Գլխաւոր Կէտեր
- NSW-ի մէջ, անոնք որոնք իրաւունք ունին ընտրելու, պէտք է արձանագրուին և քուէարկեն դաշնային և նահանգային բոլոր ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ տեղական կառավարական ընտրութիւններուն:
- Անգլերէնէն բացի, NSW-ի Ընտրական Յանձնաժողովը ընտրութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւն կը տրամադրէ 20-է աւելի լեզուներով:
- Առցանց քուէարկութեան դրութիւնը, iVote, պիտի չ'օգտագործուի այս ընտրութիւններուն:
Առաջնորդուած պաշտօնավարող նահանգապետ Dominic Perrottet-ի կողմէ, Համախոհական կառավարութիւնը կը փորձէ չորրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրել իշխանութեան գլուխ մնալու համար:
Գլխաւոր պաշտօնին համար Պարոն Perrottet-ի գլխաւոր ընդդիմադիրը Labor ղեկավար Chris Minns-ն է, որ ղեկավարի դիրքը ստանձնելէ ետք Յունիս 2021-ին, առաջին անգամ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի որպէս կուսակցութեան ղեկավար:
NSW-ի Խորհրդարանը երկպալատ կամ երկու պալատ դրութիւնը կը գործածէ, որ կազմուած է Օրէնսդիր Համագումարէն (Ներքին Պալատ) և Օրէնսդիր Խորհուրդէն (Վերին Պալատ):
Նահանգային ընտրութիւններուն քուէարկողները բոլոր 93 նահանգային ընտրական շրջաններուն մէջ պիտի ընտրեն անդամ մը որ զիրենք պիտի ներկայացնէ Օրէնսդիր Համագումարին մէջ:
Օրէնսդիր Խորհուրդը բաղկացած է 42 անդամներէ, և իւրաքանչիւր նահանգային ընտրութիւններուն, 21 անդամներ կ'ընտրուին ծառայելու Խորհրդարանին մէջ երկու ժամկէտով - որ առաւելագոյնը ութը տարի է:
Եթէ հանգամանքները կը դժուարացնեն որ քուէարկող մը իր քուէն տայ անձնապէս, իրաւունք կրնայ ունենալ դիմելու թղթատարական քուէարկութեան:
Թղթատարական քուէն պէտք է ստացուի NSW-ի Ընտրական Յանձնաժողովին կողմէ մինչեւ Մարտ 20 կէսօրէ ետք ժամը 5:
Լրացած քուէաթերթիկները և թղթատարական քուէարկութեան վկայականները NSW-ի Ընտրական Յանձնաժողովը պէտք է ստացած ըլլայ ոչ ուշ քան Ապրիլ 6 կ.ե. ժամը 6-ը:

Chris Minns NSW-ի Labor ղեկավարութիւնը ստանձնեց Յունիս 2021-ին: Source: AAP / BIANCA DE MARCHI/AAPIMAGE
Քուէարկութիւն ընտրութեան օրը – Մարտ 25
2450 հազարէ աւելի քուէարկութեան կեդրոններ պիտի տեղադրուին եկեղեցիներու, դպրոցներու, համայնքային կեդրոններու և այլ վայրերու մէջ NSW-ի տարածքին:
Այս կեդրոնները պիտի բացուին քուէարկութեան օրը առտուայ ժամը 8-էն մինչեւ կ.ե. ժամը 6:
Մանրամասնութիւնները թէ ուր կարելի է քուէարկել կարելի է գտնել NSW-ի Ընտրական Յանձնաժողովի կայքին վրայ:
Քուէարկութեան կեդրոն մը մտնելէ ետք, պաշտօնեայ մը պիտի հարցնէ քուէարկողի անունը, հասցէն և ընտրատարածքը և եթէ արդէն քուէարկած է նոյն օրը:
Ինքնութիւնը հաստատելէ ետք, անոնց պիտի տրուի քուէաթերթիկներ:
Եթէ պաշտօնեաներ չեն կրնար գտնել քուէարկողի տուեալները ընտրական ցանկին վրայ, պէտք է լրացնեն յայտարարութեան քուէարկութիւն մը:

NSW-ի նահանգապետ Dominic Perrottet: Source: AAP / Bianca De Marchi
Քուէարկութիւնը պարտադիր է
NSW-ի մէջ, իրաւունք ունեցող և ցուցակագրուած քուէարկողներ պարտադիր պէտք է քուէարկեն բոլոր դաշնային, նահանգային և տեղական ընտրութիւններուն:
Քուէարկել եթէ անտուն, անկարող էք կամ կը գտնուիք այլ նահանգներու կամ արտասահմանի մէջ
NSW-ի մէջ քաղաքացիներ որոնք հաստատուն հասցէ չ'ունին կամ կը բնակին ճգնաժամային բնակարանի մէջ կամ անցումային տուներու մէջ տակաւին կրնան արձանագրուիլ որպէս քուէարկող:
Եթէ այս դասակարգերու մէջ գտնուող անհատներ անկարող են քուէարկելու, պիտի չտուգանուին:
Եթէ անկարողութիւն ունեցող քուէարկողներ օգնութեան կարիք ունին, կրնան ընկեր մը կամ ազգական մը իրենց հետ տանիլ որ կրնայ իրենց օգնել որ քուէարկեն կամ կրնան օգնութիւն խնդրել ընտրութեան անձնակազմէն:
Եթէ անձնապէս քուէարկութիւն կատարելը դժուար է, մարդիկ կրնան ընտրել կանուխէն քուէարկութիւնը, թղթատարական քուէարկութիւնը, յայտարարութեան քուէարկութիւնը կամ հեռաձայնային քուէարկութիւնը:
Եթէ քուէարկողը կը գտնուի այլ նահանգի մը մէջ, կրնայ անձնապէս քուէարկել կանուխ քուէարկութեան կեդրոնի մը մէջ կամ թղթատարական քուէարկութեամբ:
Քուէարկողներ որոնք արձանագրուած են NSW-ի մէջ և ընտրութեան ժամանակ կամ կը բնակին կամ արձակուրդի մէջ կը գտնուին արտասահմանի մէջ, պէտք է թղթատարական քուէարկութիւն կատարեն:
Տեղեկութիւն բազմաթիւ լեզուներով
NSW-ի Ընտրական Յանձնախումբը տեղեկութիւն կը տրամադրէ գրանցումի, քուէարկութեան և թեկնածուներու մասին 25 լեզուներով ներառեալ անգլերէն:
Կանուխէն քուէարկութեան կեդրոններու և քուէարկութեան օրը ընտրական տեղամասերուն մէջ պիտի գտնուին բազմալեզու անձնակազմ, որոնք կը կրեն կրծքանշաններ ուր նշուած է թէ քանի լեզուներով օգնութիւն կրնան տրամադրել:
Յանձնախումբը կը տրամադրէ ձրի հեռաձայնի թարգմանութեան ծառայութիւն լեզուներու համար որոնք ընդգրկուած չեն ցանկին վրայ:
Ընտրական անձնակազմը կրնայ քուէարկողները միացնել Թարգմանութեան Ծառայութեան հետ (Translating and Interpreting Service) եթէ յաւելեալ լեզուներով օգնութեան կարիք կայ ընտրական կեդրոնին մէջ:
Նուազեցնելու համար ընտրութիւններու մասին սխալ տեղեկութիւնները, որոնք կը շրջին համայնքին մէջ, NSW-ի Ընտրական Յանձնաժողովը կը վարէ Ապատեղեկատուութեան Մատեան մը որ կը հետեւի և կը հերքէ սխալ և մոլորեցնող յայտարարութիւնները ընտրական գործընթացի մասին:
Յաւելեալ տեղեկութիւն կրնաք գտնել թէ ինչպէս կարելի է քուէարկել elections.nsw.gov.au կայքէն կամ հեռաձայնել 1300 135 736.