Մինչ հրդեհներու եղանակը կրկին կը մօտենայ Աւստրալիոյ մէջ, իշխանութիւններ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկեցին թէ ինչպէս կը գնահատուի հրդեհի վտանգը և պատկան մարմիններ կը հաղորդակցին հանրութեան հետ: Առաջին անգամը ըլլալով, երկրի տարածքին նոր միասնական Հրդեհի Վտանգի Գնահատումի Դրութիւն մը ուժի մէջ մտաւ Սեպտեմբեր 1-էն, օգնելու բնակչութեան և իշխանութիւններուն, որ աւելի լաւ արձագանքեն արտակարգ իրավիճակներու:
Share





