Feature

Ծայրայեղ եղանակ, ՔՈՎԻՏ-19 և Ընտանեկան բռնութիւն. Ուր՞ հեռաձայնել եթէ արտակարգ դրութեան մէջ կը գտնուիք

Կարեւոր է գիտնալ թէ ուր՞ պէտք է հեռաձայնել արտակարգ դրութեան իրավիճակի մէջ, ներառեալ մտային առողջութեան օգնութիւն ստանալու և ընտանեկան բռնութեան ծառայութիւններու համար: Այստեղ գտէք որոշ կազմակերպութիւններ և անոնց հեռաձայնի թիւերը եթէ տօնական օրերուն կարիքը ունենաք:

AAP

Source: AAP

Մինչ ՔՈՎԻՏ-19 վարակումներու թիւերը կը բազմանան երկրի տարածքին, նահանգային առողջապահական կազմակերպութիւններ կ'աշխատին ապահովելու համար որ անոնք որոնք բժշկական օգնութեան կարիքը ունին, պէտք եղած խնամքը կը ստանան:

Սակայն համաճարակը միակ խնդիրը չէ որ պիտի դիմագրաւենք այս տօնական օրերուն:

Ծայրայեղ եղանակի դէպքերը, ինչպէս անտառային հրդեհներ և ջրհեղեղներ, պատճառ կրնան դառնալ որ կապ հաստատենք արտակարգ դրութեան ծառայութիւններուն հետ:

Այս շրջանին նաեւ վճռական կը դառնան մտային առողջութեան և ընտանեկան բռնութեան ծառայութիւնները:

Ահաւասիկ որոշ ծառայութիւններ և անոնց կապի տուեալները:

Եռապատիկ Զէրօ և ծայրայեղ եղանակ

Հեռաձայնել Եռապատիկ Զէրօ (000) հրդեհի, բժշկական կամ ոստիկանական արտակարգ իրավիճակներու ժամանակ: Ջրհեղեղի, փոթորիկներու և ցունամիի ժամանակ հեռաձայնել Նահանգի Արտակարգ Դրութիւններու Ծառայութիւն (SES) 132 500:

Եռապատիկ Զէրօ թարգմանիչներ չ'ունի և եթէ անգլերէն չէք խօսիր, ձեր զանգը կը փոխանցուի ձեր մայրաքաղաքի ոստիկանութեան և երբ կապը հաստատուած է, թարգմանիչ մը կը կարգադրուի ձեզի համար:

Աւստրալիա ունի նաեւ երկու այլ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան թիւեր, սակայն անոնք կը գործեն միայն որոշ ծառայութիւններու վրայ.

  • 112 կարելի է զանգել միայն շրջուն հեռաձայնով:
  • 106 կարելի է օգտագործել միայն teletypewriter-ով (TTY) կամ խուլերու համար սարքով մը: 106-ը, գրաւոր արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւն մըն է մարդոց համար որոնք խուլ են կամ լսելու և խօսակցութեան անկարողութիւն ունին:

ՔՈՎԻՏ-19 կապեր և պատուաստում

ՔՈՎԻՏ-19-ի և պատուաստներու վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութեան համար հեռաձայնել Ազգային Քորոնաժահրի Թէժ Գիծ (National Coronavirus Hotline) 1800 020 080:

Այս գիծը կը գործէ օրական 24 ժամ, շաբաթական 7 օր և յաւելեալ հնարաւորութիւններ ունի առաջնութիւն ունեցող խումբերուն համար:

Թէժ գիծը կրնայ օգնել  յայտնաբերելու համար պատուաստի բուժարան մը և կապի տուեալները տրամադրել ժամադրութիւն առնելու համար, սակայն անոնք որոնք հեռաձայնին կը պատասխանեն, չեն կրնար ուրիշի անունով ժամադրութիւն առնել:

Ժամադրութիւն առնելու համար ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի համար, գործածել COVID-19 Vaccine Eligibility Checker.

Beyond Blue ունի Քորոնա ժահրի Մտային Բարօրութեան Օգնութեան Ծառայութիւն օգնելու մարդոց որ յաղթահարեն համաճարակի ազդեցութիւնները – անոնց հեռաձայնի թիւն է 1800 512 348:

Կապուելու համար թարգմանիչի մը հետ ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19-ի մասին տեղեկութիւններու համար Աւստրալիական Թարգմանութեան և Բանաւոր Թարգմանութեան Ծառայութիւններու (ATIS) միջոցով, հեռաձայնել  1800 131 450:

Ձեր նահանգին մէջ ներկայ սահմանափակումներու վերաբերեալ թարմացուած կրնաք մնալ սահմանափակումներ նշողի միջոցով:

ՔՈՎԻՏ-19-ի դէմ ձեռք առնուած առողջութեան և օգնութեան միջոցներու վերաբերեալ ձեր լեզուով, այցելել՝ sbs.com.au/coronavirus:

Ոչ-արտակարգ իրավիճակներու ոստիկանութեան և հրդեհի դէպքեր

Ոստիկանութեան Օգնութեան Գիծ - 131 444: Արտակարգ իրողութիւններէ դուրս դէպքերու վերաբերեալ կապ հաստատել ոստիկանութեան հետ:

​Crime Stoppers - 1800 333 000: Հեռաձայնել եթէ տեղեկութիւն ունիք որ կրնայ ոճիռ մը լուծել: ​

Ոչ-արտահերթ հրդեհի դէպքի պարագային կապուիլ ձեր նահանգի կամ հողամասի ծառայութեան հետ:

Մտային առողջութեան աջակցութիւն և թարգմանութեան ծառայութիւններ

Lifeline - 131 114: Ազգային այս բարեգործական կազմակերպութիւնը անձնական ճգնաժամի մէջ գտնուող աւստրալիացիներուն կը տրամադրէ 24 ժամական ճգնաժամի օգնութիւն: Օգտագործել Lifeline Ծառայութիւն Գտնողը գտնելու համար ձեր շրջանի ծառայութիւնները:

Kids Helpline - 1800 551 800: Այս ձրի հեռաձայնի և առցանց խորհրդատուական ծառայութիւն մըն է երիտասարդներուն համար որոնք 5-էն 25 տարեկան են և որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին:

Australian Translating and Interpreting Service (ATIS)131 450: Այս թարգմանական ծառայութիւնը կը տրամադրուի Տնային Հարցերու Գերատեսչութեան կողմէ մարդոց, որոնք անգլերէն չեն խօսիր և գործակալութիւններու և ձեռներէցութիւններու համար որոնք պէտք ունին հաղորդակցելու ոչ-անգլիախօս իրենց յաճախորդներուն հետ:

Mensline Australia - 1300 789 978: Յատուկ 24 ժամական խորհրդատուական ծառայութիւն մըն է մարդոց համար որոնք յարաբերութիւններու և ընտանեկան մտահոգութիւններ ունին:

Beyond Blue - 1300 224 636: 24 ժամական օգնութիւն կը տրամադրէ անձերու որոնք ընկճուածութեան, անձնասպանութեան, անցկութեան խանգարումներ և մտային այլ  հիւանդութեան հարցեր կը դիմագրաւեն:

Suicide Call Back Service – 1300 659 467: 24 ժամական խորհրդատուական ծառայութիւն անձնասպանութեան կանխարգիլման և մտային առողջութեան վերաբերեալ հեռաձայնով, առցանց և տեսակապի միջոցով:

Relationships Australia - 1300 364 277: Յարաբերութիւններու օգնութեան ծառայութիւններ կը տրամադրէ անհատներու, ընտանիքներու և համայնքներուն:

National Debt Helpline - 1800 007 007: Այս ձրի և գաղտնի խորհրդատուական ծառայութիւն մըն է մասնագէտ ֆինանսական խորհրդատուներու կողմէ:

Ընտանեկան բռնութեան աջակցութիւն

1800RESPECT -1800 737 732: Այս 24 ժամական ազգային սեռային յարձակումի, ընտանեկան և տնային բռնութեան խորհրդատուական գիծ մըն է:

Australian Childhood Foundation - 1300 381 581: Ազգային բարեգործութիւն մը որ նախընտրութիւն կ'ուտայ երեխաներու ապահովութեան և բարօրութեան, անոնց տրամադրելով խորհուրդ, շահերու պաշտպանութիւն, կրթութիւն, երեխաներու չարաշահումի կանխարգիլումի ծրագիրներ և հետազօտութիւն:

No to Violence - 1300 766 491: Սոյն կազմակերպութեան գլխաւոր մտահոգութիւնն է կանանց և երեխաներու բարեկեցութիւնը:

WESNET - 1800 937 638: Ջատագովական մարմին մըն է որ կ'աշխատի կանանց և երեխաներու օգտին, որոնք ենթակայ են կամ ենթարկուած են տնային կամ ընտանեկան բռնութեան:

Elder Abuse Help Line 1800 353 374: Ձրի տեղեկութիւն և աջակցութեան ծառայութիւններ կը տրամադրէ մարդոց, որոնք կ'ենթարկուին կամ ականատես կ'ըլլան տարեց անձի մը չարաշահութեան:

Տնային բռնութեան նահանգային յաւելեալ ծառայութիւններու համար սեղմել այստեղ:  


Share

Published

Presented by Vahe Kateb

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand