Շաբաթ կէս գիշերէն սկսեալ Մեծն Սիտնիի բնակիչներէն կը պահանջուի որոշ փակ շրջանակներու մէջ դիմակ կրել :
ՆՍՈՒ-ի Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիկլեան, պսակաժահրի այլ սահմանափակումներու շարքին, այդ միջոցառման մասին յայտարարեց Շաբաթ առաւօտ, որովհետեւ նահանգը արձանագրեց եօթը նոր տեղական-ստացուած ՔՈՎԻՏ-19-ի դէպքեր:
Մեծն Սիտնիի մէջ մարդիկ ստիպուած են դիմակ կրել հանրախանութներու, առեւտուրի կեդրոններու, շարժանկարասրահներու եւ փակ ժամանցի վայրերու մէջ, հանրային փոխադրամիջոցներու վրայ, գեղասրահներու եւ վարսավիրանոցներու մէջ, պաշտամունքի եւ խաղային վայրերու մէջ:
«Ասոնցմէ ոչ մէկը անակնկալ մը պիտի ըլլայ» ըսաւ նահանգապետը:
«Մենք արդէն խստօրէն խորհուրդ տուած ենք դիմակ կրել այս շրջանակներուն մէջ, բայց այն ինչ որ մենք կ'ուզենք ընել, վստահ ըլլալն է որ մենք այնպիսի կացութեան մը մէջ չենք ուր մենք կը սահմանափակենք մարդոց իրենց գործով զբաղուելու կարողութիւնը»:
Օրէնքին ենթարկուիլը պիտի սկսի Երկուշաբթի 4 Յունուարին, երբ անհատներ տեղւոյն վրայ $200 տուգանքի պիտի ենթարկուին եթէ դիմակ չի կրեն, ինչպէս որ կը պահանջուի:
12 տարեկանէն վար երեխաները զերծ են, բայց, ուր որ կարելի է, կը քաջալերուին դիմակ կրել:
Նահանգի ընդդիմադիր ղեկավար Ճոտի ՄքՔէյ ողջունեց դիմակ կրելու հրահանգը եւ ըսաւ որ նահանգապետը «քաշուած» էր որոշումին մէջ «առողջապահութեան մասնագէտներու, համաճարակաբաններու, բժիշկներու եւ առաջին գծի առողջապահական աշխատողներու կողմէ ճնշումերուն պատճառով»:
Աւստրալիական Բժշկական Ընկերակցութիւնը, որ վաղուց կոչ կ'ընէր այս քայլին, ըսաւ որ կարեւոր որոշում մըն էր:
« Սա ճանաչում մըն է որ դէմքի դիմակներ կրելը մեր ամենապարզ զէնքերէն մէկն է պսակաժահրի տարածման դէմ», ըսաւ AMA-ի Նախագահ Տր Օմար Խորշիտ:
Գիշերային ակումբներ արգիլուած, մարզասրահներ եւ հարսանիքներ սահմանափակուած
Մեծն Սիտնիի բնակիչները – Wollongong-ի, Central Coast-ի եւ Blue Mountains-ի մէջ – նոյնպէս պիտի ունենան շարք մը այլ սահմանափակումներ կէս գիշշերէն ետք:
Մարզանքի դասարանները 30 անձէն կրճատուած են 50-ի, մինչ պաշտամունքի վայրերը, հարսանիքները եւ յուղարկաւորութիւնները պիտի սահմանափակուին 100 անձի, եւ չորս քառակուսի մէթրի համար մէկ անձ օրէնքը պիտի պարտադրուի:
Գիշերային ակումբները ամբողջութեամբ արգիլուած են:
Բացօթեայ ներկայացումները եւ բողոքները պիտի կրճատուին առաւելագոյնը 500 անձի, եւ նստած՝ տոմսակով եւ շրջապատուած բացօթեայ հաւաքոյթները կրճատուած են 2000 անձի:
SCG—ի մէջ երրորդ գրիգեթի խաղին առնչութեամբ Օր Պերեճիկլեան յայտնեց որ առողջապահութեան պաշտօնեաները, ոստիկանութիւնը եւ միջոցառման կազմակերպողները պիտի քննեն միջոցառման ՔՈՎԻՏ-Ապահով ծրագիրը, եւ NSW Health-ը ճշդումներ պիտի ընէ՝ եթէ որեւէ ճշդումներ անհրաժեշտ են:
Սահմանափակումները չեն ազդեր տարածաշրջանային ՆՍՈՒ-ին վրայ, միայն Մեծն Սիտնիին, բայց Օր Պերեճիկլեան կը յորդորէ որ նահանգի տարածքին, բոլոր բնակիչներուն եւ այցելուներուն «ՔՈՎԻՏ ապահով վերաբերմունք ունենալ եւ քննութեան ենթարկուիլ եթէ նոյնիսկ թեթեւ ախտանշաններ ունենան»:
Հիւսիսային Ծովեզերքի Հարաւային կէսի բնակիչները եւս այժմ, կէս գիշերէն սկսեալ Մեծն Սիտնիի մաս կը նկատուին, մինչ Narrabeen Bridge-ի հիւսիսային կողմի բնակիչներուն համար տունը-մնալու օրէնքները կը շարունակուին մինչեւ առնուազն 9 Յունուար:
Այս տեղի կ'ունենայ մինչ նահանգին մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի համայնքային փոխանցման եօթը նոր դէպքեր արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ պանդոկներու մէջ մեկուսացուած 12 վերադարձած ճամբորդներու դէպքեր:
Տեղական ստացուած դէպքերուն հինգը արեւմտեան եւ հարաւ արեւմտեան Սիտնիէն են եւ կապուած են Berala փունջին, որունընդհանուր թիւը ներկայիս եօթն է, եւ որուն վարակի սկզբնական աղբիւրը 40 տարեկան մարդ մըն է:
.Ուրբաթ օր, մինչեւ երեկոյեան ժամը ութը 24 ժամուան ընթացքին կատարուած 32,000 քննութիւններէն ետք մէկ նոր վարակ դեռ հետաքննութեան տակ է:
Համայնքային փոխանցման երեք դէպքերու մասին տեղեկացուած էին Ուրբաթ օր, մինչ նահանգային կառավարութիւնը դեռ եւս կը յորդորէ Սիտնիի արեւմտեան շրջանէն Greystanes-ի, Auburn-ի, Berala-ի եւ Lidcombe-ի բնակիչներուն քննութեան ենթարկուիլ եթէ նոյնիսկ ամենաթեթեւ ախտանշանները ունին:
NSW Health-ը Ուրբաթ իրիկուն իր ենթակայութեան վայրերու ցուցակը ընդլայնեց, ըսելով որ ոեւէ մէկը որ 22 – 31 Դեկտեմբեր այցելած է BWS Berala-ի մէջ, պէտք է անմիջապէս քննութեան ենթարկուի եւ մեկուսանայ:
Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ իրարմէ առնուազն 1,5 մէթր հեռու պէտք է մնան: Հաւաքոյթներու սահմանափակումներու վերաբերեալ ստուգեցէք ձեր օրինական իշխանութեան սահմանափակումները: NSW, Victoria, Queensland, Western Australia, South Australia, Northern Territory, ACT, Tasmania.
Եթէ հարբուխի կամ գրիպի ախտանշաններ ունիք, տունը մնացէք եւ քննութեան ենթարկուելու կարգադրութիւն ըրէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ կապուեցէք Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկատուութեան արագ գծին հետ 1800 020 080 հեռախօսահամարով:
Լուր եւ տեղեկութիւն մատչելի է 63 լեզուներով համացանցէն՝