Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Իվան Այվազովսքիի (Յովհաննէս Այվազեան) ծննդեան 200ամեակին առիթով, կը ներկայացնենք հարցազրոյց մը Փրոֆէսօր Անտրիու Միլլըրի հետ, Նիու Սաութ Ուելս նահանգի Ուոլլոնկոնկ քաղաքէն: Ան իր մայրական կողմէ Յովհաննէս Այվազովսկիի սերունդէն է: Իր մեծ մայրը պատմած է իրեն իր նշանաւոր մեծ հօր մասին: Հարցազրոյցի նիւթն է իր ընտանեկան կապը նշանաւոր ծովանկարիչին հետ:
Share



