ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
- Առաջին Ազգերու արուեստի գործերը բազմազան են և չեն սահմանափակուիր կէտաւոր նկարչութեամբ:
- Արուեստը միջոց մըն էր մշակութային պատմութիւնները, հոգեւոր հաւատքները և գիտելիքները փոխանցելու սերունդէ սերունդ և կը շարունակուի այսօր:
- Սոյն արուեստի գործերը կ’օգնեն արուեստագէտներուն որ կապուած մնան իրենց Երկրին հետ:
- Խորհրդանիշներու մեկնաբանութիւնը կախեալ է արուեստագէտէն որ զայն կ'օգտագործէ:
Առաջին Ազգերու արուեստի գործերը աշխարհի ամենահիներէն են և ունին հարուստ պատմութիւն և ամենահին ժայռի նկարչութիւնը 17,500 տարեկան է:
Այս արուեստի գործերը ծառայած են որպէս կենսական հաղորդակցութեան գործիքներ, որոնց միջոցով Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներ շարունակաբար փոխանցած են իրենց մշակութային պատմութիւնները, հոգեկան հաւատքները և իրենց հողի վերաբերեալ էական գիտելիքները:
Բնիկներու մշակոյթը հարուստ գործուածք մըն է, որ կ’ընդգրկէ տարբեր տեսակի արուեստի ոճեր և եղանակներ, որոնց իւրաքանչիւրը խոր կերպով արմատացած են Առաջին Ազգերու ժողովուրդներու անհատական Երկրին, մշակոյթին և համայնքին հետ:
Սակայն մարդիկ յաճախ սխալ պատկերացում ունին Ապօրիճին արուեստի վերաբերեալ, կը բացատրէ Մարիա Ուաթսըն-Թրատճէթ, Քուրի կին մը Ուիրատյուրի ժողովուրդէն:
Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ, Առաջին Ազգերու խորհրդատու մըն է և ինքնուս արուեստագէտ մը որ մեծ յաճոյքով կը կիսէ իր ապօրիճին մշակոյթը:
“Որոշ մարդիկ կանխակալ գաղափարներ ունին որ կէտերով նկարելը աւանդական է և Ապօրիճին արուեստի միակ տեսակը: Սակայն այս շիտակ չէ:
“Մեր աւանդական արուեստը աւելի շատ գործիքներու վրայ նշաններ կերտելն էր ճանաչումի համար, ծառերու վրայ փորագրելը նշելու համար արարողութիւններ և թաղումի վայրեր, կամ մարմնի ներկ օգտագործելը արարողութեան համար,” կ'ըսէ ան:
Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ կ’ըսէ որ կէտերով գծագրութիւնը առաջ եկաւ միայն 1970-ական թուականներուն Փափունիայէն, Արեւմտեան Անապատի արուեստի շարժումին հետ: Այս փոքր Ապօրիճին համայնքը կը գտնուի Ալիս Սփրինկզի հիւսիս-արեւմտեան կողմը: Այնտեղ էր որ ապօրիճին արուեստագէտներ սկսան տախտակներու վրայ նկարել իրենց աւանդական պատմութիւնները օգտագործելով ակրիլային ներկեր:
Ապօրիճին արուեստի շատ մը ոճեր կան որ արուեստագէտներ կ’օգտագործեն իրենց պատմութիւնները և մշակոյթները փոխանցելու համար: Ապօրիճին մշակոյթը որեւէ բան է որ Ապօրիճին անձ մը կը ներկէ որ զիրենք կը միացնէ իրենց Երկրին և մշակոյթին հետ, և կը ստեղծէ … կապի և պատկանելիութեան զգացում մը [իրենց համար]:Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ
Մշակոյթը Կիսել
Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ սկսաւ գեղանկարչութեամբ զբաղիլ 2009 թուականին հանգստանալու համար լիաժամ համալսարանական ուսումներէն: Սակայն շուտով եզրակացուց որ արուեստը աւելի մեծ նշանակութիւն ունի քան միայն “միտքը հանգստացնելը:”
Իմ պատմութիւնս այլ մարդոց հետ կիսելու մասին է, և իմ մշակոյթս կենդանի պահելու մասին է: Ինծի կ’օգնէ նաեւ որ կապուած մնամ Ապօրիճին մշակոյթին հետ, իմ Երկրիս հետ:Տիկին Ուաթսըն-Թրատճէթ
Արքէրիա Ռոզ Արմսթրոնկ, Կամիլարայ/Պիկապալ և Եօրթա Եօրթա արուեստագէտ մը, ջերմօրէն կը յիշէ իր մեծ հայրը և մայրը:
Անոր մեծ մայրը, Կամիլարայ երէց մը, շրջանի վերջին աւազով նկարիչներէն մէկն էր:
“Ան իր պատմութիւնները կը պատմէր նստած գետնին, աւազէ Երկրին մէջ, և պատմութիւններ կը պատմէր աւազին վրայ,” կը բացատրէ ան:
Այս պատմութիւնները, սերունդերով իրար փոխանցուած են, ներառեալ ստեղծագործութեան պատմութիւններ, կենդանիներ, աստղեր, և իր մեծ մօր անձնական փորձառութիւնները Երկրին մէջ մեծցած ժամանակ: Իւրաքանչիւր պատմութիւն իր ուրոյն դասերը ունէր, կ’ըսէ ան:

“Ան կը նկարագրէր իր ճամբորդութիւնը և իր պատմութիւնները արուեստի գործերու միջոցով:”
Տիկին Արմսթրոնկ իր արուեստը կը նկարագրէ որպէս "միահիւսումը իր երկու Երկիրներուն:”
Ան իր ներշնչումը կը ստանայ խորհրդանիշներէ և նկարաշարքերէ, որոնք իրեն փոխանցած է իր մեծ մայրը, մինչ իր մասնագիտական հմտութիւնները ազդուած են մեծ հօրմէ, որ նմանապէս արուեստագէտ մըն է:
Իր արուեստին միջոցով պատմութիւնները վերապատմելը, թոյլ կ’ուտայ Տիկին Արմսթրոնկի որ անդրադառնայ յարաբերութիւններու վրայ, որոնք կապուած են այդ պատմութիւններուն հետ, շատ մը յուզումներ յառաջացնելով - զգացում մը որ ան կը կիսէ իր աղջկան հետ:
Մշակոյթը շարունակելու համար, պէտք է տարածենք և պէտք է գործածենք մշակոյթը: Կիսելու համար մեր յաջորդ սերունդին հետ պէտք է ապահովենք որ այս խօսակցութիւնները կ’ունենանք անոնց հետ:Արքէրիա Ռոզ Արմսթրոնկ
Կապակցութիւն Մշակոյթին հետ
Տաւինտըր Հարթ արուեստագէտ մըն է և անոր ընտանեկան արմատները Արեւմտեան Աւստրալիոյ Նունկար Երկրէն են: Ան իր մանկութիւնը անցուցած է Ատըլայտի մէջ, աւելի ուշ վերամիանալէ առաջ իր մշակոյթին հետ Նիու Սաութ Ուելսի Նիմպա Երկրին մէջ:
Պարոն Հարթ զգալի մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է իր մանկութեան ժամանակաշրջանին, դպրոցը լքելով 16 տարեկանին, դժուարանալով գործ գտնել և պայքարելով թմրանիւթերու չարաշահումին դէմ:
Սակայն իր հօրեղբայրներու և եղբայրներու օգնութեամբ և առաջնորդութեամբ, կրցած է իր կեանքը վերափոխել և վերամիանալ իր մշակոյթին հետ, որ յաճախ կ’արտացոլայ իր արուեստին մէջ:
“Ես փախտաւոր էի որ հանդիպեցայ իմ հօրեղբայրներուս և եղբայրներուս հետ, որոնք ինծի սորվեցուցին պատմութիւններ Երկրի մասին, և այդ պատմութիւնները կը սորվեցնեն քեզի թէ ինչպէս պէտք է վարուիս … դրական լոյսի տակ, կ’ըսէ ան:”
Պարոն Հարթի համար, արուեստը միայն պատմութիւններ փոխանցելու միջոց մը չէ յաջորդ սերունդին, այլ բուժումի միջոց մըն է իրեն համար:

Մաս կազմել կիսուած պատմուածքին
Տիկին Ուաթսըն կը բացատրէ որ Առաջին Ազգերը կրնան ներառել զանազան խորհրդանիշներ իրենց գործին մէջ, որոնցմէ ոմանք յատուկ են իրենց Երկրին, ինչպէս կենդանիներու հետքերը:
Մինչ որոշ խորհրդանիշներ համընդհանուր են, ուրիշներ կրնան տարբեր նշանակութիւններ ունենալ տարբեր արուեստագէտներու համար:
“Խորհրդանիշներու մեկնաբանութիւնը կախեալ է զանոնք գործածող արուեստագէտներէն: Երբեք չ’ենթադրել որ խորհրդանիշներ կրնան նոյն բանը նշանակել տարբեր արուեստագէտներու համար,” կ’ըսէ ան:
Տիկին Armstrong կ’ըսէ որ խօսակցութիւնը կարելի է սկսիլ հարցեր տալով թէ արուեստը ինչ պատմութիւն կը պատմէ:
“Ով՞ է այդ Առաջին Ազգերու անձը: Ինչ՞ են այդ երկիրները և ինչի՞ կը նմանին: Երբ կը սկսիք այս հարցումները ընել կը սկսիք տեսնել և զգալ այդ մարդը,” կ'ըսէ ան:
“Իմ արուեստի գործը ներկայացնելու իմ նախընտրելի ձեւերէն մէկը ցուցահանդէսներն են, որով կարելի է նստիլ և երկար խօսակցութիւններ ունենալ մարդոց հետ արուեստի գործի վերաբերեալ:”
“Պարզապէս անկեղծ եղէք, մի վախնաք հարցումներ հարցնելու,” կ'ըսէ Պարոն Հարթ:





