Կարեւոր կէտեր
- Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը միջոցներ կը տրամադրէ քուէարկողներուն որ կարենան գտնել իրենց ընտրատարածքը և քուէարկութեան վայրը:
- Բազմաթիւ ընտրութեան այլընտրանքներ կան ընտրութենէն առաջ և ընտրութեան օրը:
- Քուէարկութեան տեղեկութիւն մատչելի է բազմաթիւ լեզուներով:
- Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը հեռաձայնով թարգմանութեան ծառայութիւն կը տրամադրէ որպէսզի մարդիկ կարենան քուէարկել:
Աւստրալիոյ մէջ, անկախ մարմին մը կը ղեկավարէ ընտրական դրութիւնը: Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը կ’ապահովէ որ բոլոր իրաւունք ունեցող քաղաքացիներ հնարաւորութիւն ունենան քուէարկելու և կազմելու մեր դաշնային կառավարութիւնը:
Ստուգել ձեր ընտրատարածքը
Աւստրալիոյ մէջ 150 դաշնային ընտրական բաժանումներ կան: Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը առցանց հնարաւորութիւն կը տրամադրէ քուէարկողներուն որ ստուգեն թէ որ մէկ ընտրական տեղամասին մէջ կը բնակին: Գտնելու համար ձեր ընտրական տեղամասը այցելել՝ electorate.aec.gov.au
Գտնել ձեր ընտրական տեղամասը
Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը հազարաւոր ընտրական տեղամասեր կը կազմակերպէ: Ընտրութեան օրը, տեղական դպրոցներ, համայնքային կեդրոններ և եկեղեցիներու սրահներ ընդհանրապէս կը ձեւաւորուին որպէս ընտրական տեղամասեր:
“Ձեր ընտրական տեղամասը գտնելը շատ դիւրին է,” կ’ըսէ Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբի խօսնակ Ճես Լիլլի:
“Կրնաք ձեր թաղամասը և postcode դնել և մեր կայքը պիտի գտնէ թէ որոնք են ձեր շրջանի դեկնածուները և ուր՞ կրնաք քուէարկել:”
Քուէարկելու ամենադիւրին միջոցը ձեր տեղական ընտրատարածք այցելելն է ընտրութեան օրը, որ միշտ շաբաթ օր մը կ’ըլլայ:
Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբի շարժուն քուէարկութեան խումբերը կ’այցելեն մարդոց, որոնք կը գտնուին հաստատութիւններու մէջ, հիւանդանոցներու և բանտերու մէջ և նաեւ հեռաւոր համայքներ, ապահովելու համար որ ամէն անձ հնարաւորութիւն ունի քուէարկելու:

Election corflute signs are seen at the polling booth for the Werribee by-elections at Werribee in Melbourne. Source: AAP / DIEGO FEDELE/AAPIMAGE
Քուէարկել ձեր լեզուով
Ընտրատարածքներ և Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբի կայքը տեղեկութիւններ կը տրամադրեն բազմաթիւ լեզուներով:
Կրնայ մէկը ձեզի ընկերակցիլ եթէ օգնութեան կարիք ունիք: Հեռաձայնով թարգմանութեան ծառայութիւն մը նաեւ մատչելի է օգնելու մարդոց որ իրենց լեզուով քուէարկեն:
Քուէարկելու այլ միջոցներ
Վաղաժամ քուէարկութեան կեդրոնները կը բացուին ընտրութեան օրէն մի քանի շաբաթ առաջ:
Միջնահանգային և արտասահմանի քուէարկութիւն
Խնդիր չկայ եթէ կը ծրագրէք այլ նահանգ մը ճամբորդել: Կրնաք թղթատարական քուէարկութիւն կատարել կամ այցելել այլ նահանգի մը ընտրական տեղամասը:
Կրնաք նոյնիսկ քուէարկել եթէ արտասահման կը գտնուիք, արտասահմանի տեղեկացումի թերթիկներ մատչելի են Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբի կայքէն: Որոշ աւստրալիական դեսպանատուներ կը տրամադրեն նաեւ քուէարկութեան կեդրոններ:

A dog stands as voters cast their ballots at a polling station during a federal election in Sydney, Australia, on Saturday, May 18, 2019. Credit: Bloomberg/Bloomberg via Getty Images
Տեղեկատուական բաժանում
Քաղաքական կուսակցութիւններ և անկախներ տեղեկութիւններ կը բաժնեն ընտրական տեղամասերէն դուրս: Սակայն թոյլ մի տաք որ ձեզի մոլորեցնեն կ’ըսէ ընտրական վերլուծաբան Ուիլիամ Պոյի:
“Կուսակցութիւններ ընտրութեան օրը ‘ինչպէս՞ քուէարկել’ թերթիկներ կը բաժնեն ընտրական տեղամասերէն դուրս ձեզի առաջարկելով որ ձեր քուէաթերթիկը լեցնէք որոշ ձեւով: Պէտք չէ որ այդ ձեւով քուէարկէք: Պարզապէս առաջարկ մըն է:”
Քուէարկել
Երբ կը քուէարկէք, ձեզի պիտի տրուի երկու քուէարկութեան թերթիկներ, մէկը կանաչ և միւսը ճերմակ:
Կանաչ քուէաթերթիկ
Կանաչ քուէաթերթիկը, ձեր ընտրատարածքին մէջ մէկ անձի օգտին քուէարկելու համար է որպէսզի մտնէ Ներկայացուցչական Տուն կամ Խորհրդարանի Ցած Տունը:
Ներկայիս 150 աթոռներ կան Ներկայացուցչական Տան մէջ, ներկայացնելով իւրաքանչիւր ընտրատարածք: Կուսակցութիւնը որ աւելի շատ աթոռներ կը շահի Ներկայացուցչական Տան մէջ, կառավարութիւն կը կազմէ:
“Մինչ մարդիկ ընդհանրապէս կը մտածեն որ ընտրութիւնը ազգային ղեկավարի մը մասին է, ազգային ղեկավարը [Վարչապետը] այն կուսակցութեան ղեկավարը պիտի ըլլայ որ խորհրդարանին մէջ աւելի աթոռներ ունի, որով ուղղակի ղեկավարին համար պիտի չքուէարկէք,” կ’ըսէ Պարոն Պոյի:
Կանաչ ընտրութեան թերթիկով քուէարկելու ժամանակ, պէտք է նշել 1 ձեր նախընտրած դեկնածուին առջեւ, ապա 2 որպէս երկրորդ նախընտրութիւն և այսպէս մինչեւ որ բոլոր թեկնածուներուն առջեւ թիւ մը տեղադրուի:
Սպիտակ քուէաթերթիկ
Սպիտակ քուէաթերթիկը, Ծերակոյտին մէջ կամ Բարձրագոյն Տան մէջ 76 աթոռներէն մէկը ընտրելու համար է: Պիտի քուէարկէք ընտրելու համար ծերակուտական մը ձեր նահանգի կամ հողամասի մէջ, այդ պատճառով քուէարկութիւնը քիչ մը տարբեր է կը բացատրէ Պարոն Պոյի:
“Քուէարկութիւնը կրնայ բաւական պարզ ըլլալ:”
“Երկու ձեւ կայ քուէարկելու համար: Սալիկներ կան գիծէն վեր և սալիկներ կան գիծէն վար: Գիծէն վեր մէկ սալիկ կայ իւրաքանչիւր կուսակցութեան համար: Քուէարկելու ամենաարագ և ամենապարզ միջոցը ձեր վեց նախընտրած կուսակցութիւնները ընտրելն է և զանոնք թուարկել ձեր նախընտրութան կարգով, մէկէն մինչեւ վեց: Եթէ կը նախընտրէք ձեր նախընտրած թեկնածուին քուէ տալ, աւելի սալիկներ կրնաք թուարկել գիծէն վար: Եթէ գիծէն վար կը քուէարկէք, պէտք է նուազագոյնը 12 սալիկներու մէջ թիւ դնէք:”
Այս քուէարկութեան ձեւը կը կոչուի ‘նախընտրելի քուէարկութիւն’: Սալիկները թուարկելով ձեր նախընտրած կարգով, ձեր քուէն աւելի արժէք կ’ունենայ:
“Եթէ ձեր նախընտրած անձը որու թիւ 1 նշած էք, հաշիւէն դուրս կը մնայ, ձեր քուէն կ’անցնի ձեր երկրորդ նախընտրութեան և այսպէս մինչեւ որ ձեր քուէն տրամադրուի դեկնածուի մը,” Կ’ըսէ Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբի խօսնաք Էվըն-Էքին Սմիթ:

A ballot box is seen inside the voting centre at Collingwood in Melbourne, Saturday, October 14, 2023. Credit: CON CHRONIS/AAPIMAGE
Անպաշտօն քուէներ
Պէտք է ուշադրութեամբ հետեւիլ հրահանգներուն: Եթէ քուէաթերթիկը շիտակ լեցուած չէ, անվաւեր կը ճանչցուի:
Ինչ՞ կը պատահի եթէ չքուէարկէք
Քուէարկութիւնը պարտադիր է: Չքուէարկելու համար լուրջ պատճառներու ընդունումը կախեալ է Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբէն, որ պիտի քննէ անձի մը յատուկ պարագաները: Օրինակի համար, Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը կը հասկնայ որ որոշ մարդիկ, որոնք արտասահման կը գտնուին, պիտի չկարենան քուէարկել:
“Եթէ մէկը որ արձանագրուած է քուէարկելու համար և չի քուէարկէր, կրնայ տուգանուիլ,” կ’ըսէ Պարոն Էքին-Սմիթ:
“Եթէ իրական պատճառ ունիք, խնդիր չէ: Պարզապէս մեզի տեղեկացուցէք: Այլապէս $20 տոլարի տուգանք կը վճարէք: Եթէ պատասխան մը չստանանք, կրնաք դատարան վերջանալ $170 տոլար գումարով մը առաւել դատարանի ծախսերը:”
Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբի ապատեղեկատուութեան գրանցում
Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը անկախ և անկողմնակալ է և ընտրական գործընթացը ծայրաստիճան ամուր է:
Աւստրալիական Ընտրական Յանձնախումբը գործի դրաւ իր Ապատեղեկատուութեան Գրանցման Մատեանը, առաջքը առնելու համար, աւստրալիական ընտրական գործընթացի վերաբերեալ, մոլորեցնող և ապակողմնորոշող տեղեկութեան:
Subscribe or follow the Australia Explained podcast for more valuable information and tips about settling into your new life in Australia.
Do you have any questions or topic ideas? Send us an email to australiaexplained@sbs.com.au