Յունիս 28-ին Աւստրալիական Վիճակագրական Գրասենեակը հրապարակեց 2021 թուականի մարդահամարի տուեալները, որոնք ցոյց տուին Աւստրալիոյ բնակչութեան մէջ տեղի ունեցած մեծ փոփոխութիւնները: Այս տուեալներուն համաձայն Աւստրալիա աւելի բազմազան կը դառնայ և աւելի քիչ կրօնասէր: Հաղորդումը կը ներառնէ նաեւ հայ համայնքի տուեալները:
Share





