SBS կը ճանչնայ Աւստրալիոյ ապորիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզիաբնակ ժողովուրդները որպէս երկրի աւանդական սեփականատէրեր և անոնց շարունակական կապը հողի, ջուրերու և համայնքի հետ։
«Advance Australia Fair» երգի բնագիր տաղը գրուած է 1878 թուականին աւստրալիացի դպրոցի ուսուցիչ և երգահան Փիթըր Տոտս Մաքքորմիքի կողմէ։ Երգը որպէս Աւստրալիոյ Ազգային Քայլերգ հաստատուած է 1984 թուականի Ապրիլ 19-ին։
2021 թուականին Քայլերգի երկրորդ տողի բառերը «երիտասարդ և ազատ»-էն փոխարինուեցան «մէկ և ազատ»-ով՝ արտացոլալու համար ներառականութիւնը։
Քայլերգը կը հնչէ պաշտօնական արարողութիւններու, մարզական մրցումներու և այլ համայնքային միջոցառումներու ժամանակ։
Աւստրալիոյ Ազգային Քայլերգի քնարերգութիւնը Աւստրալիացիներ բոլորս հրճուինք,
Որովհետեւ մենք մէկ ենք եւ ազատ.
Մենք ունինք ոսկիէ հող եւ հարստութիւն աշխատանքով;
Մեր տունը շրջափակուած է ծովով;
Մեր երկիրը հարուստ է բնութեան պարգեւներով
Գեղեցկութեամբ հարուստ եւ հազուագիւտ;
Պատմութեան էջին մէջ, թող իւրաքանչիւր փուլ
Յառաջացնէ Աւստրալիան Արժանապէս:
Հրճուալից հնչիւններով ապա եկէք երգենք՝
Յառաջացուր Աւստրալիան Արժանապէս։
Մեր պայծառ Հարաւային Խաչին ներքեւ
Մենք կ’աշխատինք սիրտերով եւ ձեռքերով.
Որպէսզի մեր այս Հասարակապետութիւնը դարձնենք
Յայտնի բոլոր երկիրներէն;
Անոնց համար, որոնք եկած են անցնելով ծովերը
Մենք ունինք անսահման հարթավայրեր կիսելու;
Քաջութեամբ եկէք բոլորս միաւորուինք
Յառաջացնելու Աւստրալիան Արժանապէս
Հրճուալից հնչիւններով ապա եկէք երգենք՝
Յառաջացուր Աւստրալիան Արժանապէս։
- Credit: Don Arnold/Getty Images
Աւստրալիոյ Քաղաքացիութեան Ուխտը
1949 թուականէն ի վեր աւելի քան վեց միլիոն մարդ քաղաքացի դարձած է պաշտօնական պարգեւատրումի միջոցով։
Քաղաքացիութեան շնորհման արարողութիւնները կը կազմակերպուին քաղաքապետարաններու կողմէ, այդ թիւին՝ Սեպտեմբեր 17-ին նշուող Աւստրալիոյ Քաղաքացիութեան Օրը։
Արարողութեան ժամանակ կը հնչէ Աւստրալիոյ Ազգային Քայլերգը, եւ մարդիկ երդում կը կատարեն ստանձնելու Աւստրալիոյ Քաղաքացիութեան պարտականութիւնները։
Կան երդումի երկու տարբերակներ, որոնցմէ մէկը կը նշէ Աստուած։
Երդումի տարբերակ 1
Այս պահէն սկսած, Աստուծոյ կամքով,
Ես հաւատարմութիւն կը յայտնեմ Աւստրալիոյ և անոր ժողովուրդին,
որու ժողովրդավարական գաղափարները կը կիսեմ,
որու իրաւունքներն ու ազատութիւնները կը յարգեմ, և
որու օրէնքները ես կը պահպանեմ և կը հնազանդիմ։
Երդում տարբերակ 2
Այս պահէն սկսած,
ես հաւատարմութիւն կը յայտնեմ Աւստրալիոյ և անոր ժողովուրդին,
որու ժողովրդավարական գաղափարները կը կիսեմ,
որու իրաւունքներն ու ազատութիւնները կը յարգեմ, և
որու օրէնքները կը պահպանեմ և կը հնազանդիմ։
Կարդացէք և լսեցէք Աւստրալիոյ Ազգային Քայլերգը և քաղաքացիութեան երդումը ձեր լեզուով