Հինգ բաներ որ իսկոյն կրնանք ընել բարելաւելու համար մեր առողջութիւնը և բարօրութիւնը

Առողջութեան և բարօրութեան պահպանութիւնը շարք մը օգուտներ ունի և յաճախ եթէ չկարենանք այդ իրականացնել կրնայ վատ հետեւանքներ ունենալ մեր ֆիզիքական և մտային առողջութեան վրայ:

Սոյն պատմութիւնը մաս կը կազմէ SBS-ի նախաձեռնութեան որ կը կոչուի Ուշադրութիւն Դարձուցէք Ձեր Առողջութեան

Սոյն պատմութիւնը մաս կը կազմէ SBS-ի նախաձեռնութեան որ կը կոչուի Ուշադրութիւն Դարձուցէք Ձեր Առողջութեան Source: iStockphoto / DisobeyArt/Getty Images/iStockphoto

Ֆիզիքական գործունէութիւնը և հաւասարակշռուած սննդակարգի պահպանումը երկու բաներ են որոնք կրնանք կատարել ամէն օր պահպանելու համար լաւ առողջութիւն, կ'ըսէ Էն Թիտմըն, Ֆիզիքական Գործունէութեան և Առողջապահութեան Փրոֆէսօր մը:

Առողջ կեանք ունենալու համար կարելի է ձեռք առնել նաեւ այլ միջոցներ ինչպէս՝ սահմանափակել ոգելից ըմպելիքներու գործածութիւնը, ծխելը դադրեցնել և ընկերային աշխոյժ կեանք ունենալ:

1. ֆիզիքական գործունէութիւն

Փրոֆէսօր Թիտմըն կ'ըսէ որ բազմաթիւ ապացոյցներ կան որ ֆիզիքապէս գործունեայ ըլլալը կը քաջալերէ ոչ միայն ֆիզիքական, մտային և ընկերային առողջութիւնը այլ նաեւ առաջքը կ'առնէ, տարիքը առնելէ ետք, շարք մը հիւանդութիւններու:

Մարդ մը ինչ որ այսօր կամ այս շաբաթ կ'ընէ յետագային կրնայ օգուտ բերել, կը բացատրէ Սիտնի Համալսարանի մասնագէտը:

Թէ անհատ մը որքան՞ ֆիզիքական գործունէութեան պէտք է մասնակցի, Փրոֆ Թիտմըն կը մէջբերէ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան ուղեցոյցը, որ առաջարկութիւններ կը տրամադրէ անձի մը տարիքին համաձայն և եթէ անձ մը մշտական հիւանդութիւն մը կամ անկարողութիւն մը ունի:

“Ֆիզիքական գործունէութեան գլխաւոր պատգամը այն է որ լաւ է բոլորին համար, չնայած թէ ինչ տարիքի կամ անկարողութեան մակարդակի վրայ կը գտնուի անձ մը”:

“Նոյնիսկ եթէ չէք կրնար ուղեցոյցին մէջ առաջարկուած ֆիզիքական շարժումի քանակը իրագործել, շատ յստակ հետազօտութիւններէ գիտենք որ մարզանքի կամ ֆիզիքական գործունէութեան որեւէ քանակ բարենպաստ է և քիչ մը աւելի ֆիզիքական շարժում ընելը, քան ներկայիս կը կատարէք, նպաստաւոր է ձեր առողջութեան":

Ան կը բացատրէ որ ֆիզիքական գործունէութիւնը կրնայ տարբեր ձեւերով տեղի ունենալ և պայման չէ որ ծրագրուած մարզանք կամ մարզական խումբով ըլլայ:

“Կրնաք ձեր հանգստեան ժամերուն դուրսը քալել, կամ կրնաք ձեր տան մէջ աշխատանքներ կատարել կամ պարտէզը աշխատիլ այս բոլորը կը քաջալերեն առողջութիւնը”:

2. Պահպանել հաւասարակշռուած սննդակարգ մը

Փրոֆէսօր Թիտմըն կ'ըսէ որ կարեւոր է պահպանել հաւասարակշռուած սննդակարգ մը նուազեցնելու համար երկարաժամկէտ հիւանդութեան վտանգի գործօնները և նուազեցնելու համար նաեւ չափէն աւելի ճարպակալումի վտանգը:

“Բոլոր այս բաները իսկապէս կարեւոր են. հաւասարակշռուած սննդակարգ մը ուտել և նուազեցնել շատ մշակուած ուտելիքներու և շաքարի չափազանց օգտագործումը, որ մեծ հարց մըն է հասարակութեան մէջ”:

Աւստրալիական Սննդակարգային Ուղեցոյցը տեղեկութիւն կը տրամադրէ ուտեստեղէններու տեսակի և չափի, սնունդի խումբերու և սննդակարգային օրինակներու վերաբերեալ:

Աւստրալիացիները կը քաջալերէ որ վայելեն շարք մը այլատեսակ սննդարար ուտելիքներ հինգ ուտելիք խումբերէն, միաժամանակ սահմանափակելով այն ուտելիքները, որոնք կը պարունակեն ճարպաիւղ, աւելցուած աղ ու շաքար և ալքոլ:

3. Սահմանափակել ոգելից ըմպելիքները և դադրեցնել ծխելը

Ալքոլը սահմանափակելու և ծխելը լրիւ դադրեցնելու հարցերով, Փրոֆէսօր Թիտմըն կ'ըսէ որ “Գիտենք որ ասոնք իսկապէս կարեւոր կենցաղային վտանգի գործօններ են շատ մը հիւանդութիւններու համար”: 

Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան համաձայն, ոգելից ըմպելիքներու սպառումը 3 միլիոն մահերու պատճառ կը դառնայ աշխարհի տարածքին, ինչպէս նաեւ միլիոնաւոր մարդոց անկարողութիւններուն և առողջական խնդիրներուն:

Առողջապահութեան և Բարօրութեան Աւստրալիական Հիմնարկի տուեալները ցոյց կ'ուտան որ 2020 թուականին, 1452 ալքոլի վերաբերեալ մահեր արձանագրուած են որոնց մեծամասնութիւնը (73 առ հարիւրը) տղամարդիկ:

Աւստրալիական Ալքոլի Ուղեցոյցը, վերատեսութեան ենթարկուած 2020-ին, սպառումի ուղեցոյց կ'ուտայ նուազեցնելու համար ալքոլ խմելու առողջութեան վտանգները:

Բացի այդ, Քաղցկեղի Խորհուրդը կ'առաջարկէ 12 խորհուրդներ դադրեցնելու համար ալքոլի սովորութիւնները, որոնք կ'ընդգրկեն առանց ալքոլի օրեր և ջուրի օգտագործումը ծարաւը յագեցնելու համար:

Կ'ենթադրուի որ ծխելը կը սպաննէ տարեկան 20,500 աւստրալիացիներ (բոլոր մահերու 13 առ հարիւրը)

Կը նուազեցնէ նաեւ մարդու մը կեանքի տեւողութիւնը և որակը, միաժամանակ աւելցնելով բազմաթիւ հիւանդութիւններու և կանուխէն մահանալու վտանգը:

4. Ընկերային աշխոյժ կեանք ունենալ

Փրոֆէսօր Թիտմըն յայտնեց որ առանձնութիւնը “մեծ խնդիր” մըն է հասարակութեան մէջ, և այդ կրնայ պատահիլ նոյնիսկ երբ անձ մը շրջապատուած է ուրիշներով, որովհետեւ յաճախ “կապակցութեան բացակայութիւն կայ”:

“Կապուած ըլլալու զգացում մըն է ձեզ շրջապատող անձերու հետ և կապուած զգալը հասարակութեան հետ որու մէջ մենք կ'ապրինք”:

“Այսինքն դուք բան մը կը նշանակէք այլ մարդոց և նաեւ ցոյց կ'ուտաք որ կը հետաքրքրուիք ուրիշներով: Մարդկային այդ կապը իսկապէս կարեւոր է”:

Ան կ'ըսէ որ կապը կարելի է ստեղծել մի քանի տարբեր ձեւերով, ներառեալ կամաւոր դառնալով և գործօն աշխատանք տանելով համայնքին մէջ:

“[կամաւոր դառնալը] կրնայ միջոց մը ըլլալ կապ հաստատելու համար այլ մարդոց հետ, խումբի մը մաս կազմելով և միասին ունենալով հասարակաց նպատակ մը”:

Սակայն, ան կը բացատրէ որ որոշ մարդիկ կը սիրեն առանձնութիւնը:

“Նոյնիսկ եթէ [այս անհատները] առանձին են, սակայն տակաւին կապ կրնան պահել այլ միջոցներով”:

Beyond Blue միջոցներ կ'առաջարկէ ընկերային կապեր ունենալու համար օգտագործելով տարբեր միջոցներ ինչպէս Skype, Zoom, FaceTime կամ House Party, որ թոյլ կ'ուտայ մարդոց որ խմբային կապ հաստատեն և տեսաերիզով զրոյց ունենան:

Beyond Blue կ'առաջարկէ նաեւ կազմակերպել կանոնաւոր ընկերային հանդիպումներ. գիրքի ակումբի, ընտանեկան ընթրիքներու, պարային երեկոներու միջոցով, կամ երեկոները անցընել զրուցելով ընկերներու հետ:

5. Խնամք տարէք դուք ձեզի և ձեր հարազատներուն

ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի սահմանափակումները լաւ օրինակ էին թէ ինչու՞ կարիքը կայ որ մենք մեզի խնամենք և նաեւ մեր հարազատներուն, կ'ըսէ Փրոֆէսօր Թիտմըն: 

“Կարծեմ այդ շատ կարեւոր է: Անձամբ գիտեմ, օրինակի համար, կը մտահոգուիմ տարեց ծնողքներովս որոնք արգելափակումի մէջ են և կ'ուզեմ ապահովել անոնց բոլոր կարիքները:” 

“Սակայն շատ յաճախ չենք գիտակցիր որ մենք անձամբ ենթակայ ենք չափէն աւելի լարուածութեան և անձկութեան: Այս պատճառով շատ կարեւոր է որ մենք մեզի խնամենք, և գործեր ընենք որոնք լաւ են մեր անձնական բարօրութեան համար”:

Black Dog Institute հիմնարկը կ'առաջարկէ 6 կէտերու ստուգացուցակ մը որ անձ մը պէտք է շաբաթական ինքն իրեն ժամանակ տրամադրէ իր մտային առողջութեան համար, ներառեալ իրենց մարմինը, քունը և մտածումներըը:

Ընթերցողներ որոնք օգնութեան կարիք ունին կրնան կապ հաստատել Lifeline-ի հետ 24-7 ճգնաժամային օգնութեան կամար հեռաձայնելով 13 11 14 թիւին, անձնասպանութեան Ծառայութեան թիւ (Suicide Call Back Service)1300 659 467 և երեխաներու Թէժ գիծ (Kids Helpline) 1800 55 1800 (5էն մինչեւ 25 տարեկաններու համար): Յաւելեալ տեղեկութիւն կը տրամադրուի հետեւեալ կազմակերպութիւններէն՝ Beyond Blue.org.au  և lifeline.org.au.

Embrace Multicultural Mental Health  նեցուկ կը կանգնի մարդոց որոնք մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունին:


Share

5 min read

Published

Updated

Presented by Vahe Kateb

Source: SBS




Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Watch now