Feature

Մտային առողջութեան ծառայութիւններ Աւստրալիոյ մէջ ձեր լեզուով

Աւստրալիոյ մէջ բնակող մարդիկ որոնք անգլերէնէ զատ ուրիշ լեզու մը կը խօսին, կրնան իրենց լեզուով մտային առողջութեան օգնութեան ծառայութիւններէն օգտուիլ: Իմացէք թէ ինչպէս կրնաք օգտուիլ այս ծառայութիւններէն ձեր նահանգին կամ հողամասին մէջ:

covid 19, mental health

Mental health challenges during COVID-19 Source: Getty Images/Visoot Uthairam

Մտային առողջութեան ծառայութիւններ մատչելի են Աւստրալիոյ տարածքին տարբեր լեզուներով և մեծամասնութեամբ կը ղեկավարուին նահանգներու և հողամասերու կողմէ:

Տարբեր բազմաթիւ կացութիւններ կան ուր մտային առողջութեան օգնութեան կարիգը կը զգացուի, որոնց պատճառը քորոնա ժահրն է ինչպէս՝ ընկճախտ և անձկութիւն և մտային հիւանդութիւններ ինչպէս երկբեւեռ հիւանդութիւն, հետվնասուածքային ճնշում, անձնաւորութեան կամ հոգեկան խանգարումներ:

Մեծամասնութեամբ, այս կազմակերպութիւնները չ'ունին իրենց թարգմանիչները, որով կ'օգտագործեն դաշնակցային կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած ազգային Թարգմանութեան և Բանաւոր Թարգմանութեան ծառայութիւնը, https://www.tisnational.gov.au, որ կը տրամադրէ հեռաձայնով կամ տեղւոյն վրայ թարգմանութեան ծառայութիւններ 150-է աւելի լեզուներով:

Embrace Mental Health ծրագիր մըն է որ կը կառավարէ Mental Health Australia-ն և կը կեդրոնանայ մարդոց մտային առողջութեան վրայ որոնք մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունին:  

Forum of Australian Services for Survivors of Torture and Trauma (FASSTT) Աւստրալիոյ ութը մասնագիտական վերականգնումի գործակալութիւններու կապի համակարգ մըն է: Այս գործակալութիւնները կ'աշխատին տանջանքներու ենթարկուած և վերապրած անձերու հետ, որոնք Աւստրալիա ժամանած են արտասահմանէն: FASSTT գործակալութիւններու յաճախորդներու մեծամասնութիւնը Աւստրալիա եկած են որպէս գաղթականներ կամ մարդասիրական պատճառներով: Աւստրալիոյ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ կայ մէկ FASSTT անդամ գործակալութիւն.  https://www.fasstt.org.au/members/

Ազգային մտային օգնութիւն Lifelines և ծառայութիւններ

  • Lifeline - 13 11 14
  • Mission Australia - https://www.missionaustralia.com.au/
  • Beyond Blue - 1300 22 4636
  • Headspace - https://headspace.org.au/
  • Անձնասպանութեան Հետ-Կանչի Ծառայութիւն Suicide Call Back Service - www.suicidecallbackservice.org.au 1300 659 467
  • Երեխաներու Թէժ Գիծ Kids Helpline - 1800 55 1800
  • MensLine Australia - 1300 78 99 78
Beyond Blue կը դիւրացնէ տեղեկութիւնը տարբեր լեզուներով.

Առողջապահութեան Գերատեսչութիւնը թարգմանեց մտային առողջութեան երեք քարոզարշաւներ տասնեակ լեզուներով.

GP visit Armenian
GP visit Armenian Source: SBS
Նիու Սաութ Ուելս

 Նիու Սաութ Ուելսի Մտային Առողջութեան Գիծ

Մտային Առողջութեան Գիծը (Mental Health Line) մատչելի է Նիու Սաութ Ուելսի մէջ բոլորին համար և կը գործէ օրական 24 ժամ, շաբաթական 7 օր՝  1800 011 511 https://www.health.nsw.gov.au/mentalhealth/Pages/Mental-Health-Line.aspx

Transcultural Mental Health Centre (TMHC)

Նահանգային այս ծառայութիւնը կ'օգնէ որ մարդիկ, որոնք լեզուական և մշակութային տարբեր ծագում ունին, մտային առողջութեան ծառայութիւններէն օգտուին, կը տրամադրէ նաեւ դարմանական խորհրդակցութիւն, մտային առողջութեան խթանում, կը մշակէ միջոցներ և կը տրամադրէ կրթութիւն և մարզում՝ https://www.dhi.health.nsw.gov.au/transcultural-mental-health-centre

Անդրմշակութային Մտային Առողջութեան Կեդրոնը (TMHC), օգտագործելով երկլեզու բժիշկներ, ձրի ծառայութիւն կը մատուցէ անհատներու և ընտանիքներու, որոնք միացած են NSW Health մտային առողջութեան ծառայութեան: Մտային առողջութեան տեղական խումբէն ուղեգիր մը հարկաւոր է ծառայութենէն օգտուելու համար: Թարգմանութիւն մատչելի է՝ https://www.tisnational.gov.au/ լեզուներու համար որոնք Անդրմշակութային Մտային Առողջութեան Կեդրոնի անդամները չեն խօսիր:        

Service for the Treatment and Rehabilitation of Torture and Trauma Survivors, STARTTS

STARTTS կը տրամադրէ մշակութայնօրէն պատշաճ հոգեբանական բուժում և աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ համայնքային միջամտութիւններ օգնելու համար մարդոց և համայնքներու որ բուժեն գաղթականութեան սպիները և վերակառուցեն իրենց կեանքերը Աւստրալիոյ մէջ:  https://www.startts.org.au/

Թարգմանութիւն  մատչելի է՝ https://www.tisnational.gov.au/ լեզուներու համար որոնք չեն խօսիր STARTTS անձնակազմը:
Face mask Armenian
Face mask Armenian Source: SBS
Վիքթորիա

Foundation House for Survivors of Torture

Այս կազմակերպութիւնը տարբեր լեզուներով ձրի ծառայութիւն կը տրամադրէ գաղթականներու կամ գաղթականներու նման անցեալ ունեցողներուն ՝ https://foundationhouse.org.au/for-clients/client-services/

Տեղեկացէք այստեղ եթէ կրնաք օգտուիլ այս ծառայութենէն՝ https://foundationhouse.org.au/for-clients/make-a-referral/

Թարգմանութիւն մատչելի է՝ https://www.tisnational.gov.au/ լեզուներու համար որ Տանջանքը վերապրածներու Տուն Հիմնարկիանձնակազմը չի խօսիր:

Վիքթորիա նմանապէս մտային առողջութեան վերաբերեալ տեղեկագիրք մը ունի տարբեր լեզուներով: Վիքթոիայի կառավարութեան նախաձեռնութիւն մըն է այս և կը ղեկավարուի Մշակոյթի համար Կեդրոնին կողմէ, տրամադրելով ընդարձակ հաւաքածոյ մը առողջութեան վերաբերեալ թարգմանուած տեղեկութիւններու: https://www.healthtranslations.vic.gov.au/

Վիքթորիայի եւս երկու կազմակերպութիւններ մտային առողջութեան մարզում կը տրամադրեն, սակայն անհատներու ուղղակի աջակցութիւն չեն տրամադրեր:

Action on Disability in Ethnic Communities (ADEC)

ADEC կը ներառէ Անդրմշակութային Մտային Առողջութեան Մատչելիութեան Ծրագիր մը, բարելաւելու համար մտային առողջութեան ծառայութիւններու մատչելիութիւնը բազմամշակութային ծագում ունեցող մարդոց համար: Անոնք կ'աշխատին ոչ անգլիախօս համայնքներու հետ տեղեկացնելու համար մտային առողջութեան խնդիրներու մասին և թէ ինչպէս կարելի է մտային առողջութեան ծառայութիւններէն օգտուիլ:

Անոնք կ'օգնեն նաեւ մտային առողջութեան ծառայութիւններուն կազմելով ռազմավարութիւններ էթնիք համայնքներու հետ զբաղելու համար http://www.adec.org.au/index.php/programs/mental-health

Victorian Transcultural Mental Health (VTMH)

VTMH Վիքթորիայի այս կազմակերպութիւնը կ'աջակցի դարմանական մտային առողջութեան ծառայութիւններու և հոգեբանական անկարողութեան աջակցող ծառայութիւններու մասնագէտներուն, որոնք կ'աշխատին մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող հիւանդներու և խնամողներու հետ: http://www.vtmh.org.au/

Քուինզլանտ

Queensland Transcultural Mental Health Centre (QTMHC)

QTMHC մասնագիտական նահանգային ծառայութիւն մըն է որ կ'աշխատի ապահովելու համար որ մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող մարդիկ ստանան մշակութայնօրէն զգայուն մտային առողջութեան օգնութիւն:

Կը տրամադրէ թարգմանուած տեղեկութիւն:    https://metrosouth.health.qld.gov.au/qtmhc/translated-information ինչպէս նաեւ մասնագէտներէ օգտուելու իրաւունք, տեղական մտային առողջութեան համակարգողներու միջոցով՝  https://metrosouth.health.qld.gov.au/qtmhc/programs-and-services/multicultural-mental-health-coordinator-program

Queensland Program of Assistance to Survivors of Torture and Trauma (QPASTT)

QPASTT ճկուն և մշակութայնօրէն զգայուն ծառայութիւններ կը տրամադրէ խթանելու համար առողջութիւնը և բարօրութիւնը մարդոց որոնք, Աւստրալիա գաղթելէ առաջ, չարչարանքներու ենթարկուած կամ գաղթական եղած են:

Անոնք վերապրողներուն կը տրամադրեն ձրի հոգեբանական և ընկերային աջակցութիւն, ներառեալ խորհրդատուութիւն՝  https://qpastt.org.au/

World Wellness Group

Պրիզպընի մէջ իր կեդրոնը ունեցող կազմակերպութիւնը շարք մը ծրագիրներ ունի ոչ անգլիախօս համայնքներուն համար:

  • Multicultural Psychological Therapies ծրագիրը կը տրամադրուի մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող մարդոց Հիւսիսային և Հարաւային Պրիզպընի շրջաններուն մէջ: Անոնք կը տրամադրեն մշակութայնօրէն ապահով և զգայուն հոգեբանական օգնութիւն մարդոց համար որոնք ունին թեթեւէն չափաւոր մտային հիւանդութիւն: https://worldwellnessgroup.org.au/multicultural-psychological-therapies-program/
  • Գաղթականներու և ապաստան բնտրողներու առողջութիւն - կը տրամադրէ մշակութայնօրէն ապահով, ամբողջական խնամք խոցելի մարդոց, նուազեցնելու համար երկարաժամկէտ առողջութեան խնդիրները: https://worldwellnessgroup.org.au/refugee-asylum-seeker-health/
  • Առողջապահութեան ծառայութիւններ միջազգային ուսանողներու համար -  կրնայ օգտագործուիլ ուսանողներու կողմէ որոնք ունին Արտասահմանի Ուսանողի Առողջութեան Ապահովագրութիւն  (Overseas Student Health Cover), որոնք մշակութային տարբեր ծագում ունին՝ 
  • Մշակոյթը Մտքին մէջ (Culture In Mind) համայնքային ծրագիր մըն է որ կը տրամադրէ հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող 18 տարեկանէն վեր մարդոց համար, որոնք կը բնակին Greater Brisbane շրջանին մէջ https://worldwellnessgroup.org.au/culture-in-mind/
Ներդաշնակութեան Տեղ (Harmony Place)

Harmony Place ոչ-կառավարական համայնքային բազմամշակութային կազմակերպութիւն մըն է որ մշակութայնօրէն զգայուն մտային առողջութեան ծառայութիւն կը տրամադրէ մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունեցող մարդոց:  Անոնք կ'աշխատին 12 տարեկանէն վեր անձերու հետ ներառեալ ներգաղթողներ և անոնց զաւակները, գաղթականներ, ապաստան բնտրողներ, արհեստաւոր ներգաղթողներ և անոնց կողակիցները: Անոնք կը գործեն Քուինզլանտի տարածքին, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով մշակութայնօրէն այլազան Հարաւ-արեւելեան Քուինզլանտի՝ Պրիզպըն, Լոկան, Իբսուիչ և Կոլտ Քոստ շրջաններուն մէջ: http://harmonyplace.org.au/

Մտային առողջութեան գիծ (Mental health line)

1300 MH CALL (1300 642255) մտային առողջութեան հեռախօսի ծառայութիւն մըն է քուինզլանտցիներուն համար https://www.qld.gov.au/health/mental-health

Թարգմանութիւն մատչելի է՝ https://www.tisnational.gov.au/

MHACA (Կեդրոնական Աւստրալիա)

MHACA ծառայութիւնները մատչելի են 18 տարեկանէն վեր անձերու համար որոնք ախտաճանաչուած են մտային առողջութեան հիւանդութեամբ: Թարգմանութեան ծառայութիւնները կարելի է օգտագործել ժամադրութեամբ՝  https://mhaca.org.au/

TeamHealth (Darwin)

TeamHealth, ծառայութիւններ կը տրամադրէ Հիւսիսային Հողամասի տեղացի բնակչութեան որոնք մտային առողջութեան մտահոգութիւններ ունին կամ խոցելի են և անբարենպաստ պայմաններու մէջ կը գտնուին: https://www.teamhealth.asn.au/ Թարգմանութեան  ծառայութենէն հնարաւոր է օգտուիլ: Կայքը անմիջական թարգմանութեան հնարաւորութիւն ունի 80 լեզուներով: https://www.tisnational.gov.au/

Melaleuca Գաղթականութեան Կեդրոն

Այս ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւնը մարդասիրական ծառայութիւններ կը տրամադրէ գաղթական և ներգաղթող անհատներու և ընտանիքներու: Անոնք ձրի ծառայութիւններ կը մատուցեն ընտանիքներու, չափահասներու, երեխաներու և երիտասարդներու՝  http://www.melaleuca.org.au/

Northern Territory Mental Health Coalition (NTMHC)

NTMHC,  Հիւսիսային Հողամասի համայնքի կողմէ ղեկավարուած մտային առողջութեան ծառայութիւններու գլխաւոր մարմինն է: https://www.ntmhc.org.au/

Հիւսիսային Հողամասի Մտային Առողջութեան Գիծ - 1800 682 288

Նահանգային մտային առողջութեան ծառայութիւններէն կարելի է օգտուիլ հեռաձայնելով Մտային Առողջութեան Օգնութեան թէժ գիծին (Mental Health Helpline) և այս ծառայութիւնները կ'օգտագործեն թարգմանութեան ծառայութիւններ երբ կարիքը զգացուի: https://www.tisnational.gov.au/
https://nt.gov.au/wellbeing/mental-health/24-hour-mental-health-hotlines
JobKeeper Armenian
JobKeeper Armenian Source: SBS
Արեւմտեան Աւստրալիա

Association for Services to Torture and Trauma Survivors (ASeTTS)

ASeTTS կը տրամադրէ ամբողջական ծառայութիւններ օգնելու համար չարչարանքներէ վերապրած գաղթականներուն որպէսզի կարենան վերակերտել իրենց կեանքերը: https://asetts.org.au/our-services/counselling/

Արեւմտեան Աւստրալիական Անդրմշակութային Մտային Առողջութեան Կեդրոն West Australian Transcultural Mental Health Centre

Այս ծառայութիւնը կարելի է օգտագործել միայն Royal Perth Hospital հիւանդանոցին մէջ և դուրս դրուած հիւանդներ կրնան օգտուիլ այս ծառայութենէն միայն երեք անգամ: Թարգմանիչներ մատչելի են անձնապէս կամ հեռաձայնի վրայ: https://www.healthdirect.gov.au/australian-health-services/20072382/west-australian-transcultural-mental-health-centre/services/perth-6000-50-murray-street

Թազմանիա

Phoenix Centre

Phoenix Centre, կը գործէ Migrant Resource Centre կեդրոնին մէջ և կը մատուցէ մասնագիտական ծառայութիւններ տանջանքներէ ողջ մնացած անձերուն: Կը տրամադրէ խորհրդատուութիւն և տարբեր մարզումներ և ծրագիրներ որոնք կ'օգնեն անհատներու և համայնքներու առողջութեան և բարօրութեան: Phoenix Centre կեդրոնը աշխատակիցներ ունի Հոպարդի և Լոնսեսթընի մէջ և ծառայութիւններ կը տրամադրէ նահանգի տարածքին՝  https://mrctas.org.au/phoenix-centre/

Թազմանիայի կառավարութեան մտային առողջութեան ծառայութիւնները խնամք կը տրամադրեն մտային ծանր հիւանդութիւն ունեցող բնակիչներուն: Յաւելեալ տեղեկութեան համար թէ ինչպէս կարելի է օգտուիլ Մտային Առողջութեան Ծառայութիւններէն այցելել՝  http://www.dhhs.tas.gov.au/mentalhealth/mhs_tas թէժ գիծի համարն է՝ 1800 332 388

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային հողամաս (ACT)

Companion House, Assisting Survivors of Torture and Trauma

Խորհրդատուութեան ծառայութիւններ կը տրամադրէ ապաստան բնտրողներուն և գաղթականներուն: Companion House-ի նպատակն է օգնել մարդոց որ վերակերտեն իրենց կեանքերը Աւստրալիոյ մէջ: http://www.companionhouse.org.au/

Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասի կառավարութիւնը մտային առողջութեան ճգնաժամի ծառայութիւն ունի որմէ կարելի է օգտուիլ հեռաձայնով  (1800 629 354 կամ 02 6205 1065) կամ այս կայքէն՝ https://www.health.act.gov.au/services-and-programs/mental-health/getting-help

Հարաւային Աւստրալիա

Relationships Australia

Personal Education and Community Empowerment (PEACE) ծառայութեան գլխաւոր նպատակն է սպասարկել  բազմամշակութային համայնքներուն: Չնայած անոնց այցագիրի վիճակին, PEACE կը տրամադրէ ծառայութիւններ անհատներու, ընտանիքներու և համայնքներու https://www.rasa.org.au/services/couples-families/peace-multicultural-services/

Survivors of Torture and Trauma Assistance and Rehabilitation Service, STTARS

STTARS մասնագիտացած ծառայութիւն մըն է որ խորհրդատուական ծառայութիւն կը մատուցէ գաղթականներու և գաղթականներու նման անցեալ ունեցողներուն, օգնելու իրենց որ կազդուրուին և բուժուին: Ծառայութիւնները ձրի են և կարելի է օգտագործել չնայած թէ անձ մը որքան երկար ժամանակէ կը գտնուի Աւստրալիոյ մէջ: Սպասումի ցանկ կայ STTARS-ի ծառայութիւններուն համար, սակայն նախապատուութիւն կը տրուի անոնց որոնք աւելի կարիքը ունին:

STTARS-ի ծառայութիւնը ձրի է, կամաւոր, գաղտնի, և կը կատարուի որակեալ խորհրդատուներու և թարգմանիչներու կողմէ:

Յաւելեալ ծրագիրներ ունին մասնագիտացած երեխաներու և երիտասարդներու, ընտանինքերու և ապաստան բնտրողներու կարիքներուն համար՝ https://www.sttars.org.au/


Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ: Քննեցէք ձեր նահանգի սահմանափակումները հաւաքոյթներու վերաբերեալ:

Քորոնա ժահրի ստուգումը այժմ մատչելի է Աւստրալիոյ տարածքին: Եթէ պաղառութեան կամ հարբուխի ախտանշաններ ունիք, ստուգում կազմակերպեցէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին 1800 020 080.

Դաշնակցային կառավարութեան քորոնա ժահրը յայտնաբերող COVIDSafe հաւելուածը կարելի է ներբեռնել ձեր հեռաձայնի app store-էն:

SBS յանձնառու է տեղեկացնելու Աւստրալիոյ տարբեր համայնքները ՔՈՎԻՏ-19-ի վերջին զարգացումներու մասին: Լուրեր և տեղեկութիւն կը տրամադրուի 63 լեզուներով՝ sbs.com.au/coronavirus

 


Share

Published

Updated

By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand