SKIP TO MAIN CONTENT

NAIDOC 2020

Ներկայիս Աւստրալիոյ մէջ կը նշուի NAIDOC շաբաթը: NAIDOC կազմուած է հետեւեալ բառերու առաջին տարերէն National Aboriginal and Islander Day Observance Committee:

2020 National NAIDOC Poster
2020 National NAIDOC Poster Source: 2020 National NAIDOC Poster

1 min read

Published

By Vahe Kateb


Skip to article content

NAIDOC կարեւոր շաբաթ մըն է աւստրալիական տոմարին մէջ և յատկապէս կարեւոր շաբաթ մը բազմաթիւ Բնիկ համայնքներու համար Աւստրալիոյ տարածքին: Շաբաթ մըն է տօնելու Ապօրիճիններու մշակոյթը և ժառանգութիւնը, նշելու պատմութիւնը, միացնելու համայնքները: NAIDOC Շաբաթը տեղի կ'ունենայ ամէն տարի Յուլիսի առաջին և երկրորդ Կիրակիներու միջեւ:

Այս տարի, Covid-19-ի պատճառով NAIDOC Խորհուրդը նոր թուական մը նշանակեց տարեկան տօնակատարութեան համար, պաշտպանելու համար առողջութիւնը և ապահովութիւնը համայնքներուն և անոնց տարեցներուն Covid-19 համաճարակի վտանգէն: 

Նոյեմբեր 8էն-15ը տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական 2020 տօնակատարութեան շաբաթը:

NAIDOC Շաբաթուայ միջոցառումները տեղի կ'ունենան երկրի տարածքին և յաճախ կը ներառեն երաժշտական ելոյթներ, մշակութային արտադրամասեր, խօսակցութիւններ, և երեխաներու համար գործունէութիւններ:

2016 թուականի հարցազրոյց Ճուտիդ Քրիսբինի հետ որ համադրեց հայերու և Ուարբիրի ժողովուրդի միջեւ հանդիպումը:

2017 թուականին Մատիանայի կատարած հարցազրոյցը Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանի հետ Աւստրալիոյ բնիկ Ուալփիրի ցեղախումբի հրաւէրով Լաճամանու գիղը այցելութեան առիթով

 

 


Follow SBS Armenian

Download our apps

Watch on SBS

SBS Armenian News

Watch it onDemand

Stream now