HALO Trust միջազգային կազմակերպութիւն մըն է հիմնուած 1988 թուականին Պրիթանիայի մէջ: Կազմակերպութիւնը կը վերացնէ պատերազմի հետքերը յատկապէս ականները և չպայթած ռումբերը: 20 տարի է արդէն որ կազմակերպութիւնը կը գործէ նաեւ Արցախի մէջ մաքրելով դաշտերը և լեռները ականներէ և չպայթած ռումբերէ: Այժմ լսենք հարցազրոյց աւստրալիացի Կրէկ Բոլսըն-ի հետ, որ ներկայիս կը կարգաւորէ չպայթած ռումբերու աշխատանքները Արցախի տարածքին:
Share




