Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 55 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 20 Նիու Սաութ Ուելսի (NSW), 16 Վիքթորիայի և 15 Քուինզլանտի մէջ:
Հիւանդանոց մնացողներու և Օրական դէպքերու թիւերը բարձրացան Աւստրալիական բոլոր նահանգներուն և հողամասերուն մէջ:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք այստեղ:
NSW Health տեղեկացուց որ ճամբորդներու փոքր թիւ մը վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19-ով Coral Princess զբօսանաւին վրայ: Ճամբորդները կրնայ ըլլալ որ վարակուած էին նաւը մտնելէն առաջ և ապա դրական արդիւնք տուին:
NSW Health տեղեկացուց նաեւ որ վարակումներու մեծ մասը անձնակազմի անդամներ են: Իշխանութիւններ յայտնեցին որ ճամբորդներ, որոնք նաւէն նահանգ կը փորձեն մտնել, նախ պէտք է բացասական RAT արդիւնք տան: Անձնակազմը նաւէն դուրս պիտի չ'ելլէ:
NSW և Victoria ընդունեցին Australian Health Protection Principal Committee յանձնախումբի խորհուրդը և կրկին վարակումի շրջանը 12 շաբաթէն նուազեցուցին 28 օրուայ: Western Australia և Australian Capital Territory առաջիններն էին որ ընդունեցին խորհուրդը Երկուշաբթի օր:
Բնակիչներ որոնք դրական արդիւնք կ'ուտան ՔՈՎԻՏ-19-ի իրենց նախկին վարակումէն 28 օր անց, այլեւս նոր դէպք պիտի համարուին այս նահանգներուն մէջ:
NSW-ի Գլխաւոր Առողջապահական Պաշտօնեայ Dr Kerry Chant յայտնեց որ BA.4 և BA.5, Օմիքրոնի երկու ենթա-տարբերակները, կրնան խուսափիլ պատուաստի և նախորդ վարակումի վարակամերժութենէն, նախորդ վարակումէն մի քանի շաբաթ անց:
Victoria տեղեկացուց, որ անցած երկու շաբաթներուն, 53 առ հարիւր յաւելում արձանագրած է ՔՈՎԻՏ-19-ով հիւանդանոց մնացողներու թիւը: Առողջապահութեան նախարար Mary-Anne Thomas տեղեկացուց նաեւ որ ենթա-տարբերակները կը նախատեսուի որ նոր վարակումներու, հիւանդանոց մնացողներու և կրկին վարակումներու գլխաւոր պատճառը դառնան:
Նահանգային կառավարութիւնը տեղեկացուց որ կրկին դրամագլուխ պիտի տրամադրէ փոքր ձեռներէցութիւններուն որ օդափոխիչ սարքեր գնեն իրենց գործաւորները և յաճախորդները ապահով պահելու համար փակ վայրերուն մէջ:
Նախարար Thomas յայտնեց որ երեսի դիմակներու ներկայ օրէնքները ուժի մէջ կը մնան նահանգին մէջ առանց փոփոխութիւններու: Սակայն ան խորհուրդ տուաւ գործատէրերուն որ կարգադրութիւններ տեսնեն որ իրենց գործաւորները կարենան տունէն աշխատիլ: Ան խորհուրդ տուաւ նաեւ բնակիչներուն որ ներսը, ծածքի տակ երեսի դիմակ կրեն:
ACT Գլխաւոր Առողջապահական Պաշտօնեայ Kerryn Coleman յայտնեց որ կը նախատեսուի որ օրական դէպքերու ամենաբարձր վարակումները տեղի ունենան Յուլիսի վերջաւորութեան կամ Օգոստոսի սկզբնաւորութեան: Ան յայտնեց որ ACT կրնայ մինչեւ 3,000 օրական դէպքեր ունենալ:
Տիկ Coleman յայտնեց որ ծրագիր չ'ունին կրկին պարտադրելու դիմակ կրելը:
Աւստրալիոյ Գլխաւոր Բժշկական Պաշտօնեան, Prof Paul Kelly, ABC TV-ին յայտնեց որ որոշ նահանգներ կրնան հետաձգել ոչ կարեւոր գործողութիւնները ՔՈՎԻՏ-19-ի և տենդախառն հարբուխի աճող դէպքերու հետեւանքով:
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք
ACT New South Wales Northern Territory Queensland
South Australia Tasmania Victoria Western Australia
Նայեցէք թէ ինչ՞ կրնաք կամ չէք կրնար ընել Աւստրալիոյ մէջ
Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ ինչ՞ են ձեր հնարաւորութիւնները
Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու ՔՈՎԻՏ-19 ասացուածքներ ձեր լեզուով
Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ SBS Coronavirus portal.
