Feature

Դրական օրինակներ կրնան կեցնել սեռի վրայ հիմնուած բռնութիւնը

Երիտասարդներու վարուելակերպը յաճախ կը կերտուի զիրենք շրջապատող չափահասներու և խնամողներու կողմէ: Կեցնելով անյարգալիր վերաբերմունքը, կրնանք վերջ դնել բռնութեան:

Side view of young mother embracing young boy in studio

It’s never too young or never too late to talk to your children about respect Credit: Cavan Images/Getty Images

Key Points
  • • “Stop it at the Start” արշաւը նպատակ ունի կտրելու բռնութեան օղակը քաջալերելով չափահասները որ դրական ազդեցութիւն ունենան երիտասարդներու վրայ:
  • • Պէտք է դադրեցնենք արդարացումները և կրթենք երեխաները յարգալիր վերաբերմունքի վերաբերեալ:
  • • Միջոցներ մատչելի են օգնելու որ խօսակցութիւնը սկսիք
Յաճախ արդարացումի արտայայտութիւններ կը լսենք, ինչպէս՝ տղայ են և նման բաներ կ'ընեն, երբ ականատես կը դառնանք, աղջիկներու կամ կանանց դէմ, անյարգալիր կամ բռնութեան վերաբերմունքի:

Մասնագէտներ կ'ըսեն որ տղոց վերաբերմունքի արդարացումները, հակառակ որ առ երես վտանգաւոր չեն, սակայն անգիտակցաբար կը բնականոնացնեն յարձակողական վարքը որ իբր բան մըն է որ յատուկ է տղոց կամ բան մըն է որ աղջիկները սադրած են:

Անարգական վերաբերմունքի բոլոր ձեւերը չէ որ բռնութեան կ'առաջնորդեն, սակայն կանանց դէմ բռնութիւնը առաջ կ'ուգայ անարգական վերաբերմունքէն:

Ինչ՞ է “Կեցուր Սկզբնաւորութեան” արշաւը

Կեցուր Սկզբնաւորութեան արշաւը Աւստրալիական Կառավարութիւններու Խորհուրդի ձեռնարկ մըն է, որու նպատակն է կեցնել սեռի վրայ հիմնուած ամէն տեսակի բռնութիւն: 

Արշաւը սկսաւ 2016-ին երբ մատչելի դարձան երեխաներու և կանանց դէմ բռնութեան վրդովեցուցիչ վիճակագրական տուեալները:

Աւստրալիական Վիճակագրական Գրասենեակի տուեալներուն համաձայն՝ 
  • Երեք կիներէն մէկը, 15 տարեկանէն ֆիզիքական կամ սեռային բռնութեան զոհ դարձած է ծանօթ անձի մը կողմէ:
  • Գրեթէ չորս կիներէն մէկը, 15 տարեկանէն, հոգեկան բռնութեան ենթարկուած է իր կողակիցին կողմէ:
Գիտենք որ միջին հաշուով, տասը օրը մէկ, կին մը կը սպաննուի իր ներկայ կամ նախկին կողակիցին կողմէ:
Ընկերային Ծառայութիւններու և Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլման նախարար, Ճասթին Էլիըթ
“Շարունակական նուազում մը տեսնելու միակ միջոցը, սեռային անհաւասարութեան և խտրականութեան այլ ձեւերու հարցը յաղթահարելն է ազգային զօրաւոր ջանքերով,” Ընկերային Ծառայութիւններու և Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլման նախարար Ճասթին Էլիըթ ըսաւ SBS-ի:

Ճանչնալով որ երիտասարդներու վատ վարքագիծը կ'ազդուի և կը կերտուի զիրենք շրջապատող չափահասներու, խնամողներու կողմէ, արշաւը կը թիրախաւորէ 10-17 տարեկան զաւակներ ունեցող ծնողքները և ընտանիքի միւս անդամները որպէսզի անդրադառնան իրենց վարուելակերպին վրայ:

Ճանչնալ կրկնուող բռնութիւնը

“Բռնութիւնը չի սկսիր, կայլ 'աճի” կ'ըսէ Բժիշկ Րոզինա Մքալբայն, ծնողք ըլլալու մասնագէտ մը և Ոգեշնչուած Երեխաներ գիրքի հեղինակը:

Մեծցած ըլլալով տան մը մէջ ուր բռնութիւնը անցած էր անոր մեծ հօրմէն իր հօրը, Բժիշկ Մքալբայն անձնապէս զգացած էր կրկնուող բռնութիւնը: 

“Մեր հայրը կը պատկանէր սերունդի մը որ կը հաւատար որ լաւ երեխաներ մեծցնելու միջոցը կարգապահութիւնը և մարմնական պատիժն էր:"
Դժգոհ աղջնակ մը կ'ուլայ քրոջ հետ կռուելէ ետք
Անցած սերունդներ կը հաւատային որ կարգապահութիւնը և մարմնական պատիժը լաւ երեխաներ մեծցնելու միջոց է Credit: FluxFactory/Getty Images
Պատիժը կը ներառնէր գոտիներ և ճիւղեր կամ “ծանր ձեռքեր:”

Ան կը յիշէ որ ամառը դպրոց կ'երթար հագնելով տաբատ և զուգագուլպաներ ծածկելու համար կապտուկները:

“Բայց այդ օրերուն ոչ ոք բան մը կ'ըսէր, և մեզի համար բաւական սովորական էր մեր համայնքին մէջ:

“Կրնաք սորվիլ շատ մը չգործող բաներ և շատ մը մարդիկ այդ կ'ընեն այդ միջավայրին մէջ: Որպէս երեխայ կը սորվինք ընտանեկան կեանքի մասին, ինչ որ ընդունելի է և ինչ որ ընդունելի չէ, որն՞ է շիտակը և որը ոչ:”

Կրկնուող վարուելակերպի հերթականութիւնը կտրելը դժուար է որովհետեւ, ինչպէս Բժիշկ Րոզինա Մքալբայնի հայրը, շատեր որ նման բռնութիւն կը գործադրեն, կը հաւատան որ շիտակ բանը կը կատարեն: 

Այս պատճառով, կանանց հանդէպ անյարգալից վերաբեմունքը կը շարունակուի որովհետեւ իրագործողները այլ ճամբայ չեն գիտէր:
Երբ աւելի երիտասարդ էի, կը մտահոգուէի որ հօրս պէս պիտի ըլլամ: Երկար տարիներ անցուցի հետազօտելով և ես կտրեցի իմ ընտանիքի մէջ բռնութեան կրկնութիւնը:
Բժիշկ Րոզինա Մքալբայն ծնողք ըլլալու մասնագէտ մը և Ոգեշնչուած Երեխաներ գիրքի հեղինակը:

Դադրեցուցէք արդարացումները

Կանանց հանդէպ անյարգալից կամ բռնութեան վարքագիծի արդարացումը, կրնայ երիտասարդ մարդոց մօտ այն տեսակէտը կազմել թէ ինչը՞ ընդունելի է:

Արշաւի կայքին վրայ Արդարացումի թարգմանիչը ցոյց կ'ուտայ թէ ինչպէս լեզուն կրնայ գաղտնի իմաստ ունենալ: 

Բժիշկ Րոզինա Մքալբայն կ'ըսէ որ պէտք չէ թոյլ տանք արդարացումներ և կրթենք մեր զաւակները թէ ինչ՞ է յարգալից վերաբերմունքը:
Մայրը կը մխիթարէ զաւակը տան մէջ
Ծնողքներ և խնամողներ պատասխանատուութիւն ունին կրթելու երեխաները յարգանքի մասին: Credit: MoMo Productions/Getty Images

Արդիւնաւէտ, բաց և շարունակական խօսակցուիւն ունեցէք

Արշաւի նպատակներէն է “քաջալերել, արդիւաւէտ, բաց և շարունակական խօսակցութիւն մը սեռային հաւասարութեան և յարգալից յարաբերութիւններու վերաբերեալ,” կ'ըսէ Տիկին Էլիըթ:

“Կարեւոր է սկսիլ այդ խօսակցութիւնը:"

Երեխաներու հետ անյարգալից և բռնութիւն գործածելու մասին խօսակցութիւնները երբէք դիւրին չեն: Սակայն ծնողքներ և խնամողներ պէտք է պատրաստ ըլլան խօսելու և յաճախ խօսելու:
Երբէք փոքր չէ կամ երբէք ուշ չէ խօսելու ձեր զաւակներուն հետ
Բժիշկ Րոզինա Մքալբայն
Արշաւին տրամադրած նիւթերէն մէկը խօսակցութեան ուղեցոյցն է: Միջոց մըն է որ ձեզի կ'օգնէ խօսակցութիւն մը սկսելու պատասխանելու և կողմնորոշուելու երեխաներու պատասխաններուն մէջէն:
Որպէս ուսուցիչներ, որպէս ծնողքներ, իւրաքանչիւր հանգրուանին, կարեւոր է արդարացումներ չկատարել, փոխարէնը կենալ և կրթել և խօսակցութիւններ ունենալ թէ ինչ՞ է յարգալից վերաբերմունքը:
Բժիշկ Րոզինա Մքալբայն
Ուրեմն, եթէ եղբայրներ և քոյրեր կը կռուին, փոխանակ անտեսելու կացութիւնը “արդարացումներ” օգտագործելով , կանգ առ և հարց տուր իրենց, “այդ՞ էր շիտակ վերաբերմունքը,” “այդ վարուելակերպը յարգալից՞ էr,” “ինչպէս՞ պիտի զգայիր եթէ դուն ըլլայիր” Բժիշկ Մքալբայն կը թելադրէ:

Կայ նաեւ յարգանքի ստուգացուցակը որ թոյլ կ'ուտայ ծնողքներուն և ընտանիքի անդամներուն որ ճանչնան և հասկնան երեխայի մը տեսակէտը յարգանքի վերաբերեալ, ձեզի առիթը տալով որ սկսիք խօսակութիւնը:

Հարցը դիմագրաւել մշակութայն զգայուն կերպով

Կանանց և երեխաներու դէմ բռնութեան տոկոսը յաճախ աւելի բարձր է որոշ Մշակութային և Լեզուական Տարբեր համայնքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ապորիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներու խումբերուն մէջ, ըսաւ Տիկ Էլիըթ:

Մշակութային և Լեզուական Տարբեր համայնքներու ղեկավարներ էական դեր ունին խաղալիք, այս հարցերուն դէմ միջոցներ ձեռք առնելով մշակութային զգայուն կերպով:

Մարիա Տիմոփուլոս Վիքթորիայի մէջ տնային բռնութեան մասնագէտներու ծառայութիւններու գլխաւոր մարմնին, Ապահով և Հաւասար (Safe and Equal), վարչութեան ղեկավարն է: 

Ան յայտնեց որ երբ կը դիմագրաւենք կանանց և երեխաներու բռնութեան կանխարգիլումը այս համայնքներուն մէջ, այնպէս պէտք է ընենք որ “կը ճանչնայ մշակոյթի դերը և թէ ինչպէս բազմամշակութիւնը կազդէ այս փորձառութիւններուն վրայ”:
Փոխանակ դիտելու մեր մշակոյթը կամ հաւատքը որպէս թերութիւն մը, ինչպէս՞ կրնանք այս կառուցուածքը օգտագործել կերտելու համար զօրաւոր և իմաստալից յանձնառութիւններ մեր համայնքներուն մէջ:
Maria Dimopoulos, Safe and Equal-ի ատենապէտ
Stop it at the Start արշաւը ունի անգլերէնէ զատ այլ լեզուներով և բնիկներու աղբիւրներ որոնք կարելի է գտնել արշաւի կայքին վրայ:

Արշաւը դրական արդիւնքներ կ'արձանագրէ

Կեցուր Սկիզբէն իր չորրորդ հանգրուանը մտաւ այս տարի և մինչեւ օրս կատարուած գնահատականը ցոյց կ'ուտայ որ արշաւը դրական արդիւնք կ'ուտայ:

"Մարդոց 82 առ հարիւրը, որոնք տեսան արշաւը հասկցան և ընդունեցին իրենց դերը ցոյց տալով երիտասարդներուն ինչպէս յարգանքով վերաբերիլ" ըսաւ Տիկին Էլիըթ:

Ուրեմն, կրթենք մեր զաւակները յարգալից վերաբերմունքի վերաբերեալ: Գիտակցելով թէ բռնութեան հերթականութիւնը ինչպէս կը գործէ, կրնանք սկիզէն կեցնել և դառնալ դրական օրինակներներ:

Օգնութիւն և Ծառայութիւններ 

1800RESPECT 1800 737 732 կամ 1800respect.org.au 

Lifeline 13 11 14 կամ lifeline.org.au

Ձեր նահանգի և հողամասերու մէջ օգնութեան ծառայութիւններու համար, սեղմել այստեղ

Եթէ դուք կամ որեւէ մէկը որ կը ճանչնաք ենթարկուած է կամ կ'ենթարկուի սեռային բռնութեան կրնաք հեռաձայնել  1800RESPECT հեռաձայնելով 1800 737 732 թիւին կամ այցելելով 1800RESPECT.org.au. Արտակարգ դրութեան մը պարագային հեռաձայնել  000:

 



Share

Published

By Yumi Oba
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand