Կարեւոր Կէտեր
- Այս պատերազմները կարելի եղաւ միայն ճանչնալ “Ոչ Ոքի Երկիր” յայտարարութիւնը պաշտօնապէս և օրինական կերպով առարկելէ և տապալելէ ետք 1990ական թուականներու սկզբնաւորութեան, որ կը ճանչցուի որպէս Մապօ որոշում:
- Աւստրալիական պատերազմները տեղի ունեցան երկրի տարածքին, 1788 թուականի առաջին նաւատորմիղի ժամանումէն մինչեւ 1930-ական թուականներու կէսը:
- Գաղութային արձանագրութիւնները և հնագիտական ապացոյցները, որոնք երեւան հանուած են մասնագէտներու կողմէ, ցոյց կ’ուտան հակամարտութեան սարսափելի մակարդակը:
Բովանդակութեան զգուշացում: Սոյն յօդուածը և դրուագը կը պարունակեն տեղեկութիւններ բռնութիւններու վերաբերեալ, որոնք կրնան վշտացնել որոշ մարդիկ:
Երբ Նաւապետ Քուք առաջին անգամ ժամանեց ծովափը և ընդարձակ հողատարածքը որ այժմ Աւստրալիա կը կոչենք, ան հռչակեց “Terra Nullius” “Ոչ Ոքի Երկիր”: Սակայն իրականութեան մէջ, կղզի մայրցամաքը տունն էր հարիւրաւոր տարբեր Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի ժողովուրդներու և ցեղախումբերու: Հարիւր հազարաւոր Բնիկ ժողովուրդներու, որոնք իսկոյն “հպատակ” նկատուեցան Պրիթանական թագաւորութեան:
Այս պատճառ դարձաւ Սահմանային Պատերազմներու, Բնիկ ժողովուրդներու և նորաբնակներու միջեւ արիւնալի բախումներու, որու հետեւանքով հիմնադրուեցաւ Աւստրալիան: Սակայն այս զարհուրելի պատմութիւնը միայն հիմա սկսած է ճանչցուիլ:
Ֆիլմ արտադրող Ռէյջըլ Բըրքինզ, Արրենդէ և Քալքատուն կին մըն է եւրոպական ծագումով: 2022 թուականին ան ֆիլմաշարք մը թողարկեց որ կը մանրամասնէ թէ Բնիկ ժողովուրդներ ինչ տեսակ պայքար մղած են պաշտպանելու համար իրենց հողերը պրիթանացի նորաբնակներէն:
Ասոնք պատերազմներն էին որոնք տեղի ունեցան Աւստրալիոյ մէջ, և պատերազմներն էին որոնք կազմեցին արդի Աւստրալիական պետութիւնը:Ռէյջըլ Բըրքինզ, ֆիլմ արտադրող:
Հակառակ այն իրողութեան որ աւստրալիական պատերազմները տեղի ունեցան երկրի տարածքին, 1788 թուականի առաջին նաւատորմիղի ժամանումէն մինչեւ 1930-ական թուականներու կէսը, այս հակամարտութիւնները չէին դասաւանդուէր դպրոցներուն մէջ կամ նոյնիսկ չէին ընդունուէր որպէս պատերազմ մինչեւ 20րդ դարու վերջաւորութեան:
Փրոֆէսօր Հէնրի Ռէյնոլտս Աւստրալիոյ ամենայարգուած պատմաբաններէն մէկն է և պատերազմի մասնագէտ մը: Երբ ան սկսաւ պատմութիւն դասաւանդել 1966 թուականին, գրեթէ նշում չկար Ապօրիճին ժողովուրդի վերաբերեալ պատմութեան գիրքերուն մէջ:
“Միայն երկու անգամ անցողակի նշում կար Ապօրիճիններու վերաբերեալ, և նոյնիսկ նշուած չէր ցուցակին մէջ,” կ’ըսէ ան:
Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս կ’ըսէ որ մասամբ պատճառը այն էր որ Սահմանային Պատերազմները 20րդ դարու կէսերուն իրական չափերով պատերազմ չէին նկատուէր այլ հակամարտութիւն մը բարդիզանական պատերազմի նման:
“Տեսակէտը այն էր որ շատ փոքր էր և տարածուած որպէսզի պատերազմ նկատուէր: Համազգեստներ չկային, ոչ ալ համաչափ քալող զինուորներ … Երբեք մեծ զօրախումբեր և դասական առումով ճակատամարտեր չկային, սակայն հակառակ ասոնց, յստակօրէն պատերազմի տեսակ մըն էր:”
Պատմաբան Տոքթ. Նիքոլաս Քլեմընս, այլ մասնագէտ մը Աւստրալիական Սահմանային Պատերազմներու, համաձայն է: Ան կ’ըսէ որ այս սխալ պատկերացումը առաջին և երկրորդ համաշխարհային պատերազմներն են, որ փոխեց պատերազմներու ընկալումը:
Սակայն, նման մեծ տարողութեան պատերազմները անսովոր են մարդկութեան պատմութեան մէջ:
“Այն ժամանակ գիտէին որ պատերազմ է: Գաղութային բոլոր փաստաթուղթերը դէպքերը կը կոչէին պատերազմ, սակայն 20րդ և 21րդ դարերուն, այդ իրողութենէն հեռացանք: Կը կարծեմ նաեւ որ կան քաղաքական դրդապատճառներ թէ ինչու բազմաթիւ մարդիկ չեն կրնար դէպքերը որպէս պատերազմ ճանչնալ,” կը բացատրէ Տոքթ. Քլեմընս:
Այս քաղաքական պատճառները առաջ կուգան օրինական հակասութենէ մը Terra Nullius “Ոչ Ոքի Երկիր” և պրիթանական օրէնքէն: Ապօրիճին մարդիկ Թագաւորութեան հպատակ հռչակուած էին, այսպէս, Կայսրութիւնը «պաշտօնապէս չէր կրնար պատերազմ հռչակել ...եթէ ընէին, պիտի նշանակէր որ պատերազմ կը հռչակեն իրենց քաղաքացիներուն դէմ,” կ'ըսէ Ռէյջըլ Բըրքինզ:
“Սակայն, պրիթանացիներ ռազմական ուժ գործածեցին ապահովելու համար որ իրենց գրաւումը յաջող էր,” կ'աւելցնէ ան:

Մապօ և ‘Ոչ Ոքի Երկիր'ի յեղաշրջում
Աւստրալիական Պատերազմները կարելի էր միայն ճանչնալ “Ոչ Ոքի Երկիր” հռչակումը պաշտօնապէս և օրինական կերպով առարկելէ և տապալելէ ետք, 1990ական թուականներու սկզբնաւորութեան, որ կը ճանչցուի որպէս Մապօ որոշում:
“Մինչեւ այս ժամանակ, տեսակէտը այն էր որ Ապօրիճիններ հողի տէրը չէին, ուրեմն կռիւը չէր կրնար ըլլալ հողի հսկողութեան համար որովհետեւ որեւէ օրինական իրաւունք չ'ունէին հողին: 1992 թուականէն և այդ որոշումէն ետք, պատերազմի բնութիւնը պէտք է փոխուէր որովհետեւ յստակօրէն պատերազմը միշտ հողի վերահսկողութեան վերաբերեալ եղած էր” կ’ըսէ Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս:
Տոքթ. Քլէմընս կ’ըսէ որ Պրիթանական Կայսրութիւնը չկրցաւ ճանչնալ որ Աւստրալիոյ մէջ հողը կը պատկանէր Բնիկներուն, և այս պատմական արտառոցութիւն մըն է:
“Պրիթանական գաղութատիրութեան հիմին կար թերի սկզբունք մը: Հակառակ այն բոլոր երկիրները որ Պրիթանիան գաղութացուց, անոնք չճանչցան Բնիկ տէրերու ինքնիշխանութիւնը այստեղ Աւստրալիոյ մէջ: Այս պատճառով, դաշինքներ չկային, բանակցելու փորձեր չեղան տեղացի մարդոց հետ և մինչեւ օրս կը դժուարանանք օրինական տեսակէտէ հասկնալու թէ որոնք են իրենց իրաւունքները հողին վերաբերեալ:”
Եւ բանակցելու այս ձախողումն է որ առաջնորդեց արիւնահեղութեան:
Գաղութատիրական արձանագրութիւնները և հնագիտական ապացոյցները, որոնք երեւան հանուած են մասնագէտներու կողմէ, ցոյց կ’ուտան հակամարտութեան սարսափելի մակարդակը:
Միայն Աւստրալիոյ Ազգային Թանգարանի պահեստին մէջ կան 400-է աւելի Ապօրիճին նախնիներու մասունքները, որոնցմէ շատերը ցոյց կ'ուտան մահ որու պատճառը մահապատիժն էր, գլխատումը և ջարդը:
Ռէյջըլ Բըրքինզ կ’ըսէ որ վերապրողներու ժառանգները միշտ պիտի յիշեն:
A lot of Aboriginal people have been the vessels for carrying with history. Aboriginal people have handed down the stories of what happened to them, to us, in our families. So, I grew up knowing about the massacre of my people in Queensland and I knew about the violent rape of my great grandmother, etc.Rachel Perkins, Filmmaker.
Սեւ Պատերազմը
Թազմանիայի Սեւ Պատերազմը (1824-1831), Աւստրալիոյ պատմութեան ամենաբուռն սահմանային պայքարն էր:
Աւստրալիական Պատերազմներ շարքին մէջ, Ռէյջըլ Բըրքինզ կը բացատրէ որ “Սեւ Պատերազմներու ժամանակ, աւելի թազմանիացիներ սպաննուեցան քան թազմանիացիներ կեանքերնին կորսնցուցին Քորէայի, Մալէզիայի, Ինտոնէզիայի, Վիեթնամի պատերազմներուն և խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ համատեղ:”
Տոքթ. Նիքոլաս Քլեմընս կ’ըսէ որ բռնութեան աստիճանը երկու կողմէն այնքան ուժգին էր որ գաղութատիրական իշխանութիւնները և նորաբնակներէն “սարսափած” էին:
“Ապօրիճին դիմադրութիւնը շշմեցուցիչ էր: Գաղութային շրջանակին մէջ, ամէն մարդ գիտէր մէկը որ սպաննուած կամ վիրաւորուած էր Ապօրիճին ժողովուրդին կողմէ, կամ իրենց ագարակները հրկիզուած էին: Սահմռկեցուցիչ էր,” կ'ըսէ ան:
Արդարեւ խոհուն մարդիկ կը մտածէին լքել գաղութը:Տոքթ. Նիքոլաս Քլեմընս, աւստրալիացի պատմաբան:
Սակայն ի վերջոյ եւրոպացիները գերիշխեցին: Անոնք գրեթէ ոչնչացուցին բնիկ թազմանիացիները:
Հակամարտութիւնը սաստկացաւ սեռային բռնութեան պատճառով:
“Բռնութեան պատճառը սեռային բռնութիւնն էր” կ’ըսէ Տոքթ. Քլեմընս:
Ապօրիճին կանանց կազմակերպուած բռնաբարումը և առեւանգումը այնքան հասարակ էր, որ որոշ պատմաբաններ որոշ Ապօրիճին ազգերու վերապրումը կը վերագրեն սեռային ոտնձգութիւններուն:

Պայքարիլ կրակը կրակով
Աւստրալիոյ շատ մը շրջաններուն մէջ, ճնշելու համար Ապօրիճին դիմադրութիւնը, գաղութարարներ ստեղծեցին Բնիկ Ոստիկաններ, մարզուած ռազմականացուած ուժ մը որ կը գործածուէր սարսափեցնելու համար, կը բացատրէ Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս:
“Կը հաւաքագրէին բնիկ զինուորներ և կ’օգտագործէին որպէս ռազմական ուժ: Անտարակոյս այս գլխաւոր ուժն էր որ կոտրեց Ապօրիճին դիմադրութիւնը,” կ’ըսէ Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս:
Մարդոց կը տրամադրէին համազգեստներ, զէնքեր և ձիեր: Տոքթ. Քլեմընս կը հաւատայ որ անոնց վրայ կը ներազդէին սպիտակ սպաները, որոնք զանոնք կ’օգտագործէին իրենց աւանդական Ապօրիճին գիտելիքներուն համար ինչպէս նաեւ անտառային շրջաններու մէջ իրենց ձիրքերուն համար:
“Միայն Քուինզլանտի մէջ բնիկ ոստիկանութեան պատճառած զոհերը տասնեակ հազարաւոր էին: Կ’ենթադրուի որ 60-էն 80,000 է որ բացարձակ ցնցիչ է,” կ’ըսէ ան:
Բոլոր այս պատմութիւննեըը Ռէյջըլ Բըրքինզ պէտք է որ դիմագրաւէր “Աւստրալիական Պատերազմներ” վաւերագրական հաղորդաշարի պատրաստութեան ժամանակ:
“Ձայնագրութիւն մը գտայ որ մեծ մայրս կատարած էր խօսելով իր մօր ընտանիքի մասին որ ջարդուած էր, որ նախապէս լսած չէի և նախապէս պատահած այդ վայրը չէի եղած մինչեւ որ վաւերագրական ֆիլմը պատրաստեցի,” կ’ըսէ ան:
Տոքթ Քլեմընս, որու նախնիները նորաբնակներ էին, կը հաւատայ որ բոլոր աւստրալիացիները պէտք է յաղթահարեն ամօթի զգացումը և լոյս սփռեն անցեալի անարդարութիւններուն վրայ:
“Անկախ այն հանգամանքէն թէ մէկու մը նախնիները մաս կազմած էին կամ ոչ, բոլորս ալ ժառանգորդներն ենք Ապօրիճիններու հողին, որ գողցուած հող է: Նուազագոյնը, բոլորս դեր ունինք կատարելիք բացայայտելով այս պատմութիւնը, համաձայնութեան գալու այս պատմութեան հետ և դեր խաղալու դրական ապագայի մը համար:”

Ինչու՞ այս պատմութիւնը չի յիշատակուիր
Փրոֆէսօր Ռէյնոլտս կը հաւատայ որ Աւստրալիա, երկիր մը որ կը յարգէ իր զոհուած զինուորները իր բազմաթիւ պատերազմի յուշակոթողներով, պէտք է բացայայտօրէն ճանչնայ այն իրողութիւնը որ Սահմանային Պատերազմները տեղի ունեցած են և լի էին մարդկութեան դէմ ոճրային արարքներով:
Ռէյջըլ Բըրքինզ կ’ըսէ որ “Աւստրալիա եզակի այն վայրերէն է աշխարհի մէջ ուր գաղութատէրեր չլքեցին:”
Գաղութատէրեր կամ նորաբնակները, որոնք եկան իրենց հետ, իշխանութեան վրայ մնացին, ուրեմն կը կարծեմ որ աւելի դժուար կը դարձնէ երկրին համար որ ճանչնայ և նշէ անոնց որոնք երկիրը պաշտպանեցին որովհետեւ գաղութային գրաւող ուժը տակաւին լքած չէ:Ռէյջըլ Բըրքինզ ֆիլմ արտադրող:
Տոքթ. Քլեմընս կը հաւատայ որ ‘որպէսզի չմոռնանք’, նախադասութիւնը որ սովորաբար կը գործածուի պատուելու համար աւստրալիացի զոհուած զինուորները, պէտք է տարածել նաեւ այն ռազմիկներուն վրայ որոնք պատերազմեցան պրիթանացի գաղութարարներու դէմ:
Աւստրալիական Պատերազմները կրնաք դիտել SBS On Demand կայքէն և մատչելի է հինգ լեզուներով. պարզեցուած չինարէն, արաբերէն, աւանդական չինարէն, վիեթնամերէն և քորէերէն: Հաղորդաշարը նաեւ մատչելի է ձայնային նկարագրութիւններով և ենթավերնագիրներով կոյր կամ տեսողութեան խնդիրներ ունեցող անձերուն համար:
This content was first published in September 2022.





