Յիշատակի Գովերգը բանաստեղծութիւն մըն է որ սովորաբար կ'արտասանուի Anzac Օրուայ արարողութիւններու ժամանակ յիշատակելու համար պատերազմական ժամանակներու զոհողութիւնները: Australian War Memorial-ի հետ համագործակցութեամբ, SBS կը ներկայացնէ Յիշատակի Գովերգը 45 լեզուներով:
Anzac օրը, աւստրալիացիներ երկրի տարածքին կը յիշատակեն անոնք որոնք ծառայեցին, պատերազմեցան և կեանքերնին կորսնցուցին Աւստրալիոյ և Նոր Զելանտայի զօրքերուն մէջ: Ժամանակի ընթացքին, օրուայ նշանակութիւնը տարածուեցաւ նաեւ անոնց վրայ որոնք կը գտնուէին ճակատամարտի հակառակ կողմը:
Ահաւասիկ Յիշատակի Գովերգը հայերէնով.
Անոնք պիտի չծերանան, ինչպէս մենք որ կը մնանք ծերանալու
Տարիքը պիտի չյոգնեցնէ զիրենք, ոչ ալ տարիները դատապարտէ:
Արեւու մայրամուտին և առաւօտը
Մենք պիտի յիշենք զիրենք

Աւստրալիոյ Anzac օրուայ աւանդութիւններու մասին Յաւելեալ տեղեկութեան համար , այցելել Աւստրալիական Պատերազմի Յուշահամալիր:




