Գլխաւոր կէտեր
- Բնիկներու Ձայն Խորհրդարանին մէջ հանրաքուէն որոշիչ ‘Ոչ’ արդիւնք տուաւ:
- Վեց նահանգներ և Հիւսիսային Հողամասը արձանագրեցին ‘Ոչ’ քուէ մը, մինչ ACT 'Այո' քուէարկեց:
- Վարչապետ Էնթընի Ալպանեզէ քաջալերեց աւստրալիացիները որ համախմբուին:
Աւստրալիացիներ մերժեցին առաջարկ մը Սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու համար Բնիկներու Ձայն մը Խորհրդարանին մէջ:
'Ոչ' քուէ մը արձանագրուեցաւ բոլոր վեց նահանգներուն մէջ և Հիւսիսային Հողամասին մէջ Շաբաթ օրուայ պատմական հանրաքուի ժամանակ:
'Ոչ' քուէն մեծամասնութիւն արձանագրեց նաեւ ընդհանուր ազգային հաշիւով:
Australian Capital Territory միակ իրաւասութիւնն էր որ մեծամասնութեամբ 'Այո' քուէ մը արձանագրեց:
Հիասթափուած վարչապետ Էնթընի Ալպանեզէ պնդեց որ արդիւնքը "մեզ չի բնորոշէր և մեզ պիտի չբաժնէ":
"Այժմ ժամանակն է որ բոլորս համախմբուինք և տարբեր միջոց մը գտնենք նոյն հաշտութեան նպատակին համար" ըսաւ վարչապետը:

Ընդդիմութեան ղեկավար Փիթըր Տաթթըն ժողովուրդին կոչ ուղղեց որ միանան, հանրաքուէն նկարագրելով որպէս վարժանք մը "որու Աւստրալիա կարիքը չ'ունէր":
"Առաջարկը և գործընթացը պէտք է ծրագրուէր այնպէս մը որ միացնէր աւստրալիացիները ոչ թէ մեզ բաժնէր" ըսաւ ան:

Որոշ բնիկ աւստրալիացիներ "մէկ շաբաթ լռութիւն" պիտի պահեն քուէարկութեան հետեւանքով, մինչ ուրիշներ արդէն կը քննարկեն թէ յաջորդ քայլը ինչ պիտի ըլլայ:
Բնիկ աւստրալիացիներու նախարար և 'Այո' տեսակէտի պաշտպան Լինտա Պըրնի ըսաւ որ վստահ է որ թարմացուած Բնիկ ղեկավարներու նոր սերունդ մը առաջ պիտի գայ քուէարկութեան հետեւանքով:
Հանրածանօթ 'Ոչ' քարոզարշաւի կողմնակից Նիունկկայ Ուարրըն Մանտին ըսաւ որ արդիւնքը ցոյց կ'ուտայ որ աւստրալիացիներ "կ'ուզեն որ գործեր իրագործուին որոնք կը վերաբերին Բնիկ համայնքներու հարցերուն":
"Մարդիկ պէտք է դադրին անտեսելէ բռնութիւնը, չարաշահումը, հարկադրական հսկողութիւնը և կործանիչ վարուելակերպը, որոնք տեղի կ'ունենան որոշ Բնիկ համայնքներու մէջ" ըսաւ ան:
Տեղեկացուած մնացէք 2023 թուականի Խորհրդարանին մէջ Բնիկներու Ձայնի հանրաքուէէն, ներառեալ Բնիկներու տեսակէտներէն NITV-ի միջոցով:
Այցելէ SBS Voice Referendum portal
Յօդուածներու, տեսաերիզներու և ներբեռնելի ռատիօ ծրագիրներու համար 60-է աւելի լեզուներով, կամ ներբեռնել վերջին լուրերը և վերլուծութիւնները և վաւերագրական ֆիլմերը յետեւեալ կայքէն Voice Referendum hub on SBS On Demand:
