Feature

Մտահոգուած՞ էք սիրած անձի մը խաղամոլութեան խնդիրէն, ահա թէ ինչպէս կրնաք օգնել իրեն

Խաղամոլութեան բացասական հետեւանքները տարբեր ձեւերով կը յայտնուին, ազդելով ոչ միայն խաղամոլին այլ նաեւ անոր ընտանիքին և ընկերներուն վրայ: Անկախ այն իրողութենէն թէ ձեր սիրած անձը կը փորձէ ձերբազատուիլ խաղամոլութենէ կամ ապաքինումի մէջ է, աջակցութիւն ստանալը կարեւոր է: Աւստրալիոյ մէջ, օգնութիւն կը տրամադրուի տարբեր լեզուներով:

slot machines.jpg

Pokies present more risk of harm than any other form of gambling, according to an NSW Responsible Gaming Fund report. Credit: Getty Images/Alina555

ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
  • Խաղամոլութեան հնարաւոր վնասները կը տարածուին ֆինանսական խնդիրներէն մինչեւ մտային առողջութիւն:
  • Ընտանիք և ընկերներ կ'ազդուին մէկու մը խաղամոլութենէն, սակայն հնարաւոր է աջակցութիւն ստանալ:
  • Մշակութային դիւրազգացողութիւններ կրնան արգիլել որ մարդիկ օգնութիւն խնդրեն:
  • Արդիւնաւոր կերպով սիրած անձի մը օգնելը կը պահանջէ որ ընտանիք և բարեկամներ եւս օգնութիւն ստանան:
Առցանց և արտցանցային բախտախաղի հետեւանքով ստացած վնասը ամէն անգամ չէ որ տեսանելի է, կ'ըսէ Սիտնի Համալսարանի Հոգեբանութեան Փրոֆէսօր Sally Gainsbury:
Յաճախ կը կոչուի ծածուկ կախուածութիւն որովհետեւ եթէ մէկը խաղամոլութեան խնդիր ունի, այդ չի տեսնուիր անոր աչքին մէջ կամ հոտը կարելի չէ քաշել շունչէն... սակայն վնասները նոյնն են և ֆինանսական ծախսերը եւս նոյնն են:
Sally Gainsbury, Հոգեբանութեան Փրոֆէսօր Սիտնի Համալսարանին մէջ
Փրոֆէսօր Gainsbury Տնօրէնն է համալսարանի Խաղամոլութեան Բուժումի և Հետազօտութեան Կեդրոնին:

Ան կ'ըսէ որ խաղամոլութենէ ապաքինումի ճամբան բարդ գործընթաց մըն է, թէ անհատին և թէ զինք շրջապատող անձերուն համար:

Շատ յաճախ կրկին կը մոլորին, կ'ըսէ ան:
Tama ma lana kate talatupe.jpg
Online wagering tends to appeal to a different cohort than that of poker machines, but the harms are the same Credit: Getty Images/becon
Աւստրալիական Առողջութեան և Բարօրութեան Հիմնարկին համաձայն, չափահասներու 7,2 առ հարիւրը խաղամոլութեան վտանգի մէջ կը գտնուին:

Մշակութային և Լեզուական Տարբեր համայնքներ աւելի բախտախաղ չեն խաղար քան ընդհանուր հասարակութիւնը, սակայն հետազօտութիւնը ցոյց կ'ուտայ որ անոնք աւելի խոցելի են խաղամոլութեան պատճառած վնասներէն: 

Natalie Wright, Տնօրէնը New South Wales-ի Պատասխանատու Բախտախաղի Գրասենեակին, ըսաւ որ այլազան համայնքներէ մարդիկ, որոնք խաղամոլութեան խնդիրներ կը դիմագրաւեն, հնարաւոր է որ նաեւ խուսափին օժանդակութիւն խնդրելէ ամօթի պատճառով:
Շատ մը համայնքներու մէջ խորհրդատուութիւնը իսկապէս խորթ, արեւմտեան գաղափար մըն է: Ուրեմն, յաճախ այն ըմբռնումը կայ որ մարդիկ կ'ուզեն խնդիրները ընտանիքին մէջ պահել:
Natalie Wright, Տնօրէնը New South Wales-ի Պատասխանատու Բախտախաղի Գրասենեակին
Sad family.jpg
Խաղամոլութեան վնասը ոչ միայն կ'ազդէ անձին վրայ որ բախտախաղով կը զբաղի Credit: Getty Images/uniquely India
Խաղամոլութեան խնդիրներ ունեցող մարդոց հարազատները և ընկերները եւս կրնան ազդուիլ:

Անոնք յաճախ կը զգան ֆինանսական վնաս որ կապ ունի խաղամոլութեան խնդիրներու հետ: Անոնք հնարաւոր է որ ճնշում զգան իրենց յարաբերութեան մէջ և պէտք է յարմարին կապ ունեցող ժխտական հետեւանքներուն հետ:

“Ուրեմն, այս մարդիկ պէտք է օժանդակութիւն ստանան իրենք իրենց համար անկախ այն իրողութենէն եթէ անձը կը փորձէ ապաքինուիլ խաղամոլութենէն: Օգտակար է նաեւ եթէ անոնք կը փորձեն մէկու մը օգնել որ կը փորձէ ապաքինուիլ” կը բացատրէ Փրոֆէսօր Gainsbury:
Concerned man with bill.jpg
Մէկու մը ֆինանսական բարօրութեան Փոփոխութիւնները կրնայ նշան մը ըլլալ որ խաղամոլութիւնը հարց մը դարձած է Credit: Getty Images/Narisara Nami
Ադամ*, արաբական ծագումով արեւմտեան Սիտնիի բնակիչ մը, 2014 թուականէն կը փորձէ ձերբազատուիլ խաղամոլութենէ: 

Ան կ'ըսէ որ իր անմիջական ընտանիքը եւս ազդուեցաւ և իր ապաքինումի ընթացքին անոնք միշտ իրեն նեցուկ կանգնեցան: 

Ան յիշեց որ իր ապաքինումի ընթացքին մօտիկ ազգական մը ինքն իրեն համար օգնութիւն խնդրեց խորհրդատուութեան միջոցով:

“Անոնք աւելի լաւ կրցան օգնել իմ ապաքինումի պահանջներուն, որ երբեմն շատ դժուար կրնայ հասկցուիլ եթէ մէկը մոլի չէ”:

“Կը կարծեմ որ մասնագիտական օգնութիւն խնդրելը զիրենք աւելի կարող դարձուց հասկնալու որ իրենք պատասխանատու չեն պատահածին և իրենց յանցանքը չէ”:

Ադամի համար, իր ապաքինումի բեկումնային կէտը եկաւ  Gamblers Anonymous-ի միջոցով, որ կանանց և մարդոց խմբակցութիւն մըն է որոնք իրենց փորձառութիւններու մասին կը խօսին և ուրիշներուն կ'օգնեն որ ապագինուին խաղամոլութեան խնդիրներէն:

Սակայն Ադամ կը հաւատայ որ ամէն մարդ տարբեր ձեւերով կրնայ ապաքինուիլ խաղամոլութեան խնդիրէն:
[Որոշ] մարդիկ կը յաջողին միայն ամէն շաբաթ խորհրդատուութեան երթալով, գործ փոխելով կամ աւելի մարզանք ընելով: Որոշ բաներ կան որ կրնան օգտակար ըլլալ բոլորին:
Ադամ*, կ'ապագինուի խաղամոլութեան խնդիրներէն
support group.jpg
Peer-to-peer support and online forums can be helpful for some. Credit: Getty Images/Marco VDM
Օգնութեան որեւէ ճամբայ կրնայ օգտակար ըլլալ, որքան ժամանակ որ օգնութիւն կը տրամադրուի, կ'ըսէ Փրոֆէսօր Gainsbury:

Ան կը նմանեցնէ խաղամոլութեան հետ զործ ունենալը օդանաւի մը մէջ արտակարգ դրութեան կացութեան մը հետ, ուր ճամբորդներուն խորհուրդ կը տրուի որ թթուածինի դիմակները դնեն ուրիշերուն օգնելէ առաջ:
Կարեւոր է որ մարդիկ իմանան որ օգնութիւն կը տրամադրուի իրենց և իրենք առանձին չեն:
Փրոֆէսօր Gainsbury.
Doctor with patient.jpg
Որոշ մարդիկ աւելի հանգիստ կը զգան հարցնելով իրենց բժիշկին որ իրենց ուղղութիւն տայ դէպի մասնագիտացած ծառայութիւններ: Credit: Getty Images/nahsoon
Նահանգային ծառայութիւնները միջոցներ և խորհուրդ կը տրամադրեն հեռաձայնով, առցանց կամ անձնապէս:

New South Wales-ի կառավարութեան՝ Թիւը որ Փոխեց Մեր Կեանքը (The Number that Changed our Life) ծանուցումի արշաւը, նպատակ ունի օգնելու բազմազան համայնքներէ մարդոց, որոնք խաղամոլութեան խնդիրներ կը դիմագրաւեն բայց չեն գիտէր թէ ինչպէս օգնութեան դիմեն:

New South Wales-ի մէջ օգնութեան առաջին կէտը Gamble Aware-ն է կ'ըսէ Natalie Wright (հեռախօսի թիւը 1800 858 858): Անոնց կայքը թարգմանուած է հինգ համայնքային լեզուներով ներառեալ արաբերէն, պարզեցուած և աւանդական չինարէն, հինտի, քորէերէն և վիեթնամերէն:

Կը տրամադրուի նաեւ ֆինանսական խորհրդակցութիւն:

Եթէ կուտակուող պարտքեր կան ձեր հարազատի խաղամոլութեան հետեւանքով կամ ֆինանսական հարցեր կան, կրնաք ֆինանսական խորհուրդ ստանալ կ'առաջարկէ Տիկ Wright:
Շատեր ոչ պաշտօնական օգնութեան պիտի դիմեն, ինչպէս առողջապահական մասնագէտներու կամ համայնքին մէջ օգնութեան, ինչպէս համայնքի ղեկավարներու կամ կրօնական ղեկավարներու կամ իրենց ընտանիքին մէջ օգնութեան:
Փրոֆէսօր Gainsbury.
“50 լեզուներէ աւելի խորհրդատուութիւն կը տրամադրուի որեւէ անձի նահանգի տարածքին,” կ'ըսէ Տիկին Wright:

*Իր իսկական անունը չէ

Օգնութեան համար հեռաձայնել կամ սեղմել վարի կապերը


Share

Published

By Zoe Thomaidou
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS

Share this with family and friends


Follow SBS Armenian

Download our apps
SBS Audio
SBS On Demand

Listen to our podcasts
Independent news and stories connecting you to life in Australia and Armenian-speaking Australians.
Ease into the English language and Australian culture. We make learning English convenient, fun and practical.
Get the latest with our exclusive in-language podcasts on your favourite podcast apps.

Watch on SBS
SBS Armenian News

SBS Armenian News

Watch it onDemand
Մտահոգուած՞ էք սիրած անձի մը խաղամոլութեան խնդիրէն, ահա թէ ինչպէս կրնաք օգնել իրեն | SBS Armenian