Անցեալ ամիս, նոր կազմուած Համաշխարհային Ցանց – Կեցուցէք Զէնքի Առեւտուրը (Global Net — Stop the Arms Trade) կազմակերպութիւնը հրապարակեց իր առաջին զեկոյցը, որու նիւթն էր Գերմանիոյ կողմէ Օսմանական կայսրութեան տրամադրած զէնքերը և հրետանին, որոնք Համիտեան ջարդերէն մինչեւ Ցեղասպանութեան ժամանակ, թուրքերը օգտագործեցին բնաջնջելու համար հայ բնակչութիւնը: Սոյն հետազտութեան հեղինակն է գերմանացի թղթակից և վաւերագրական ֆիլմեր նկարահանող Վոլֆկանկ Լէնտկրէպըրը: Սոյն հարցազրոյցին մէջ ան մանրամասներ ներկայացուց իր տեղեկագրի մասին:
Share




