Հայկական Ֆիլմերու Փառատօնը, յաջող սկզբնաւորութենէ ետք Մելպըրնի մէջ, այս շաբաթ պիտի բացուի Սիտնիի մէջ: Սպասուած վաւերագրական ֆիլմերէն մէկն է Անի Յովհաննէսեանի Թագուն Քարտէսը ֆիլմը: Սոյն հարցազրոյցին մէջ, Աւստրալիա ժամանելէն առաջ, Անի կը խօսի պատմական Հայաստան իր այցի և աւերուած մշակութային մեր ժառանգութեան մասին:
Share




