Հիմնական Կէտեր
- • Աւստրալիա պիտի գործարկէ անմիջական խնամքի 50 բուժարաններ թեթեւ արտակարգ դրութիւններու համար
- • Նախկին վարչապետ Սքոթ Մորիսըն պաշտպանեց իր "գաղտնի նշանակումները"
- • Pfizer Գործադիր տնօրէն Ալպըրդ Պուրլա դրական արդիւնք տուաւ ՔՈՎԻՏ-19-ի
Երեքշաբթի օր Աւստրալիա տեղեկացուց նուազախգոյնը 73 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 24 New South Wales-ի, 20 Victoria-ի և 17 Queensland-ի մէջ:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք այստեղ:
Ան տեղեկացուց որ Մոտերնայի նոր mRNA յարմարութիւնը Մելպըրնի մէջ ամէն տարի 100 միլիոն պատուաստներ պիտի արտադրէ: Ան յայտնեց որ կառավարութիւնը կրնայ բանակցիլ ընկերութեան հետ պատուաստներ արտադրելու համար այլ շնչառական հիւանդութիւններու համար:
Վարչապետ Անթընի Ալպանեզէ հաստատեց որ նախկին վարչապետ Սքոթ Մորիսըն ինքզինք նշանակած է նուազագոյնը հինգ նախարարութիւններու, ներառեալ առողջապահութեան, ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի ժամանակ:
Պարոն Ալպանեզէ յայտնեց որ համաճարակէն ետք, կանոնաւոր քննութիւն պիտի կատարուի թէ ինչպէս ղեկավարուած է ՔՈՎԻՏ-19 ճգնաժամը:
Պարոն Մորիսըն Սիտնիի 2GB ռատիոկայանին տեղեկացուց որ այս նշանակումները կատարուած էին որպէս երաշխիք ՔՈՎԻՏ-19-ի դէմ:
Պրիթանիա հաւանութիւն տուաւ Մոտերնայի թարմացուած ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստին որ կը թիրախաւորէ սկզբնական և Օմիքրոն տարբերակները: Պատուաստը կարելի է օգտագործել 18 տարեկանէն վեր անձերու համար:
Pfizer-ի Գործադիր տնօրէն Ալպըրդ Պուրլա դրական արդիւնք տուաւ ՔՈՎԻՏ-19-ի:
Պարոն Պուրլա որ Pfizer պատուաստի բոլոր չորս դեղաչափերը ստացած է շատ թեթեւ ախտանիշներ ունի: Յայտարարութեամբ մը, ընկերութիւնը տեղեկացուց որ ան հակաժահրային Paxlovid դեղը կը գործածէ:
Կարդացէք ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներու վերաբերեալ
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
ACTNew South WalesNorthern TerritoryQueensland
South AustraliaTasmaniaVictoriaWestern Australia
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք
ACTNew South WalesNorthern TerritoryQueensland
South AustraliaTasmania Victoria Western Australia
Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ
Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները
Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով
Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ SBS Coronavirus portal.
