“Կորսուած սուրիական անապատին մէջ, տեսաւ հազարաւոր ծարաւէն սատկած ագռաւներ, մտածեց այս պիտի ըլլայ մեր վերջը”

Levon Parian Source: Levon Parian
Հարցազրոյց Լեւոն Բարեանի հետ: Լեւոն, արհեստավարժ լուսանկարիչ է և խմբագիր և կը բնակի Լոս Անճելըս Միացեալ Նահանգներ: Ան Լեւոն Եօթնեղբարեանի թոռնիկն է, որ 1909 թուականին կը մտնէ Օսմանական բանակին մէջ ծառայելու հեծելազօրին մէջ, սակայն Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն, գիտակցելով, որ թրքական կառավարութիւնը կը ոչնչացնէ հայ ժողովուրդը, կը փախի Տէր Զօր՝ իր կյանքի հիմնական առաքելությունը դարձնելով ցեղասպանութենէն վերապրածները և որբացած երեխաները փրկելը և անոնց հոգ տանիլը։ Այս շաբաթ, Լեւոն Բարեան ներկայ պիտի գտնուի իր մեծ հօր յուշերուն վրայ հիմնուած նոյնանուն՝ «Անապատի Ագռաւները՝ “Crows of the Desert” ֆիլմի առաջին ցուցադրութեան Աւստրալիոյ մէջ, Հայկական Ֆիլմերու Փառատօնի ծիրէն ներս Սիտնի: Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Կիրակի 19 Օգոստոսին, ժամը 5-ին:
Share


