Feature

Ինչու՞ ծնողքներ նկատի պէտք է առնեն ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը իրենց զաւակին համար

Տուեալները ցոյց կ'ուտան որ 350,000 ՔՈՎԻՏ-19 վարակումներ և ութը մահեր կային 0 -5 տարեկան երեխաներու մօտ անցած եօթը ամիսներու ընթացքին:

COVID-19 VACCINATIONS FOR CHILDREN

Brothers Louise and Harry Taylor-Bishop and sisters Olivia and Evie Kurz pose for a photo after receiving their first vaccine at Kippa Ring Communication Vaccination Clinic in Brisbane. Source: AAP / RUSSELL FREEMAN/AAPIMAGE

ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
  • Աւստրալիա խոցելի երեխաներու համար պատուաստումներ պիտի սկսի Սեպտեմբեր 5-ին
  • Մասնագէտներու համաձայն ՔՈՎԻՏ կրնայ շատ ծանր ազդել երեխաներուն վրայ:
  • Պատուաստումներու կողմնակի ազդեցութիւնները աւելի նուազ յաճախակի են երեխաներու քան չափահասներու մօտ
Այս տարուայ սկզբնաւորութեան, ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստները մատչելի դարձան 5-11 տարեկան բոլոր երեխաներուն համար:

Հակառակ այս իրողութեան, միայն 40 առ հարիւրը 2,3 միլիոն իրաւունք ունեցող այս տարիքի երեխաներուն, իրենց առաջարկուած երկրոդ դեղաչափը ստացած են:

Dr Brenden McMullan, մանկավարժական վարակումներու հիւանդութիւններու մասնագէտ մը Սիտնիի Երեխաներու Հիւանդանոցին մէջ, յայտնեց որ գուցէ ծնողքներ քիչ մը մտահոգուած են պատուաստի կողմնակի ազդեցութիւններէն և վստահ չեն եթէ իրենց երեխաները իսկապէս կարիքը ունին:
Մանկաբոյժ և Փրոֆէսօր Nick Wood յայտնեց որ պատուաստումի ցած թիւի այլ պատճառներէն կրնայ ըլլալ նաեւ նիւթական ապահովումը և մարդիկ որոնք ժամանակ չեն գտնէր իրենց երեխաները պատուաստումի կեդրոն մը տանելու համար:

"ՔՈՎԻՏ-19 ունեցած վեց կամ եօթը տարեկան երեխայի մը ծնողքները կրնան մտածել որ քանի որ վարակումը շատ վատ չէր, իսկապէս կարիքը չկայ որ աճապարեն և պատուատը ստանան," յայտնեց Փրոֆէսօր Wood:

"Յանձնարարութիւն մը կայ որ, եթէ մէկը ՔՈՎԻՏ-19 ունեցած է, պէտք է նուազագոյնը երեք ամիս սպասէ պատուաստը ստանալէն առաջ: Գուցէ այդ կրնայ այլ պատճառ մը ըլլալ ցած վարակումներուն":

Երեխաներ կարիք ունին՞ ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի մը

Զոյգ մասնագէտները կ'ըսեն որ քորոնաժահրի վարակումները թեթեւ կ'ազդեն երեխաներէն մեծամասնութեան համար, սակայն փոքրաթիւ երեխաներու համար, յատկապէս անոնք որոնք քրոնիկ հիւանդութիւններ ունին, ՔՈՎԻՏ-19 կրնայ բաւական ծանր ըլլալ:

"Որոշ երեխաներ բաւական ծանր կը հիւանդանան և հիւանդանոց մնալու կարիք կրնան ունենալ: Նաեւ յաւելեալ բուժումի կարիք կրնան ունենալ ինչպէս թթուածին կամ յեղուկներ, որովհետեւ անոնց շնչառութիւնը շատ լաւ չէ և անոնց բեռանային ներթողումը (ուտել և խմել) լաւ չէ" կ'ըսէ Փրոֆէսօր Wood:

Ան յայտնեց նաեւ որ ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստները արգելք կը հանդիսանան որ երեխաներ շատ ծանր հիւանդանան:

"Նոյնիսկ եթէ նախապէս վարակուած էք, օգտակարութիւններ ունի վարակում ունենալը և պատուաստը: Վարակամերժութիւնը որ կը ստանաք հաւանաբար աւելի ընդարձակ է և կրնայ ձեզ պաշտպանել որ կրկին չվարակուիք" կ'ըսէ Փրոֆէսօր Wood:
Բժիշկ McMullan կ'ըսէ որ չպատուաստուած մարդիկ, ներառեալ երեխաներ, աւելի հաւանական է որ քորոնաժահրով վարակուին:

"Համաճարակի սկզբնաւորութեան, որոշ դերահասներ կը տեսնէինք հիւանդանոցներուն մէջ աւելի լուրջ հիւանդութիւններով: Այժմ, մենք աւելի փոքր երեխաներ կը տեսնենք հիւանդանոցի մէջ" ըսաւ ան:

Որքան՞ ապահով են պատուաստները

Մասնագէտներ կ'ըսեն որ այս պատուաստները ամբողջովին հետազօտուած են և տրամադրուած աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր երեխաներու:

Աւստրալիոյ մէջ, պատուաստները ստուգուած են Բուժական Ապրանքներու Վարչութեան կողմէ և յանձնարարուած Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբին կողմէ (ATAGI):

Փրոֆէսօր Wood գլխաւոր հեղինակն է նոր AusVaxSafety տեղեկագրին որ քննարկեց պատուաստի ապահովութեան տուեալները, 5-էն 15 տարեկան, 200,000-է աւելի աւստրալիացի երեխաներու մօտ:

Ան կ'ըսէ որ երեխաներու մօտ տարածուած կողմնակի ազդեցութիւններն են ցաւ և կարմրութիւն սրսկումի տեղը, որ ընդհանրապէս կը պատահի պատուաստը ստանալէն ետք առաջին 48 ժամերու ընթացքին և մի քանի օր կը տեւէ:

Ջերմութիւն, գլխացաւ և մկանի ցաւ այլ հասարակ կողմնակի ազդեցութիւններ են երեխաներու և չափահասներու մօտ:

"Սակայն նուազ յաճախակի են երեխաներու քան չափահասներու մօտ: Քիչ մը նուազ յաճախակի են 5-11 տարեկան երեխաներու մօտ քան 12-15 տարեկաններու մօտ," յայտնեց փրոֆէսօր Wood:
Փրոֆէսօր Wood և իր խումբը սրտամկանային բորբոքումի վտանգ չգտան 12 տարեկանէն վար երեխաներու մօտ:

"Քիչ մը աւելի յաճախակի է 15-25 տարեկաններու մօտ և ընդհանրապէս կը պատահի աւելի փոքր տղոց մօտ երկրորդ դեղաչափէն ետք: Երիտասարդ չափահասներ և դերահասներ կրնան գանգատիլ կուրծքի ցաւէ և սրտի բաբախումէ," ըսաւ ան:

"Եւ եթէ ցաւ զգան, պէտք է այցելեն իրենց ընտանեկան բժիշկին կամ արտակարգ դրութեան բժիշկին: Սակայն այս տարածուած չէ: Մօտաւորապէս հինգէն կամ տասը հազարէն մէկն է," աւելցուց ան:

Dr McMullan, որպէս վարակիչ հիւանդութիւններու մասնագէտ, կը խնամէ ծանր կողմնակի ազդեցութիւնները և կ'օգնէ վարակազերծումի հարցերով:

"Խնամած եմ շատ աւելի երեխաներ աւելի լուրջ ՔՈՎԻՏով քան պատուաստի կողմնակի ազդեցութիւններով," ըսաւ Բժիշկ McMullan:

Որ մէկ՞ պատուաստները կը յանձնարարուին երեխաներու համար

Ներկայիս, ATAGI խորհուրդ կ'ուտայ վեց ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան խոցելի երեխաներու համար երկու դեղաչափ Moderna-ի Spikevax պատուաստ:

"Այս տարիքի խումբը ՔՈՎԻՏ-19-ի պատճառով հիւանդանոց մնալու ամենաքիչ հաւանականութիւնը ունի: Իսկ քիչ թիւով հիւանդանոց մնացողները, որոնք կը մեռնին ՔՈՎԻՏ-19-ի պատճառով, յաճախ հիւանդութիւններ ունին կամ վարակամերժութիւննին խանգարուած է," տեղեկացուց ATAGI:

National Interoperable Notifiable Diseases Surveillance System տեղեկացուց աւելի քան 350,000 ՔՈՎԻՏ-19 վարակումներու և ութը ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին 0-5 տարեկան երեխաներու մօտ, 1 Դեկտեմբեր 2021-էն մինչեւ 17 Յունիս 2022:

5-11 և 12-15 տարեկան բոլոր երեխաները կրնան երկու դեղաչափ կամ Pfizer կամ Moderna պատուաստ ստանալ: Երրորդ դեղաչափ կ'առաջարկուի միայն խոցելի երեխաներու համար:

Երկար ՔՈՎԻՏ երեխաներու մօտ

Բժիշկ McMullan յայտնեց որ երկար ՔՈՎԻՏ աւելի տարածուած է չափահասներու քան երեխաներու մօտ:

"Երեխաներու մեծամասնութիւնը, որոնք ՔՈՎԻՏ ունին, բոլորովին կը բուժուին մի քանի շաբաթէն," ըսաւ ան:

SBS յանձնառու կը մնայ տրամադրելու բոլոր ՔՈՎԻՏ-19 թարմացումները Աւստրալիոյ բազմամշակութային և բազմալեզու համայնքներուն: Ապահով մնացէք և տեղեակ մնացէք յաճախակի այցելելով SBS Coronavirus portal, with the latest in your language.

Share

Published

Updated

By Sahil Makkar
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand