ՎՍՏԱՀ ՉԷՔ՞ ԵԹԷ Կ'ՈՒԶԷՔ ՏԵՂԱԴՐԵԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ COVIDSAFE APP-Ը: ԱՀԱՒԱՍԻԿ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՈՐ ԳԻՏԵՆՔ:

Աւստրալիացի մասնագէտները փորձեցին գիտնալ թէ COVIDSafe app-ը ինչպէս կ'աշխատի և եթէ մտահոգուելու առիթներ կան: Ահաւաստիկ թէ ինչ յայտնաբերեցին:

COVIDSafe 19 App

COVIDSafe 19 App Source: Government of Australia

Իր թողարկումէն մինչեւ օրս, կառավարութեան նոր COVID-19 յայտնաբերումի  app-ը ներբերուեցաւ  միլիոնաւոր աւստրալիացիներու կողմէ:

App-ը, որ կառավարութիւնը կը քաջալերէ հանրութիւնը որ շտապ ներբերէն, պիտի օգնէ որ առողջապահութեան պաշտօնեաներ արագօրէն ինքնութիւնը հաստատեն որեւէ անձի որ շփում ունեցած է քորոնավայրըսի հաստատուած դէպքի մը հետ:

Այս տեղի կ'ունենայ Bluetooth-ի միջոցով որ կ'արձանագրէ ամէն անգամ որ  app-ը գործածող երկու անձեր 15 վայրկեան կ'անցնեն իրար հետ մինչեւ 1,5 մեդր իրարմէ հեռու: Եթէ app-ը գործածող մը կ'ախտաճանաչուի քորոնավայրըսով, անոնք կրնան թոյլ տալ որ իրենց վերջին շփումները կիսուին առողջապահութեան պաշտօնեաներու հետ:

Եթէ բաւական թիւով աւստրալիացիներ ներբերեն app-ը, առողջապահութեան մասնագէտներ կ'ըսեն որ հսկայական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ քորոնավայրըսի դէմ պայքարին մէջ: Մինչայն՝ գաղտնիութեան մասնագէտներ մտահոգութիւն յայտնեցին app-ի հաւաքելիք տուեաներու վերաբերեալ:

Համակարգիչի ծրագրաւորներ հետեւեալ կարծիքը ունին COVIDSafe app-ի մասին:

COVIDSafe-ի թողարկումէն առաջ, մասնագէտներ կոչ ուղղեցին Աւստրալիոյ կառավարութեան որ հրապարակէ ամբողջական սկզբնաղբիւր ծածկագիրը, որ թոյլ պիտի տայ անկախ մասնագէտներու որ գտնեն խնդիրներ, լուծումներ առաջարկեն, և հաստատեն որ app-ը կը գործէ այնպէս ինչպէս կառավարութիւնը կը խոստանայ:

Կառավարութիւնը տակաւին չթողարկեց այդ ծածկագիրը, թէեւ առողջապահութեան նախարար Կրեկ Հանդ ABC-ին ըսաւ որ պիտի թողարկէ երկու շաբաթէն:

Մինչ կը սպասենք սկզբնաղբիւր ծածկագրին, աւստրալիացի ծրագրաւորողներ սկսան հակաշրջել app-ը, կիսելով իրենց գտածները ընկերային լրատուամիջոցներու վրայ:

Համակարգչային ծրագրաւորող Մաթիու Ռոպինզ  յաջողեցաւ ներբերել և կարդալ Android-ի app-ի սկզբնաղբիւր ծածկագիրը:

Ռոպինզ համակարգչային ծրագրաւորումով կը զբաղի մոտ 10 տարի և կեդրոնացած է app-երու զարգացումին վրայ անցած 8 տարիները: Ինքը և ուրիշներ, աշխատեցան COVIDSafe app-ի վրայ գիտնալու ինչ որ կրնան ծածկագիրի մասին:

Յայտնաբերած տեղեկութիւններու շատերը բաւական դրական են: Ռոպինզ հաստատեց որ app-ը կը գործէ ինչպէս որ կը նախատեսուէր, տուեալները ապահով կերպով կը պահէ գործածողի հեռախօսին վրայ, միայն արձանագրելով ազդանշաններ այլ հեռախօսերէ որոնք նմանապէս app-ը տեղադրած են և բոլոր արձանագրութիւնները կը չնչէ 21 օրէն, և առողապահութեան իշխանութիւններուն տուեալներ կը տրամադրէ միայն եթէ հեռաձայնի տէրը թոյլտուութիւն տայ:

App-ը նմանապէս չ'արձանագրէր գործածողի վայրը:

Ռոպինզ, The Feed -ին ըսաւ որ գոհ է իր տեսածէն և վստահութիւն յայտնեց app-ի կառուցուածքի վերաբերեալ:

Մինչ տակաւին կը փափաքի որ կառավարութիւնը թողարկէ սկզբնաղբիւր ծածկագիրը, Ռոպինզ ըսաւ որ առհասարակ չտեսաւ վտանգաւոր կէտեր և խորհուրդ տուաւ որ կ'արժէ ներբերել և տեղադրել app-ը:

Որոշ թիւով այլ փորձառու համակարգչային ծրագրաւորողներ նոյնպէս ուսումնասիրեցին ծածկագիրը և քաջալերեցին աւստրալիացիները որ տեղադրեն app-ը:

Եթէ հետաքրքրուած էք ծրագրաւորումի նրբութիւններուն, Ճէֆ Հանդլի կ'արձանագրէ աւստրալիացի համակարգչային ծրագրաւորողներու ուսումնասիրութիւնները՝ սկզբնաղբիւր ծածկագիրը այստեղ:

Մտահոգութիւններէն մէկը այն էր թէ օգտագործողներ ինչպէս վստահ կրնան ըլլալ որ app-ը կը գործէ իրենց հեռախօսին վրայ: Որպէսզի app-ը աշխատի պէտք է միշտ բաց պահել: Որոշ մասնագէտներ մտահոգութիւն յայտնեցին որ  որոշ պարագաներու, COVIDSafe  կրնայ դադրիլ աշխատելէ iphone-երու վրայ:

Երբ iPhone-ի մը մարտկոցը տկար է կամ շատ տարբեր app-եր կը գործածեն Bluetooth-ը, հնարաւոր է որ COVIDSafe դադրի աշխատելէ:

Մինչեւ օրս, կառավարութիւնը հակասական խորհուրդներ տուաւ թէ օգտագործողներ ինչ պէտք է ընեն գիտնալու համար եթէ app-ը կ'աշխատի: Ներկայիս կառավարութեանCOVIDSafe կայքը խորհուրդ կ'ուտայ iOS օգտագործողներուն որ եթէ իրենց app-ը նուազագոյնը 24 ժամ է որ չ'աշխատիր, ծանուցում մը պիտի ստանան տեղեկութիւններով թէ ինչ պէտք է ընեն խնդիրը ուղղելու համար:

Դժուար է ըսել նաեւ թէ app-ի մշտական բաց մնալը, որքան արագ պիտի դատարկէ շարժուն հեռախօսերու մարտկոցները:

Այս խնդիրները ապահովութեան մտահոգութիւններ չեն յառաջացնէր բայց կրնան ազդել app-ի արդիւնաւետութեան վրայ: Մասնագէտներ կրկին կոչ կ'ուղղեն որ թողարկուի սկզբնաղբիւր ծածկագիրը որպէսզի կարենան քննել կատարումի հարցերը և ուր որ հնարաւոր է լուծումներ առաջարկեն:

Ապահովութեան մասնագէտներ տակաւին մտահոգութիւններ ունին՞ COVIDSafe app-ի մասին

Ապահովութեան մասնագէտներ տակաւին մտահոգութիւններ ունին COVIDSafe app-ի վերաբերեալ: Այն հարցին եթէ այս ապահովութեան մտահոգութիւնները պէտք է կեցնեն մարդիկ որ տեղադրեն app-ը, կախեալ է անհատի հանգամանքներէն: Ահաւասիկ թէ ինչու:

Անցեալ շաբաթ, app-ի թողարկումէն առաջ, The Feed  խօսեցաւ գաղտնիութեան մասնագէտ Փրոֆէսօր Տալի Քաֆարի հետ որ Գործադիր Տնօրէնն է Optus Macquarie Համալսարանի Cyber Security Hub-ին: Փրոֆէսօր Քաֆար ամփոփեց գաղտնիութեան վերաբերեալ որոշ մտահոգութիւնները՝  privacy concerns raised by an app like COVIDSafe:

Քաֆարի բարձրացուցած կարեւոր հիմնական մտահոգութիւնը այն է որ հաւաքուած տուեալները պիտի տեղափոխեն կեդրոնական տեղեկատուական շտեմարան մը: Ինչպէս Փրոֆէսօր Քաֆար ըսաւ The Feed-ին, ով որ  օգտուելու իրաւունք ունի, հսկայական քանակութեամբ տեղեկութիւն կայ և եթէ մէկը վատ նպատակներով կարենայ օգտուիլ այդ տեղեկութիւններէն, շատ բաներ կրնան ընել այս տուեալներով:

App-ի թողարկումէն ետք, գաղտնիութեան այլ մասնագէտներ ինչպէս՝ Աւստրալիական Ազգային Համալսարանի Փրոֆէսօր Վանեսսա Թիկ նշեցին այլ մտահոգութիւններ app-ի արձանագրած և կիսած այլ տեղեկութիւններու վերաբերեալ: Օրինակի համար, աւստրալիական app-ը կը պահէ հեռախօսերու տարբեր տեսակները:

Փրոֆէսօր Քաֆար մտահոգուած է նաեւ որ կեդրոնական իշխանութիւնը աւելի տեղեկութիւններ կրնայ ստանալ քան օգտագործողը կ'ենթադրէ: Ինչպէս Քաֆար կը բացատրէ, եթէ Ա անձը ախտաճանաչուած է քորոնա ժահրով և կը համաձայնի իր հեռախօսի տուեալները տրամադրել իշխանութիւններուն, վերջիններս կրնան բացայայտել որ ան վերջերս հանդիպած է Բ և Գ անձերուն հետ: Կեդրոնական իշխանութիւնը այժմ գիտէ որ Բ և Գ անձերը իրար հետ հանդիպած են: Սակայն այս մարդիկ տեղեակ չեն որ տեղեկութիւնը կիսուած է իշխանութիւններուն հետ:

Փրոֆէսօր Քաֆար կ'ըսէ որ  այս տեղեկութիւնը կրնայ ըլլալ որ զգայուն չէ շատերուն համար, սակայն կրնայ իսկապէս կարեւոր ըլլալ ուրիշներու համար: Օրինակի համար երկու քաղաքական այրեր երկու տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններէ կը հանդիպին, կամ թղթակից մը և քաղաքական անձ մը կը հանդիպին:

Փրոֆէսօր Քաֆար կ'ըսէ որ գաղտնիութեան շատ մը այս հարցերը կարելի է ուղղել յարաբերաբար փոքր փոփոխութիւններու ենթարկելով app-ը: Միջազգային մասնագէտներու միութիւն մը տեղեկացուց նաեւ որ հնարաւոր է ստեղծել յայտնաբերումի app մը որ տեղեկութիւն չի տրամադրէր կեդրոնական իշխանութեան:

Մինչեւ որ այս փոփոխութիւնները չկատարուին, Փրոֆէսօր Քաֆար The Feed -ին ըսաւ որ անձնապէս ինք պիտի չտեղադրէ app-ը, սակայն չի գիտեր թէ ինչ խորհուրդ կրնայ տալ աւստրալիացիներու:

Պէտք՞ եմ տեղադրել COVIDSafe?

COVIDSafe app-ը աճապարանքով տեղադրուեցաւ մէկ պատճառով, որովհետեւ համաճարակի մը մէջտեղը կը գտնուինք: Եթէ կ'ուզենք բանալ հասարակութիւնը և տեղաշարժի սահմանափակումները վերցնել, բեկումնային է առագօրէն յայտնաբերել անձ մը որ շփում ունեցած է COVID-19-ով վարակուած անձի մը հետ:

Եթէ բաւական թիւով աւստրալիացիներ ներբերեն այս app-ը և ճշգրիտ կերպով օգտագործեն, հնարաւոր է որ իսկապէս օգնէ: Սակայն որպէսզի app-ը արդիւնաւէտ ըլլայ, կառավարութիւնը կ'ըսէ որ նուազագոյնը 40 առ հարիւրը, եթէ ոչ աւելին, պէտք է օգտագործեն: Այդ մոտ 10 միլիոն մարդ է որ պէտք է արձանագրուի: Արդեն 4 միլիոն մարդիկ ներբերած և տեղադրած են COVIDSafe app-ը:

Եթէ որոշէք որ COVIDSafe app-ը ձեզի համար չէ, յիշեցէք որ տակաւին հնարաւորութիւն կայ որ շատ բան փոխուի մինչ app-ը կը թարմանայ և կը բարեփոխուի: Ձեզի տեղեակ կը պահենք երբ տեղի ունենայ:



Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ և հաւաքոյթները սահմանափակուած են երկու անձերու բացի եթէ ընտանիքի կամ տնեցիներու հետ են:

Եթէ կը կարծէք որ վարակուած էք ժահրով, հեռաձայնեցէք ձեր բժիշկին  (մի՛ այցելէք) կամ կապ հաստատեցէք ազգային Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին (Coronavirus Health Information Hotline) 1800 020 080: Եթէ դժուարութիւն ունիք շնչելու կամ բժշկական արտակարգ իրավիճակի մէջ էք հեռաձայնեցէք՝ 000:

SBS յանձնառու է տեղեկացնելու Աւստրալիոյ տարբեր համայնքները ՔՈՎԻՏ-19-ի վերջին զարգացումներու մասին: Լուրեր և տեղեկութիւն կը տրամադրուի 63 լեզուներով՝ sbs.com.au/coronavirus.

ԱՂԲԻՒՐ՝ SBS NEWS, ԱՒՍՏՐԱԼԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 


Share

Published

Updated

By Sam Langford
Presented by Vahe Kateb

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand