ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏԵՐ
- Հողը անբաժանելի մասն է Առաջին Ժողովուրդներու մարդոց, կազմելով իրենց ինքնութիւնը և պատկանելիութեան զգացումը:
- Կապը առաջ կ’ուգայ պատմութիւններէն որոնք սերունդներէ փոխանցուած են:
- Մէկը պէտք է այցելէ սուրբ տեղեր միայն այդ տեղի գիտակցութեամբ և նշանակութեամբ
Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներ Աւստրալիա բնակած են նուազագոյնը 60,000 տարիներ, յարմարելով փոփոխուող բնութեան:
Աունթի Տէյտրի Մարթին, Ուալպանկա կին մըն է Եուին Ազգեն, և յարգուած երեց մըն է: Ան նաեւ Ապօրիճին յայտնաբերումի անտառապահ մըն է Ազգային Զբօսայգիներու և Կենդանի Բնութեան Ծառայութեան մօտ Նիու Սաութ Ուելսի Տարէուլ Քանթրի շրջանին մէջ:
Աունթի Տէյտրիի համաձայն, հողը միաւոր մը չէ որ կարելի է ունենալ այլ իր անբաժանելի մէկ մասն է որ պէտք է յարգուի և խնամուի:
Մենք չենք կրնար և երբեք պիտի չկարենանք սեփականատէրը ըլլալ հողին: Մենք պարտականութիւն ունինք պաշտպանելու հողը: Մեր հողն է որ մեզի կը տրամադրէ ուտելիք, ջուր, պատսպարան և այլ աներաժեշտութիւններ:Aunty Deidre Martin
“Հողը եզրոյթ մըն է, բայց կը հոսի մեր երակներուն մէջէն: Մեր առաջին շունչն է և մեր վերջինը պիտի ըլլայ,” կ’ըսէ ան:

Աունթի Տէյտրի Մարթին կ’ըսէ որ կապը այնքան խոր է որ իր հողի մօտիկութիւնը բաւարար է պատկանելիութեան զգացում յառաջացնելու համար:
“Երբ Սիտնիէն տուն կը ճամբորդեմ, հազիւ կը հասնիմ Քիամայի դարձուածքը, վարը ծովափը կը նայիմ և պատկանելիութեան զգացումը զիս կը համակէ, և ես կը մտածեմ… տունն եմ,” կ’աւելցնէ ան:
Տեզմընտ Քէմպըլ, հպարտ Կուրինճի և Ալաուա-Նալաքան մարդ մըն է Հիւսիսային Հողամասէն, ան նման զգացումներ կ’արտայայտէ երբ իր հողը կը վերադառնայ:
Ան Գործադիր Տնօրէնն է Սիտնիի մէջ կեդրոնատեղին ունեցող Welcome to Country կազմակերպութեան: Ան, կ’ըսէ որ փշաքաղութիւն կը զգայ միայն մտածելով որ կը գտնուի իր Երկրին մէջ:
“Հակառակ որ մենք մշտապէս այնտեղ չմեծցանք, կը թուի թէ այնտեղ էինք միայն երեկ: Իսկապէս ընտանի է մեզի համար: Ապահով կը զգամ,” կը բացատրէ Պարոն Քէմպըլ:
Մինչ կապը իր Երկրին հետ կը մնայ անխախտ հակառակ հեռաւորութեան, Պարոն Քէմպըլ կը շեշտէ իր պապենական հողերը կանոնաւոր վերադառնալու կարեւորութիւնը, ոչ միայն իր մշակոյթով և լեզուով զբաղելու համար այլ նաեւ խոր հոգեկան կապին համար որ ինք կը զգայ:
“Զիս կը գոհացնէ, հոգիս կը լեցնէ: Թոյլ կ’ուտայ ինծի որ ապրիմ Սիտնիի պէս տեղ մը և աշխատիմ կազմակերպութեան մը համար ինչպէս Welcome to County … Պէտք է պահպանեմ մշակոյթս և լեզուս և ունենամ այդ անկեղծութիւնը: Ես կրնամ այդ ընել միայն տուն երթալով ժամանակ առ ժամանակ,” կ’ըսէ ան:
Պատմութիւններ հողի մասին
Կապը առաջ կ’ուգայ պատմութիւններէն որոնք առաջ եկած են սերունդներէ, կը բացատրէ Պարոն Քէմպըլ:
Ան կ’աւելցնէ որ կախեալ թէ որ մէկ հողէն մէկը կ’ուգայ, պատմութիւնները, հոգիները, և կապերը բոլորն ալ կը տարբերին:
“Իմ Կուրինճի կողմը, որ հօրս կողմն է, անապատ Երկիր է: Կենդանիները տարբեր են, եղանակները տարբեր են, ուրեմն պատմութիւնները եւս տարբեր էին (իմ մօրս կողմէն):
Պարոն Քէմպըլ կ’ըսէ որ այս պատմութիւնները միահիւսուած էին հողի մասին գիտելիքներու և դասերու հետ, օրինակ երբ և ինչ որսալ և սխալ եղանակին կրակի հետ խաղալու հետեւանքները:
Պրէտլի Հարտի հպարտ Նկեմպա, Ուալարայ, Քումա և Քամիլարոյ մարդ մըն է և ժամանակակից պահապանը Brewarrina Aboriginal Fish Traps (Baiame’s Ngunnhu), ձուկի թակարդներուն, որոնք կը գտնուին Barwon գետի եզերքը:
Ան գետը կը նկարագրէ որպէս իր “արիւնը և ինքնութեան հաստատումը:”
Պարոն Հարտի կը շարունակէ պատմութիւններ պատմել իր հողի մասին, աշխատելով որպէս տեղական առաջնորդը Brewarrina Aboriginal Cultural Museum թանգարանին:
Ան կ’ըսէ որ պատմութիւնները պէտք է կենդանի պահէ փոխանցելով յաջորդ սերունդին:
“Շրջապտոյտը երբեք իմ մասին չէ, այլ իմ նախնիները պատուելու համար է, կիսելով երիտասարդներուն հետ և հարթակ մը տեղադրելով երիտասարդներուն համար որ կիսեն մեր պատմութիւնները աշխարհին հետ, և մեր պարտականութիւնն է այդ ընելը,” կը բացատրէ Պարոն Հարտի:

Հասկնալ սուրբ տեղերը
Ձուկերու թակարդները Պրեուարրինայի մէջ կը ճանչցուին որպէս աշխարհի ամենահին մարդոց ձեռքով կառուցուածքներէն մէկը, թակարդները կը բաղկանան քառերէ որոնք յատուկէն տեղադրուած են ձկնորսութեան համար, կը բացատրէ Պարոն Հարտի:
Վայր մըն է ուր տարբեր ցեղախումբեր կը հաւաքուէին:
Սուրբ վայր մըն է, պէտք է փորձենք պաշտպանել զայն: Գլխաւորաբար մեր ժողովուրդին համար է: Մեր գլխաւոր պարտականութիւնն է մարդոց, մեր երիտասարդներուն և աշխարհին իմացնել այդ յատուկ տեղերու մասին:Bradley Hardy
Աունթի Տէյտրի նաեւ կը մատնանշէ կարեւորութիւնը գիտնալու սուրբ վայրերու մասին այդ վայրերը այցելելէ առաջ:
“Այդ վայրերը պէտք է այցելել պատմութիւնը ուսումնասիրելէ ետք, ինչպէս օրինակ մարդոց և կանանց վայրերը,” կը բացատրէ ան:

Սուրբ վայրերը Առաջին Ազգերու համար տարբեր են և զգալիօրէն կը տարբերին կախեալ Ազգէն: Մինչ որոշ վայրեր սուրբ կրնան ըլլալ մարդոց և կանանց համար, ուրիշներ աւելի սեռային-յատուկ կրնան ըլլալ, ծիսակատարողութիւններով կամ յատուկ նշանակութեամբ, կ’ըսէ ան:
Աունթի Տէյտրի կ’ըսէ որ իր պարտականութիւնն է կրթել համայնքը այս սուրբ վայրերու մասին, և իսկապէս հաճոյք կ’առնէ կիսելով իր գիտցածը այցելուներու հետ:
Կարեւոր է մօտենալ Բնիկներու սուրբ տեղերուն յարգանքով և խորհուրդ ստանալ տեղական Բնիկ համայնքներէն կամ հողի խորհուրդներէն:
“Անկախ այն հանգամանքէն եթէ ձուկի թակարդ մըն է կամ այլ պատմութիւններ տարբեր մասերու մէջ, կ’ուզենք որ մարդիկ երթան և իմանան մեր պատմութեան ճշմարտութիւնը,” կը բացատրէ Պարոն Հարտի:






