջապահական պաշտօնեայի արտակարգ դրութեան իշխանութիւնները մինչեւ Հոկտեմբեր:
- Հարաւային Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-Պատրաստ Յանձնախումբը կը հանդիպի այս առտու քննարկելու համար սահմանափակումներու յաւելեալ թեթեւացումը նահանգին մէջ, ներառեալ դիմակներու կրումը և մեկուսացումի պահանջները մօտիկ շփումներու համար:
ՔՈՎԻՏ-19 Աւստրալիական Տուեալներ
Նիու Սաութ Ուելս տեղեկացուց որ 1,032 հիւանդներ կան հիւանդանոցին մէջ որոնցմէ 38 վերակենդանացման բաժնին մէջ: 6 մահեր կան և 10,689 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր:
Վիքթորիայի մէջ, 197 հիւանդներ կը գտնուին հիւանդանոցի մէջ որոնցմէ 24 վերակենդանացման բաժնին մէջ և 6 օդափոխիչներու վրայ: 4 մահեր կան և 7,460 նոր վարակումներ:
Թազմանիա արձանագրեց 1,376 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր: ՔՈՎԻՏ-19-ով 14 հիւանդներ կան հիւանդանոցին մէջ, որոնցմէ երեքը վերակենդանացման բաժնին մէջ:
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասին մէջ (ACT) 40 հիւանդներ այժմ կը գտնուին հիւանդանոցին մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ով, որոնցմէ չորսը վերակենդանացման բաժնին մէջ կը գտնուին: Կայ մէկ մահ և 786 նոր վարակումի դէպքեր:
Քուինզլանտի մէջ, կան 5,589 ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքեր և տասը մահեր: 246 հիւանդներ կը մնան հիւանդանոցին մէջ ՔՈՎԻՏ-19ով վարակուած և 19 հիւանդներ կը մնան վերակենդանացման բաժնին մէջ:
Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ, 129 մարդիկ ներկայիս հիւանդանոցի մէջ են ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած և անոնցմէ տասը վերակենդանացման բաժնին մէջ են և մէկը օդափոխիչի վրայ: 2,380 նոր դէպքեր կան և 3 մահեր:
Հիւսիսային Հողամասին մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի 295 նոր դէպքեր կան : 31 մարդիկ ներկայիս կը գտնուին հիւանդանոցի մէջ և 2 հիւանդներ վերակենդանացման բաժնին մէջ:
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ
Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները
Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով
Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ SBS Coronavirus portal.
